ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ
Պսակը
Ոչ շատ հեռու անցեալին մեր սովորութիւնները տարբեր էին, քան` այսօր: Անցեալին զոյգեր կը պսակուէին տարբեր ընթացակարգերով: Տղուն ընտանիքը ծաղիկներով թէ անուշեղէնով կ՛ուղղուէր աղջկան տունը, ուր տղուն կողմի ամէնէն տարեցը կը սկսէր խօսիլ ու կը խնդրէր աղջկան ձեռքը: Անկէ ետք կ՛ըլլար խօսկապը, ապա նշանախօսութիւնը, իսկ որոշ ժամանակ մը ետք` պսակադրութիւնը:
Այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորն ու հաճելին կ՛ըլլայ պսակի նախօրեակին հինայումը: Բաւական ուրախ կերուխումէ ետք, կէս գիշերին փեսացուն եւ անոր հարազատները ափսէի մէջ դրուած խնձորով կ՛ուղղուէին հարսնցուին տունը` քալելով, հայերէն ճոխ երգերով եւ պարերով, հարազատ մթնոլորտով լեցնելով հայկական թաղերը: Իսկ հարսնցուին տունը հասնելէ ետք կը սկսէր յայտագիրին երկրորդ բաժինը, երբ մարտահրաւէր կը կարդացուէր հարսնցուի կողմին, որ պէտք է փորձէր առնել բերուած խնձորը, իսկ տղուն կողմը պէտք էր ամէն ջանք թափէր, որպէսզի խնձորին չկարենային հասնիլ աղջկան հարազատները:
Ի՞նչ է այս բոլորին կարեւորութիւնը:
Ներկայիս մոռցուած կամ նուազած են այս սովորութիւնները: Այս օրերուն զոյգը առանձին կ՛ուղղուի ծովեզերեայ կամ լեռնային շրջան մը, ճաշարան մը, ուր տղան աղջկան կ՛առաջարկէ ամուսնութիւն, իսկ աղջիկը սովորաբար անակնկալի եկած` կ՛ընդունի: Ասոր նոյնիսկ կը տրուի օտար բնորոշում` Proposel: Ս. պսակի նախօրեակին ալ միայն երիտասարդ զոյգին մօտիկ անձեր կը համախմբուին ճաշարանի մը մէջ, օտար լեզուով երգերով եւ ոչ հարազատ մթնոլորտի մէջ կը պարեն, կը խմեն ու կ՛երգեն, այս ալ կը կոչուի` Bachelor party:
Պիտի չծանրանամ որեւէ ձեւին վրայ: Բայց պիտի խօսիմ հինայումի կարեւորութեան մասին: Եթէ պսակի նախօրեակին հայերէն երգերով ու պարերով քալենք մեր թաղերուն մէջ, օտարները նոյնիսկ պիտի գիտակցին, թէ այդ թաղերը, շրջանները հայուն են: Թէ՛ մեր ուրախութիւնը հարազատ մթնոլորտի մէջ կատարած կ՛ըլլանք, թէ՛ ալ հայկական դրոշմ դրած կ՛ըլլանք մեր թաղերուն մէջ, հայկական դիմագիծով կը ներկայանանք բոլորին:
Վերադառնանք մեր անցեալի հարազատ սովորութիւններուն եւ ոչ թէ օտար սովորութիւնները իւրացնենք եւ մոռնանք մերը:


