Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

January 12, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի աւանդական նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմէ Նոր տարուան առիթով հաւաքոյթ կազմակերպել մանուկներուն եւ երէցներուն համար:

Արդարեւ, 19 դեկտեմբեր 2025-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 6-12 տարեկան մանուկ-պատանիներու խրախճանք:

Հրաւիրուած 56 փոքրիկները հիւրասիրուեցան ճաշարան «Արեւ»-ին տրամադրած համեղ հաւու հացիկներով, պտղահիւթով եւ կարկանդակով: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ խաղացին, պարեցին եւ զուարճացան 2 ժամ:

Մթնոլորտը աւելի ճոխացուցին «Հեփփի քիտզ» եւ «Հայ շեփոր» խումբերը: Մանուկները մեծապէս ուրախացան գալուստով Կաղանդ պապային, որ իր կարգին բոլորին բաշխեց վեհանձն բարերարին տրամադրած նուէրները:

Փոքրիկները գոհունակ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան իրենց տուները:

Շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2025-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը նոյն վայրին մէջ կազմակերպեց ամանորեան յատուկ ձեռնարկ մը`  ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի շուրջ 100 տարեց ու կարիքաւոր անձերուն յատուկ: Նախաձեռնութեան նպատակն էր ուրախացնել անոնց հոգիները եւ ժպիտ մը գծագրել անոնց դէմքերուն վրայ: Տարեցներուն եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ եղողներուն տաք ճաշ տրամադրելու ԼՕԽ-ի այս ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ:

Բացման խօսքը արտասանեց խոհանոցի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանը, ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց Ամանորը` մաղթելով առողջութիւն բոլորին:

Մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Հրակ Քերսոյեանը, ներկաները երգեցին ու պարեցին: Ապա հաւաքական տարեդարձ տօնուեցաւ:

Աւարտին, ներկաները նուէրներ ստանալով, մեկնեցան իրենց տուները` ունենալով անմոռանալի եւ յիշատակելի օր մը:

 

 

Նախորդը

Բարութեա՞մբ, Վայրագութեա՞մբ, Թէ՞ Մասամբ Նորին…

Յաջորդը

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.