Ապու Տապիի մէջ, Թոլիաթիի Աքրոն ֆութպոլի խումբը բարեկամական մրցում մը ունեցաւ ռուսական այլ խումբի մը` Ռոտինա Մոսկուա 2 խումբին դէմ եւ 2-0 արդիւնքով յաղթեց:
Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտկար Սեւիկեան, որ Աքրոնի հետ կը մասնակցի մարզական հաւաքին, մեծ քառակուսիի դուրսէն սքանչելի հարուածով նշանակեց Աքրոնի երկրորդ կոլը 37-րդ վայրկեանին: Սեւիկեան 23-րդ վայրկեանին էսիսթ մը կատարած էր Քափէ Վերտէի յառաջապահ Պենշիմոլի, որ նշանակած էր Աքրոնի առաջին կոլը:
Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի 18 մրցումներէն ետք, Աքրոն ձեռք ձգած է 21 կէտ եւ կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը: Սեւիկեան մասնակցած է 14 մրցումներու եւ կատարած մէկ էսիսթ:


