«Ես եկայ, որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան» Յովհաննու 10:10
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր տարի մեզ կը հրաւիրէ խոկալու եւ ծրագրելու մեր հայկական կեանքերը յուզող շատ մը իրականութիւններու մասին։ Այս իմաստով 2026 տարին ան հռչակեց «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգումի տարի», ինչ որ շատ կարեւոր եւ հրամայական նիւթ-մտահոգութիւն է։ Պիտի չուզէինք առանձնացնել այս տարուան բնաբանը նախորդ տարիներու բոլոր մտահոգութիւններէն, բայց պիտի յանդգնինք ըսելու, թէ «հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը» այժմէական, հրատապ իրականութիւն է։
Չ՛ուշանար վեհափառ հայրապետի բացատրութիւնը. «Պարագայական որոշում մը չէ սա, այլ հրամայական անհրաժեշտութիւն մը ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային կարեւորութեան նահանջին»։ Վեհափառ հայրապետը կը գիտակցի այս «նահանջին»։ Այսօր մեր համահայկական իրավիճակը կը պարզէ այս «նահանջ»-ը։ Վեհափառ հայրապետը քաջ կը գիտակցի, թէ «քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդը ֆիզիքականէն անդին ու վեր, հոգեւոր գոյութիւն է՝ Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած»։ Ֆիզիքականէն անդին մարդուն արժեւորումը հոգեւորի ինքնութեամբ կեանք է, որ մարդը, իմա՛՝ հայը, պարտի ապրիլ աշխարհի մէջ եւ որ զինք կը տանի յաւիտենականութեան։
Հաւատքի հասկացողութիւնը կարելի չէ անջատել ազգի ու հաւաքականութեան ընկերամշակութային եւ պատմաքաղաքական իրականութիւններէն։ Հաւատքը կ՛արտայայտուի եւ կ՛արտայայտէ ազգ-հաւաքականութեան մը կեանքի ինքնութիւնը։ «Հաւատքը ինքզինք կ՛արտայայտէ տուեալ մշակոյթին ճամբով, եւ մշակոյթը քրիստոնէական նկարագիր կը ստանայ հաւատքի ազդու ներկայութեամբ», կ՛ըսէ վեհափառ հայրապետը։ Եթէ հաւատքը կը մտնէ հաւաքական կեանքին մէջ, այդ կու տայ ինքնութիւն, բայց երբեք չի նսեմացներ կամ չի տարանջատեր զայն։
Հաւատքը կը զօրացնէ հաւաքականութիւնը եւ կու տայ ուժ ու նոր թափ։ Հաւաքականութեան մաս կազմող եկեղեցական համայնքները իրենց հոգեւոր կեանքը կ՛արտայայտեն տարբեր «շեշտաւորումներով», բայց հիմքը կը մնայ նոյնը։ «Երկնային արժէքներու հաւատարմութիւնն է՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը կ՛ապրինք «լեցուն կեանք»-ի մը մէջէն, որ մեզի շնորհուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, երբ Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «Ես եկայ, որ կեանք ունենաք եւ ա՛լ աւելին»։ «Ա՛լ Աւելին» լեցուն կեանքն է, որ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով կը բացատրուի ապաշխարութեան հասկացողութեան ընդմէջէն։
Քրիսոտնէական աստուածաբանութեան հիմքը ապաշխարութիւնն է՝ նոր կեանքը, որ Քրիստոս մեզի շնորհեց, երբ խաչին վրայ մահացաւ, բայց յարութիւն առնելով ստեղծեց նորը։ Մարդը, նոյնքան նաեւ հայը, կը ստանայ այս նորը, երբ ապաշխարութեան միջոցով Աստուծոյ ներկայութիւնը կը դարձնէ ապրուած կեանքի հիմքը։ Ապաշխարութիւնը «բողոքական» վարդապետական ուսուցմունք մը չէ։ «Եթէ մարդ մը նորէն չծնի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել» (Յովհաննու 3:3)։ Նորէն ծնիլը ուրիշ բացատրութիւն չունի, եթէ ոչ ապաշխարութիւն։ Ապաշխարութիւնը ապրող իրականութիւն է, որ մարդուն կեանքը կը վերածէ «լեցուն կեանք»-ի իրականութեան։
Ապաշխարութիւնը ինքնաճանաչման եւ հոգեկան մաքրագործման կարեւորագոյն ճանապարհներէն մէկն է։ Այդ միայն մեղքերու խոստովանութիւն չէ, այլ՝ մարդու ներքին աշխարհին մէջ կատարուող խոր փոփոխութիւն, որ կը սկսի խղճի ձայնը լսելով եւ կը հասնի Աստուծոյ հետ վերանորոգուած յարաբերութեան։ Ապաշխարել կը նշանակէ կանգ առնել, անկեղծօրէն նայիլ սեփական կեանքին եւ գիտակցիլ այն սխալ քայլերուն, որոնք հեռացուցած են մարդը բարոյական եւ հոգեւոր ճշմարտութենէն։ Ապաշխարութեամբ մարդը կը վերստեղծուի՝ կը ծնի, «հաշտուելով» Աստուծոյ հետ եւ նոր կեանքի մէջ քալելու վճռակամութեամբ։ Վեհափառ հայրապետը կը բնութագրէ այս իրականութիւնը հոգեւոր կեանքի իր բացատրութեան ընդմէջէն՝ իբրեւ «կեանքի որակ, որուն առանցքը Քրիստոս ինքն է՝ իր ուսուցմունքները, հրաշքներէն եկող պատգամները, իր խաչն ու յարութիւնը»։
Եկեղեցական աւանդութեան մէջ ապաշխարութիւնը նաեւ համայնքային երես ունի։ Թէեւ այդ խորապէս անձնական փորձառութիւն մըն է, սակայն կը կապէ մարդը եկեղեցիին ամբողջ մարմնին հետ։ Խոստովանութեան միջոցով հաւատացեալը կը զգայ, որ մինակ չէ իր պայքարներուն մէջ, այլ՝ մաս կը կազմէ միասնութեան մը, ուր աղօթքը, խորհուրդը եւ սիրոյ ներկայութիւնը փոխադարձաբար կը զօրացնեն բոլորը։ «Հոգեւոր կեանքը եկեղեցիէն անջատուած անձնակեդրոն կեանք չէ, հոգեւոր ու բարոյական արժէքները եկեղեցիէն դուրս ապրելու իւրայատուկ եղանակ մը չէ. այլ՝ եկեղեցւոյ համայնական կեանքի շրջագիծէն ներս, հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է», կ՛ըսէ վեհափառ հայրապետը։
Եկեղեցական խորհուրդներու շրջանակին մէջ ապաշխարութիւնը ունի խոր բնոյթ։ Խոստովանութեան խորհուրդը հաւատացեալը կը միացնէ Քրիստոսի խաչին եւ յարութեան խորհուրդին։ Մեղքի խոստովանութիւնը մահ է՝ հին մարդուն համար, իսկ ներման շնորհը՝ նոր կեանքի յարութիւն Քրիստոսի մէջ։ Ապաշխարութիւնը մասնակցութիւն մըն է փրկագործական իրադարձութեան, որ իրականացաւ Գողգոթայի վրայ, բայց կը շարունակուի եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Վեհափառ հայրապետը կը շեշտէ այս իրականութիւնը. «Հոգեւոր կեանքը հաւատացեալի եւ հոգեւորի միջեւ տարբերութիւն տեսնող կեանք չէ, առաջինը նկատելով՝ եկեղեցւոյ դաւանանքին ու աւանդութիւններուն հետեւող, երկրորդը՝ իր հոգեւոր կեանքը ինք ստեղծող։ Նման անջատում ճիշդ չէ։ Միւս կողմէ, եկեղեցւոյ պատկանիլը բնական ընթացքով հոգեւոր չի դարձներ ենթական։ Հոգեւոր կեանքը, եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին մէջ հոգեւոր արժէքներու ապրուած կեանք է»։
Կեանքի ընթացքին մարդը բազմիցս կը կանգնի բարիի եւ չարի խաչմերուկին վրայ։ Ապաշխարութեան հոգին կենդանի պահելով ան կը սորվի միշտ վերադառնալ ճշմարիտին, նորոգուիլ սիրոյ մէջ եւ աւելի լուսաւոր կերպով ապրիլ իր հաւատքը իր շրջապատին մէջ։ «Հոգեւոր կեանքը Աստուծոյ շնորհքով փրկութեան հրաւիրուած ըլլալու կեանք է եւ փրկութեան ճանապարհէն հաւատքով ու հաւատարմութեամբ քալելու յանձնառութիւն է՝ միշտ զգուշ ըլլալով չհեռանալու փրկութեան ճամբէն (Եբր 2:1)», կը հաստատէ վեհափառ հայրապետը։ Ապաշխարող մարդը արդէն իսկ կը սկսի ապրիլ այս կեանքը աշխարհի մէջ, որ իր ամբողջական իրագործումը պիտի գտնէ Աստուծոյ յաւիտենական ներկայութեան մէջ։ Այսպէս, ապաշխարութիւնը կը դառնայ ոչ թէ տխրութեան, այլ՝ յոյսի, լոյսի եւ վերածնունդի կեանք։ «Հոգեւոր կեանքը հաւատքով թրծուած ու յոյսով զօրացած կեանք է» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ)։
Ապաշխարութիւնը մարդը եւ հաւաքականութիւնը կը զետեղէ «լեցուն կեանք»-ի իրականութեան մէջ։ Այս «լեցուն կեանք»-ը կը սորվինք Աստուածաշունչի միջոցով։ Վեհափառ հայրապետը կը շեշտէ. «Աստուածաշունչը անանջատելի մասը պէտք է կազմէ մեր կեանքին»։ Եթէ անհրաժեշտ է, որ կարդանք Աստուածաշունչը, նոյնքան եւ աւելի «հրամայական է ապրիլ Աստուածաշունչի պատգամը՝ զայն դարձնելով ուղեցոյցը մեր մտածումներուն, գործերուն ու ապրելակերպին» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ)։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը պէտք է դարձնել մեր ազգային համապարփակ դաստիարակութեան անբաժան մասնիկը։ Վեհափառ հայրապետը կը գիտակցի, երբ կ՚ընդգծէ. «Ազգայինը դարձած է տիրական՝ ի հեճուկս հոգեւորին»։ Ան նաեւ կը շեշտէ «հոգեւոր արժէքներուն կենսական կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս՝ որպէս աղբիւրը մեր բարոյական, մշակութային, կրթական ու ազգային արժէքներուն»։
Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրները այսօր չեն պարփակուիր միայն քաղաքական, ռազմական եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու մէջ։ Հայ ժողովուրդը այսօր նոյնքան նաեւ կ՛ապրի հոգեւոր կեանքի տագնապ եւ կը նահանջէ իր հոգեւոր արժէքներու գիտակցութեան մէջ։ Վեհափառ հայրապետը կը զգաստացնէ մեզ բոլորս, երբ կը դնէ իւրաքանչիւրս այս մեծ իրականութեան դէմ յանդիման՝ 2026 տարին հռչակելով «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգումի տարի»։
Հոգեւորը պարտինք վերականգնել եւ վերապրիլ։ Պիտի տքնինք դարձեալ կերտելու ու հասնելու «լեցուն կեանք»-ի իրականութեան։ Անհատական, ընտանեկան, հաւաքական ու ազգային մեր կեանքերը պարտինք լիցքաւորել «լեցուն»-ի գիտակցութեամբ։ Այս այն «լեցուն կեանք»-ն է, որ «աւելի»-ն է։
Այս «լեցուն» եւ «աւելի» կեանքով է, որ հայը պիտի դնենք պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ։
Յունուար 2026
Կիպրոս



