Մարզական աշխարհին մէջ բնականաբար կը սիրենք ակումբներ, ազգային խումբեր, ունինք միութիւններ, կը հետեւինք արդիւնքներուն եւ միշտ կ՛ուզենք յաղթել:
Շատ աղուոր բան մըն է յաղթանակը եւ զայն տօնելը: Երբեմն կը մոռնանք նաեւ, որ մեզի պէս այլ համակիրներ ալ կան, որոնք մրցակից խումբերու հետ են եւ իրենք ալ կ՛ուզեն յաղթել:
Պասքեթպոլի թէ ֆութպոլի նման խմբային մարզաձեւերու մէջ կան այլ 11 կամ 7 մրցակիցներ, որոնք նոյն նպատակին համար կը պայքարին` յաղթելու կամ ախոյեան դառնալու:
ՀՄԸՄ-ի համակիրները տարբեր բան մը ունին եւ «կ՛ապրին» ՀՄԸՄ-ի հետ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր: Երբեմն ընկերային ցանցերու վրայ ալ կարծիք տալը, եթէ անշուշտ շինիչ քննադատութիւն է, լաւ կ՛ըլլայ: Բայց շատ անգամ այդ մէկը սահմանը կ՛անցնի, եւ համակիրները կը դառնան մէկական մարզիչներ եւ «կ՛ուզեն» մարզիկներ եւ նոյնիսկ մարզիչը փոխել` մոռնալով, որ նոյն այդ անձերը տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ յաղթանակներ կերտած էին` դառնալով մէկական հերոսներ:
Ճիշդ է, որ միշտ կ՛ուզենք յաղթել, բայց շատ անգամ կը մոռնանք, որ մարզիկները ամէն մրցումի 100 տոկոս չեն կրնար տալ եւ պարզապէս մեքենայ չեն ու մեզի պէս բնական մարդ են: Անոնք կրնայ ըլլալ անհանգստութիւն ունին, ցաւ ունին, կամ պարզապէս անտրամադիր են: Մենք ալ շատ օրեր կ՛ըլլայ, որ առաւօտուն անտրամադիր կ՛արթննանք, գործի կ՛երթանք կամ դպրոց կ՛երթանք առանց ախորժակի:
Եկէ՛ք քիչ մը ուղեղով մտածենք եւ պահ մը մեր սիրտերը մէկ կողմ դնենք: Այո՛, մենք ալ կ՛ուզենք, որ միշտ լաւ խաղան մեր սիրելի մարզիկները, բայց անոնց վրայ կասկածները եւ ճնշումը թեթեւցնենք: Մեր գործը դատել չէ, այլ քաջալերել: Ամէն ինչ ժամանակ ունի, եւ ունինք պատասխանատուներ, վարչական եւ մարզչական, որոնք կրնան սխալները վերլուծել, դատել եւ ապա գործել եւ ուղղել մեր մարզիկները:
Եկէք մեր խումբերուն ետին կանգնինք, զանոնք քաջալերենք առանց խտրութիւն դնելու, ո՛չ ալ իրարու հետ բաղդատելով: Ամէն մարզիկ որոշ կարողութիւններ ունի եւ դաշտին վրայ տարբեր գործեր եւ պաշտօններ:
Մարզիկներէն ալ անշուշտ կը սպասուի իրենց առաւելագոյնը տալ` հասնելու յաղթանակին, որպէսզի բոլորը ուրախ մնան, որովհետեւ մարզիկներն ալ մարդ են եւ ի վերջոյ յաղթել կը սիրեն:



