Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու վնասներու բաժնեկցութեան «Ելեւմտական բացի օրէնք» անունով ծանօթ օրինագիծի որդեգրումը:
Փարիզ նշեց, որ օրինագիծը Լիբանանի մէջ դրամատնային համակարգին նկատմամբ լիբանանցիներու վստահութեան վերականգնման ուղիին վրայ առաջին քայլ մըն է:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առումով վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Լիբանանի կացութիւնը կայունութեան եւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններու ամրապնդման ուղիի վրայ դնելու լիբանանեան իշխանութիւններուն թափած ջանքերուն:
Նախարարութիւնը նշեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ արդարադատութեան անկախութեան շուրջ բարեփոխուած օրինագիծի մը եւ Միջազգային դրամատան` պատերազմի պատճառով քանդուած շրջաններուն վերակառուցման ձեռնարկման համար վարկի տրամադրումը արտօնող օրէնքի մը որդեգրումը ցոյց կու տայ լիբանանեան իշխանութիւններուն ու քաղաքական խաւի նշեալ նպատակներու իրագործման նկատմամբ յանձնառութիւնը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անգամ մը եւս իր աջակցութիւնը յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն` վճռական ու պատասխանատու կերպով դէպի «Ելեւմտական բաց» անունով ծանօթ օրինագիծի վերջնական որդեգրում յառաջ ընթանալուն համար, ինչ որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան գոյացումը կ՛արտօնէ:
Նախարարութիւնը յիշեցուց, թէ այս քայլերը վճռորոշ են միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանի մէջ վերաշինութեան եւ տնտեսական վերականգնման համար զօրակոչի ենթարկելու համար, եւ վերահաստատեց Փարիզի մէջ այդ նպատակին յատկացուած միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու իր յանձնառութիւնը, անմիջապէս որ այս փուլերը ամբողջանան:


