Այսօր ժամը 21:45-ին Ղազիրի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մրցի Սաժեսի դէմ, ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի բացման մրցումին:
Իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ պարտութիւն կրած էր ախոյեան Ռիատիէն 118-97 արդիւնքով, ուր ՀՄԸՄ աւելի քան 10 վայրկեան խաղցած էր ամբողջական խումբով: Թայլըր Պէյ վերադարձած էր կէս վիրաւոր վիճակով եւ հակառակ 30 վայրկեան խաղալուն 17 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Խալիտ Թոմաս արագ ֆաուլեր ձեռք ձգելով աւելի քան 12 վայրկեան մնաց պահեստի աթոռներուն վրայ, մինչ Ճորտըն Սթիվընզ իր կարգին փոխարինուեցաւ առիթ տալով պահեստի մարզիկներուն, մրցումի մը, որուն ընթացքին կարելի չէր յաղթելը:
Այդ օր Ահմետ Իպրահիմ, Կապրիէլ Աճէմեան, Թանիոս Աքիքի եւ Այզաք Այյուպի բարձր մակարդակի մրցում ունեցան, եւ յուսանք այսօր ալ լաւ կ՛ըլլան օտարներուն հետ միասին պայքար ցուցաբերելով Սաժեսի դէմ:
Սաժես իր կարգին 9-րդ հանգրուանի իր մրցումին պարտութիւն կրած էր` 100-95 արդիւնքով պարտուելով Սանթրալէն (Մարքազիէ), եւ պիտի փորձէ ինքզինք վերագտնել: ՀՄԸՄ-ի 3 կէտնոց կողովները յուսանք աւելի յաջող կ՛ըլլան այսօր, եւ ՀՄԸՄ կը վերադառնայ յաղթանակներու շարքին: Ռիատի առաջին դիրքը կը գրաւէ 9 յաղթանակներով (առանց պարտութեան), մինչ Սաժես (1 պարտութիւն), Սանթրալ (2 պարտութիւն) եւ ՀՄԸՄ (3 պարտութիւն) կը գրաւեն յաջորդ 3 դիրքերը:
Ստորեւ` 10-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Սաժես – ՀՄԸՄ
ՎԱՂԸ
Պէյրութ – Ռիատի (ժամը 16:45-ին)
Սանթրալ – Պաթրուն (ժամը 20:30-ին)
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Էն. Էս. Էյ. – Անդրանիկ (ժամը 16:45-ին)
Հուփս – Մարիսթ (ժամը 20:30-ին)
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Թատամոն Հարաժել – Անթունիէ (ժամը 16:45-ին)


