Մանչեսթըր Եունայթըտ Ալեքս Ֆերկըսընի հետ պատմութիւն կերտած էր 1986-էն մինչեւ 2013` շահելով 13 «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսներ, 5 «Էֆ. Էյ. քափ», 4 «Լիկ քափ», 10 «Քոմիւնիթի շիլտ» (գերբաժակ), 2 «Չեմփիընզ լիկ», 1 Եւրոպայի բաժակակիրներու բաժակ, 1 Եւրոպայի գերբաժակ, 1 միջցամաքամասային բաժակ եւ 1 ՖԻՖԱ ակումբներու տիտղոս:
2014-էն 2026-ի սկիզբ… 11 տարբեր մարզիչներ, անոնցմէ մաս մը ժամանակաւոր, կրցան 2 «Քոմիւնիթի շիլտ», 2 «Էֆ. Էյ. քափ» եւ 2 «Լիկ քափ» շահիլ, վերջինը` Էրիք Թեն Հաակի հետ:
Տէյվիտ Մոյես, Ռայըին Կիկզ, Լուիս Վան Կաալ, Ժոսէ Մուրինիօ, Օլէ Կիւնար Սոլսքիար, Մայքըլ Քարիք, Ռալֆ Ռանյիք, Էրիք Թեն Հաակ, Ռուտ Վան Նիսթըլրոյ, Ռուպեն Ամորիմ եւ այժմ Տարեն Ֆլեչըր: Սկովտիացի Ֆլեչըր իր առաջին մրցումը ունեցաւ կիրակի օր «Էֆ. Էյ. քափ»-ի գծով Պրայթընի դէմ, եւ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Օլտ Թրաֆորտի մէջ այս պարտութիւնը անգամ մը եւս առանց տիտղոսի աւարտ յայտարարեց այս տարեշրջանին` համակիրներու բուռն դժգոհութեան մթնոլորտի մը մէջ:
Ժամանակաւոր մարզիչ Ֆլեչըր մրցումէն ետք ըսաւ. «20 անգամ ախոյեան Եունայթըտ այժմ լաւ վիճակի մէջ չէ, բայց շատ կանուխ է դատել տարեշրջան մը, ուր խումբը կրնայ պայքարիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի դիրք գրաւելու: Հաւանաբար ասիկա բան մը չէ, որ կ՛ուզէ լսել Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրը, մանաւանդ որ տիտղոսներ շահելու մասին միշտ կը ցանկան: Այս եղանակը մի փճացնէք: Ասիկա մարտահրաւէր մըն է, որ կ՛ուզեմ առաջադրել: Պէտք է մարզիկները պայքարին, որ այդ իրագործումը կատարեն:
Եունայթըտ կարելի եղածին չափ «կանուխ» դուրս եկաւ այս տարուան «տեղական» բաժակի մրցաշարքերէն, Դ. դասակարգի Կրիմզպի խումբէն եւ կիրակի օր Պրայթընէն պարտութիւն կրելու պատճառով: Ասիկա կը նշանակէ, որ Եունայթըտի մարզիկները առաւելագոյնը 40 մրցումներ պիտի կատարեն այս տարեշրջանին:
Տակաւին յստակ չէ, թէ ո՛վ պիտի մարզէ խումբը, մանաւանդ որ ակումբը կապուած է Սոլսքիարի, Քարիքի, Ֆլեչըրի եւ Վան Նիսթըլրույի հետ:


