Երէկ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը 96-82 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թատամոն Հարաժելը:
Ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի այս մրցումը սպասուածին նման եղաւ միակողմանի, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ Բ. մասին դաշտ ներկայացուց իր պահեստի տղաքը, երբ առաջին մասին 29-21 արդիւնքով յառաջացած էր խումբը: Հարաժելի խումբը օգտուեցաւ ասկէ եւ 25-11 արդիւնքով կիսախաղ մտաւ 6 կէտի առաւելութեամբ (40-46): 3-րդ մասին աւելի լուրջ էր մրցումը, եւ ՀՄԸՄ իր հիմնական խումբով 32-14 արդիւնքով յառաջացաւ եւ 12 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգեց (72-60): Վերջին մասին ալ արդիւնքը նոյն վիճակը ունէր, եւ վերջին երկու վայրկեաններուն զուտ լիբանանցիներով ՀՄԸՄ փակեց մրցումը 96-82 արդիւնքով: Թայլըր Պէյ 28 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, եւ Ճորտըն Սթիվընզի նման տապըլ տապըլ իրագործեց: Ճորտըն 12 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց: Կապրիէլ Աճէմեան (15 կէտ), Ազիզ Ապտել Մասիհ (13 կէտ), Խալիտ Թոմաս (13 կէտ), Այզաք Այյուպի (8 կէտ), Փիթըր Տեքերմէնճեան (4 կէտ), Թանիոս Աքիքի (3 կէտ), Սէրուժ Աւետիսեան եւ Քարիմ Սալամ մասնակցեցան այս մրցումին:
Յառաջիկայ երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 16:45-ին ՀՄԸՄ պիտի կատարէ իր յաջորդ մրցումը` Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ:


