Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիսմակէս. Ո՞վ Ես Դուն, Իտա Քար (1908-1974)

January 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Աշխարհահռչակ այս հայ արուեստագիտուհիին կեանքը նորավէպի մը նման կը կադացուի, մինչ իր լուսանկարները խորապէս կը տպաւորեն դիտողը իրենց ոչ միայն մասնագիտական-թեքնիք հմտութեամբ, այլ նաեւ` դիտանկիւնի անսովորութեամբ:

Եթէ ասոնց միացնենք իր հմայքը, որուն շնորհիւ կրցած է օրուան գրեթէ բոլոր գրագէտներն ու արուեստագէտները որպէս բնորդ ունենալ, պիտի հասկնանք, թէ ինչո՛ւ ինք ռահվիրայ մը կը նկատուի այս արուեստին:

Բայց ո՞վ է Իտա Քար, որուն անունը այսօր մոռցուած է. քիչեր կը յիշեն զինք եւ իր այս ներդրումը համեմատաբար նոր արուեստին մէջ:

1960 թուականին Լոնտոնի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ամբողջ ցուցահանդէս մը կը նուիրուի մէկ լուսանկարչուհիի գործերուն, «Ուայթչափըլ կալըրի»-ին մէջ (Whitechapel Art Gallery), մեծ յաջողութիւն ապահովելով Իտա Քարի, որուն առիթով Բրիտանական հեռարձակման միութիւնը (British Broadcasting Corporation) վաւերագրական ժապաւէն մը կը պատրաստէ գլխաւոր հարցադրումով` «Արուե՞ստ է լուսանկարչութիւնը»: 22 մարտ 1960-ին բացուած այս ցուցահանդէսը կ՛ունենայ այցելուներու աննախադէպ հոսք մը, 10 հազար այցելուներ կու գան դիտելու Իտա Քարի դիմանկարները:

Կը հանդիպինք Լոնտոնի իր արուեստանոցին մէջ` լայն ու լուսաւոր տարածք մը, որուն երկու պատերը ծածկուած են գիրքերով, մնացեալ պատերը նկարներով, գետինները` քանդակներ, բազմոցներ…

Կը սպասենք սուրճին` զրուցելով:

Ես.- Ո՞վ ես դուն, Իտա Քար:

Իտա Քար.- Ե՞ս. կարծեցի գիտես… Ես լուսանկարչուհի Իտա Քարամեանն եմ, կամ` Քարամանեանը, ծներ եմ 1908-ին Թամպով (Ռուսաստան), փոքր քաղաք մը, ընտանիքիս հետ ապրեր եմ Պարսկաստան, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Անգլիա…

Ե.- Իսկական թափառական հայ: Կրնա՞նք քեզ հայ համարել:

ԻՔ.- Կրնա՛ք, ինչո՞ւ չէ:

Ե.- Ինչպէ՞ս հռչակաւոր դարձեր ես:

ԻՔ.- Առաջինն էի, որուն լուսանկարները` որպէս արուեստի գործ, ցուցադրուեցան անհատական ցուցահանդէսով մը, երբ մարդիկ տակաւին հարց կու տային` արուե՞ստ է լուսանկարչութիւնը…

Ե.- Ամուսնացե՞ր ես:

ԻՔ.- Երկու անգամ. մէկը եգիպտացի էր` Էտմոն Պիլալի, երկրորդը անգլիացի` Վիքթոր Մասկրէյվ: Երկուքին հետ ալ անգլերէն կը խօսէի:

Ե.- Օտարները մի՛շտ ալ հմայիչ եղեր են մեզի համար, այդպէ՞ս է:

ԻՔ.- Կրնայ ըլլալ. բայց պահ մը երեւակայէ` ծներ եմ Թամպով, Մոսկուայէն աւելի քան 400 քմ հիւսիս, ուր հայութիւն գրեթէ չկար. ապրեր եմ Պարսկաստան, ուր հեռու էինք հայկական գաղութէն, արդէն պարսկահայերը շատ ալ չէին սիրեր ռուսահայերը, յետոյ` Եգիպտոս, յետոյ Փարիզ ուսանեցայ… Երբե՛ք հայկական շրջանակի մէջ չեմ ապրած:

Ե.- Իսկ ձեր տան մէջ հայ ոգիի մասին խօսք չկա՞ր:

ԻՔ.- Հայ ոգի՞… ռուսերէն եւ ֆրանսերէն կը խօսէինք տան մէջ. հայութիւնը մեր արմատն էր, որուն չէինք անդրադառնար, այնքան ալ կարեւոր չէր թուեր: Յետոյ` այնքան զբաղած էինք, ես գոնէ` նախ ուսումով… Փարիզ գացի իբր թէ բժշկութիւն ուսանելու, բայց տարուեցայ երկու պատերազմներուն միջեւ Փարիզի մէջ ծաղկած արուեստի մթնոլորտով… Ե՞րբ մտածէի հայ ոգի ըսուածին մասին:

Ե.- Կը կարծե՞ս, որ ատիկա օգնեց արուեստի ասպարէզիդ մէջ:

ԻՔ.- Ի՞նչը օգնեց:

Ե.- Անունդ` Իտա Քար…

ԻՔ.- Արուեստագէտի յարմար, երաժշտական անուն է, չէ՞…

Ե.- Մտածե՞ր ես, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ, եթէ պահէիր Քարամեանը անունիդ կողքին:

ԻՔ.- Չեմ մտածեր, ո՛չ, բայց ի՞նչ պիտի ըլլար… Պիտի ըլլար այն, ինչ որ հիմա եղած է արդէն` մոռացում:

Ե.- Երբեք խղճի խայթ չե՞ս ունեցած արմատներդ մոռնալուդ համար:

ԻՔ.- Արուեստս ինք կը յուշէ հայութիւնս:

Ե.- Ինչպէ՞ս, երբ անունիդ «եան»-ն իսկ չկայ: Տեղ մը քեզ ռուս կը կոչեն, այլ տեղ` անգլիացի… ո՛չ մէկ տեղ ըսուած է, որ հայ ես:

ԻՔ.- Շատ կարեւոր չեն այս բոլորը, արուե՛ստն է միայն, որ կը մնայ:

Ե.- Միտքէդ պիտի անցնէ՞ր Հայաստան երթալ, մանաւանդ` 1957-ին, եթէ պատուէր չունենայիր «Օպզըրվըր» հանդէսէն:

ԻՔ.- Կարծեմ… ո՛չ. զբաղած էի, եւ այդ շրջագայութիւնս ձեւով մը աշխատանք էր: Խորհրդային Միութեան մէջ ամէն բան շատ հետաքրքրական էր ինծի համար, իսկ երբ Հայաստան այցելեցի…

Ե.- Մարտիրոս Սարեանը դիմանկարդ նկարեց, Նիկողոս Նիկողոսեան քանդակեց քեզ, Սուրէն Ստեփանեան երգիծանկար մը նուիրեց քեզի… Ընդհանրապէս դո՛ւն է որ լուսանկարեր ես նշանաւոր դէմքեր` գրագէտ-բանաստեղծ-նկարիչ եւ այլք: Ի՞նչ զգացիր քեզի շռայլուած այդ ուշադրութեան հանդէպ:

ԻՔ.- Գիտե՞ս, այդ պահերուն փոխանակ ուրախ եւ շոյուած զգալու, այլ մտածում մը սկսաւ կրծել զիս` այս մարդիկը արուե՞ստս է, որ կը գնահատէին, թէ՞ հայութիւնս..

Ե.- Ճիշդ է, որ Մարտիրոս Սարեան մեծ արուեստագէտ է, բայց նոյնքան մեծ հայրենասէր մը եղած է. հաւանաբար այդ երկուքին միաձուլումն է, որ գնահատեր է մէջդ:

ԻՔ.- Բայց ես իր հասկցած ձեւով, կամ ընդհանրապէս հայրենասէր չէի, նոր է, որ կը ծանօթանայի Հայաստանին եւ հայութեան… Մեծ գոհունակութեամբ լուսանկարեցի Աւետիք Իսահակեանը, Մարտիրոս Սարեանը…

Ինծի՞ կը թուի, թէ իրապէ՛ս ափսոսանքի նման ապրում մը կը շղարշէ` դէմքը, աչքերը, էութիւնը բոլոր: Կ՛անցնիմ այլ հարցումի:

Ե.- Ինչպէ՞ս կրցած ես համոզել մեծերը, որ բնորդ դառնան քեզի համար:

ԻՔ.- Թերեւս` անոր համար, որ ե՛ս կ՛երթայի իրենց եւ զիրենք կը նկարէի իրե՛նց գրասենեակին կամ արուեստանոցին մէջ` հանգիստ, ընտանի մթնոլորտ ապահովելով: Գիտես, որ Փարիզը արուեստի մայրաքաղաքն էր այն օրերուն եւ բոլորը հոն էին: Այդպէս է, որ այցելեր եմ` անգլիացի բանաստեղծ Թ. Ս. Էլիըթին, ամերիկացի գրագէտ Սոմըրսեթ Մոոմին, լուսանկարիչ Մէն Ռէյին, քանդակագործ Ալպերթօ Ճիաքոմեթթին, ռուս երաժիշտ Տմիթրի Շոսթաքովիչի, ֆրանսացի աշխարհահռչակ ճարտարապետ լը Քորպուզիէի, ռուս գրագէտ Իլիա Էրընպըրկի, Մարք Շակալի եւ շատ ուրիշներու:

Ե.- Իսկ Քուպայի նախագահ Ֆիտել Քասթրո՞ն` Fidel Alejandro Castro Ruz, նաեւ զինք լուսանկարեր ես, չէ՞:

ԻՔ.- 1964-ի յունուարին էր. պետութեան կողմէ հրաւիրուեր էի յեղափոխութեան 5-րդ տարեդարձը վաւերագրելու համար. հինգ շաբաթ մնացի եւ լուսանկարեցի ո՛չ միայն փողոցի կեանքը, Քուպայի արուեստագէտներն ու գրագէտները, այլ նաեւ նախագահը` Ֆիտել Քասթրոն, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

Ե.- Յետոյ ի՞նչ եղան այդ նկարները:

ԻՔ.- Հաւաքածոյ մը կազմեցին` «Քուպական թղթապանակ»-ս, որմէ ետք ըսին, թէ մեծ գործ չեմ ըրած: Բայց ամէն ըսուածին հաւատալու չէ… Բայց ինչո՞ւ են այս բոլոր մանրակրկիտ հարցումները:

Ե.- Անկեղծօրէն մենք` հայերս, երբ հռչակաւոր անձի մը մէջ հայութեան նշոյլ գտնենք, անպայման կ՛ուզենք յայտարարել` գիտէ՞ք, այսինչը հայ է… Նոյնիսկ Լէյտի Տիի արմատներու խորութեան մէջ հայու ծիներ տեսեր ենք… Բայց ի՞նչ իմաստ ունին այդ նշոյլները, երբ անձը ինք չի գիտեր, կամ չ՛ընդունիր իր հայութիւնը…

Հիմա, որ գտեր եմ զինք եւ կը փորձեմ իր կեանքն ու գործը հասկնալ, կը մտածեմ նաեւ` կորսնցուցե՞ր ենք զինք, թէ՞ շահեր ենք իր արուեստը: Դժբախտաբար սակայն ո՛չ ինք, ո՛չ իր արուեստը առնչութիւն ունին հայութեան հետ` հակառակ Հայաստան առնուած իր բազմաթիւ նկարներուն: Եւ ի վերջոյ, պէ՞տք է զինք որպէս հայ արուեստագէտ նկատի առնենք, թէ՞ ոչ:

Վստահ եմ` քանի՜ քանի արուեստագէտներ կորսնցուցեր ենք այսպէս: Բայց կորուստը, մերը ըլլալէ աւելի, իրե՛նց կորուստն է, որովհետեւ հայ ըլլալը արուեստագէտ ըլլալու չափ իւրայատուկ երեւոյթ է…

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (26 Յունուար 2026)

Յաջորդը

Քրիստափորեան Փիլիսոփայութիւնը (1). Երկաթեայ Իրապաշտութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.