Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց իր եգիպտացի պաշտօնակից, արաբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդի գործադիր գրասենեակի նախագահ Աշրաֆ Սուպհիի, Եգիպտոսի վարչական նոր մայրաքաղաքին մէջ:
Եգիպտացի նախարարի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ռաէտ Ատուան: Քննարկուեցան Լիբանանը, Եգիպտոսը եւ Յորդանանը հետաքրքրող երիտասարդական եւ մարմնակրթական հարցեր:
Երեք նախարարները շրջագայեցան Եգիպտոսի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նոր կեդրոնատեղիին մէջ, ծանօթացան երիտասարդական եւ մարզական զանազան կառոյցներու աշխատանքին: Եգիպտոսի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը խօսեցաւ նախարարութեան մատուցած ծառայութիւններուն մասին, իսկ անոր կարգ մը օգնականները ներկայացուցին նախարարութեան զանազան բաժանմունքներուն մէջ որդեգրուած աշխատելաձեւերը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ ստեղծուած զանազան միութիւնները եւ անոնց դերակատարութիւնը:


