Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը Բ. խմբակին գծով իր վերջին մրցումը կատարեց եւ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց հիւրընկալ երկիր Լիթուանիոյ ազգային խումբին հետ:
Ռուբէն Նազարէթեանի մարզած խումբին համար այս արդիւնքը այդքան ալ կարեւոր չէր, մանաւանդ որ 2 յաջորդական յաղթանակներէ ետք Հայաստան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահոված էր քառորդ աւարտականի իր տոմսը իր առաջին Եուրոյին (Եւրոպայի ախոյեանութիւն):
Հակառակ այս բոլորին, մրցումը ծայր աստիճան հետաքրքրական եղաւ: Առաջին կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք ուր Դենիս Նեւետրով եւ Ռէյմարիս (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Հայաստանի կոլերը, Պարանաոսքաս կոլով մը պահասխանեց: Վլատիմիր Սանոսեան արդիւնքը 3-1-ի բարձրացուց` ի նպաստ Հայաստանի, բայց Պարանաոսքաս անգամ մը եւս նշանակեց: Նեւետրով վայրկեան մը ետք առիթ ունէր փենալթիով 4-2-ի բարձրացնել արդիւնքը, բայց ձախողեցաւ նշանակել, մինչ Վասիլիուս նշանակեց Լիթուանիոյ 3-րդ կոլը:
Հայաստան 7 կէտերով գրաւեց խմբակի առաջին դիրքը, մինչ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Ուքրանիա գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Քառորդ աւարտականին Հայաստան պիտի մրցի Խրուաթիոյ դէմ, իսկ Ուքրանիա` Ֆրանսայի:
Հայաստանի ազգային խումբը աշխարհի 23-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Խրուաթիա` 14-րդ: Ուքրանիա 8-րդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ Ֆրանսա` 10-րդ:


