Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 120 Կէտ Նշանակեց, Բայց Պարտուեցաւ

December 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը շաբաթ գիշեր ախոյեանութեան գծով իր 10-րդ մրցումը կատարեց եւ Ղազիրի մէջ 131-120 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սաժեսէն:

Պարտութիւնը ձեւով մը սպասելի էր` նկատի ունենալով, որ Թայլըր Պէյ վիրաւոր էր եւ կասկածելի էր անոր մասնակցութեան կարելիութիւնը:

Անակնկալ էր անոր ներկայութիւնը առաջին մասին, ուր յստակօրէն եւ ոչ միայն կը պայքարէր Սաժեսի դէմ, այլ… նաեւ ցաւի դէմ:

Ան հազիւ 6 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին սկիզբը, եւ յստակօրէն սխալ էր անոր մասնակցութիւնը, որուն պատճառով ՀՄԸՄ կը ստիպուէր դանդաղ խաղ խաղալ եւ կը մնար 21-13 արդիւնքով: Հազիւ փոխարինուած, ՀՄԸՄ կրցաւ իր բնական արագ խաղը կիրարկել եւ մինչեւ առաջին մասի աւարտը արդիւնքը հասցնել 34-30-ի:

Բ. մասին ՀՄԸՄ իր լաւագոյն վիճակին մէջ էր, մինչ Սաժես տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր նոյն վերիվայրումին մէջ կը գտնուէր:

8 կէտի կը հասնէր Սաժեսի առաւելութիւնը, բայց ՀՄԸՄ անմիջապէս կը վերադառնար: ՀՄԸՄ 39 կէտ նշանակեց այս մասին` կիսախաղին հաւասարելով 69-րդ կէտին վրայ:

Կիսախաղէն ետք ՀՄԸՄ 3 կէտերով յառաջացաւ, բայց Սաժես անմիջապէս 9-ի բարձրացուց իր առաւելութիւնը: Աւելի ուշ ՀՄԸՄ 1 կէտի նուազեցուց (98-97) տարբերութիւնը, բայց մինչեւ 3-րդ մասի աւարտը Սաժես 6 կէտով յառաջացաւ:

105-99 արդիւնքով ետ մնացած ՀՄԸՄ վերադարձաւ դաշտ Թայլըր Պէյի հետ, բայց տարբերութիւնը 114-108 էր, երբ ան անկարող էր շարունակել: Տղաքը անգամ մը եւս իրենք զիրենք գտան եւ արդիւնքը հաւասարեցուցին Խալիտ Թոմասի եւ Ճորտըն Սթիվընզի կողովներէն ետք:

Սակայն Ահմետ Իպրահիմի 5 ֆաուլերէն ետք, կարելի չեղաւ յաղթանակի յոյսերը պահել:

Արդարեւ, մրցումի աւարտէն 3:30 վայրկեան առաջ, 118-116 արդիւնքով ետ մնացած ՀՄԸՄ-ի տղաքը չկրցան զսպել Սաժեսի յարձակումները եւ նոյն պահուն ձախողեցան առիթները կէտերու վերածել, ի վերջոյ տեղի տալով 131-120 արդիւնքով:

Եթէ պատճառաբանութիւններ պիտի փնտռենք, կրնանք իրաւարարներուն սխալ սուլիչներէն սկսիլ, հակառակ անոր որ արդար պէտք է ըլլալ` յայտնելով, որ երկու կազմին համար եղան սխալ սուլիչներ:

Բայց պէտք է նշել ազատ հարուածներու առիթները:

ՀՄԸՄ 28 ազատ հարուածի իրաւունք ստացաւ, բայց միայն 16-ն կրցաւ նշանակել, մինչ Սաժես իր 42-էն 38-ն նշանակեց:

Ճորտըն Սթիվընզ 39 կէտ եւ 10 էսիսթ իրագործեց` փաստելով, որ շատ կարեւոր մարզիկ մըն է, մինչ Ահմետ Իպրահիմ 30 կէտ աւելցուց: Խալիտ Թոմաս իր կարգին 29 կէտ աւելցուց ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, որ երթի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ օր` Պաթրունի դէմ, Մըզհերի մէջ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Կէտեր Կորսնցուց

Յաջորդը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչները Այցելած Են Վիգէն Իւլճեքեանին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.