Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ զոհուած է մօտ երկու հազար մարդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է իրանցի պաշտօնեաներէն մէկը` պնդելով, թէ «ահաբեկիչները» մեղաւոր են քաղաքային անձերու եւ անվտանգութեան աշխատակիցներու մահուան համար:
Աւելի կանուխ նոյն մեղադրանքը նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին հնչեցուցած էր «Ժազիրա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: Ընդունելով, որ Իրանի իշխանութիւնները հրահանգած են 4 օրով անջատել համացանցը` Արաղչի ըսած էր, թէ երկրին մէջ «ահաբեկչական գործողութիւններ» սկսած են բողոքի ցոյցերու ժամանակ:
Մինչդեռ իրաւապաշտպան խումբերը կը պնդեն, որ Իրանի վարչակազմը սկսած է դիմահար կրակ բանալ ցուցարարներուն ուղղութեամբ, որոնք անցեալ տարեվերջէն փողոց դուրս եկած են` ազգային դրամանիշի սրընթաց անկումին ու սղաճին դէմ:
Համացանցային ու հեռախօսային կապի անհասանելիութեան պատճառով անկարելի է ստոյգ տեղեկութիւններ ստանալ Իրանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին:


