Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 24, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ այցելեց Պաապտայի Պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Պըրրի պալատէն հեռանալու ընթացքին բաւարարուեցաւ նշելով. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումներս միշտ ալ հոյակապ են»:

Ըստ «Նաշրա»-ի տեղեկութեան, հանդիպումի ընթացքին «տարակարծութիւններ չկային, այլ համամտութիւն, թէ շրջանային ու միջազգային ճգնաժամերու լոյսին տակ երկխօսութիւնն ու քաղաքացիական խաղաղութեան ամրապնդումը Լիբանանին ու գերիշխանութեան երաշխիքներն են»:

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց 27, 28 եւ 29 յունուարին լիագումար նիստի` քննարկելու եւ վաւերացնելու համար պետական ամավարկը:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Մէկէ աւելի պաշտօնատարներ տեղեկացուեցան, թէ անհրաժեշտ է պատրաստուիլ յստակ պատասխաներ տալու Լիբանանի հարցի յառաջ մղման Թրամփի սպասուող առաջարկներուն, որոնք կը գտնուին Լիբանանի` Իսրայէլի հետ քաղաքական բանակցութիւններ վարելու ճամբով Կազայի մէջ «խաղաղութեան» մթնոլորտէն օգտուելու խորագիրին տակ»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսա աշխատանք տարաւ նախապէս ջնջուելէն ետք լիբանանեան բանակի հրամանատարին Ուաշինկթըն այցելութեան նոր թուական ճշդելու, եւ այս թղթածրարը առաջին պահէն անոր ձեռքն էր եւ Պէյրութ-Ուաշինկթըն գիծի վրայ կը գտնուէր անոր մնայուն հսկողութեան տակ»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Պէյրութ տեղեկացաւ Իսրայէլի յստակ պահանջները` Լիբանանի հետ անմիջական, բարձր մակարդակի քաղաքական բանակցութիւններ վարել «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ծիրէն դուրս եւ ֆրանսական որեւէ մասնակցութենէ հեռու, եւ հանդիպումները պէտք է կայանան ամերիկեան հովանիի տակ` երրորդ երկրի մը մէջ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն մագլցումը պէտք է ծառայէ իբրեւ խթան` ներքին ճակատը ամրապնդելու ընդդէմ անխուսափելի վտանգներուն եւ բոլոր կողմերը մղելու` պատասխանատուութեան եւ իմաստութեան բարձրագոյն մակարդակ ցուցաբերելու»:

. ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրները «Մուտուն»-ին. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական դիրքորոշումը հիմնուած է բոլոր կողմերուն, ներառեալ Հըզպալլայի նկատմամբ դրական ընկալման վրայ` նկատի ունենալով, որ ան քաղաքական ձեւաչափին մէկ մասն է եւ օրինականութիւն կը վայելէ, ինչպէս նաեւ ներկայ օրինագիծին լոյսին տակ ընտրութիւնները իւրաքանչիւր կողմի շահերուն ենթակայ են»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի բացառիկ տեղեկութիւններուն համաձայն, «ընտրութիւններու նիւթը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ղեկավարութեան մակարդակի կամ թեքնիք մակարդակի հանդիպումներու եւ երկխօսութեան առանցքը կը կազմէ, մանաւանդ երբ Ֆնէյշին կուսակցութեան կողմէ պարտականութիւն տրուեցաւ այս թղթածրարով զբաղելու»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Մուտու»-ին. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Մար Մխայէլի փոխհասկացողութենէն ետք հիմնուած յարաբերութիւնները կայունութեան, ինչպէս նաեւ տարակարծութեան ժամանակներ ապրեցան, սակայն խզումի չհասան, նոյնիսկ Կազայի թիկունք կանգնելու ճակատամարտի ընթացքին, որուն մէջ տարակարծութիւնը յստակօրէն երեւան եկաւ»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 9000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.335.000 լ.ո.-ի եւ 1.375.000 լ.ո.-ի: Մազութին գինը բարձրացաւ 14000 լ.ո. -ով եւ հասաւ 1.262.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.221.000 լ.ո.:

 

Նախորդը

Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցը` Առաջնային Օրակարգային Խնդիր

Յաջորդը

Քոնկրեսական Ուիլսըն. «Պէտք Է Ամէն Ջանք Թափել Երաշխաւորելու Համար Լիբանանի Կառավարութեան Կայունութիւնը»

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.