Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Չելսի – Ասթոն Վիլա. Վաղը` Աթալանթա – Ինթեր Միլան

December 27, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի մէջ տօնական օրերու արձակուրդ առած են Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի ախոյեանութիւնները, բայց Անգլիոյ եւ Իտալիոյ մէջ անոնք կը շարունակուին բնականօրէն:

Այսօրուան «սպասուած» մրցումին, անկայուն Չելսին պիտի հիւրընկալէ այժմու անակնկալ խումբերէն Ասթոն Վիլան, որ կը փորձէ մրցանիշ հաստատել:

Դ. դիրքերը գրաւող Չելսի պիտի փորձէ «արթուն» մնալ` իր տեղը պահելու համար «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառեակին մէջ Չելսի իր վերջին 5 մրցումներուն 1 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն կրած է, բայց իր շատ աւելի կայուն մրցակիցը պիտի փորձէ յաղթել` հաւասարելով 1910-ի ակումբի մրցանիշին, 11 յաջորդական յաղթանակներ, 7-ն` «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ:

Վերջին անգամ 1981-ին ախոյեան դարձած Ասթոն Վիլային համակիրները իրաւունք ունին երազելու մարզիչ Ունայ Էմերիի հետ:

Ասթոն Վիլայի յաջող ընթացքը կրնայ բաւարար չըլլալ, մանաւանդ որ իր դէմ ունի Արսենալն (առաջին) ու Մանչեսթըր Սիթին (երկրորդ):

Արսենալ Լոնտոնի մէջ պիտի հիւրընկալէ Պրայթընը, մինչ Մանչեսթըր Սիթի պիտի մեկնի Նոթինկհամի «անտառ»-ը:

Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Վուլվզը, որ վերջին դիրքը կը գրաւէ, բամյց մարզիչ Առնէ Սլոթի կարծիքով, իր ակումբը շատ յոյս չունի այս վիճակով պայքարելու առաջին 4 դիրքերուն համար:

125 միլիոն սթերլինկ փաունտ արժող շուէտացի Ալեքսանտր Իսաքի վիրաւորուելէն ետք, Լիվըրփուլ արդէն Մոհամետ Սալահէն ալ պիտի չկրնայ օգտուիլ, մանաւանդ որ Սալահ կը մասնակցի Ափրիկէի ֆութպոլի ախոյեանութեան:

Հետեւաբար, Լիվըրփուլ լուրջ հարցերու առջեւ կը գտնուի: Միջնապահ Տոմինիք Սոպուլայ իր կարգին դեղին քարտերու սահմանը հասած է եւ մէկ մրցումով կախակայուած, մինչ Նետերլանտներու յառաջապահ Քոտի Կաքփօ եւ ճափոնցի միջնապահ Ուաթարու Էնտօ վիրաւոր են:

Ստորեւ` 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Մանչեսթըր Սիթի
Արսենալ – Պրայթըն
Պրենթֆորտ – Պորնմաութ
Պըրնլի – Էվըրթըն
Լիվըրփուլ – Վուլվզ
Ուեսթ Համ – Ֆուլհամ
Չելսի – Ասթոն Վիլա

ՎԱՂԸ

Սանտըրլենտ – Լիծ
Քրիսթըլ Փելես – Թոթենհամ

Իտալիոյ մէջ, «Սերի Ա.»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով. Աթալանթա պիտի հիւրընկալէ առաջին դիրքը գրաւող Ինթեր Միլանը:

Այս տարեշրջանի առաջին 16 հանգրուանին, Ինթեր Միլան, Նափոլի, Ա. Սէ. Միլան, Ա. Էս. Ռոմա եւ Եուվենթուս բաւական անկայուն ելոյթներ կ՛ունենան, եւ ըստ երեւոյթին ախոյեանը մինչեւ վերջին հանգրուան կրնայ յայտնի չըլլալ: Միայն 4 կէտեր կը բաժնէ առաջին 5 խումբերը եւ ամէն մրցում կարեւոր կրնայ ըլլալ բոլորին համար: Ինթեր Միլան 1 կէտի առաւելութիւն ունի իր քաղաքակից Ա. Սէ. Միլանի վրայ եւ 2 կէտ` անցեալ տարուան ախոյեան Նափոլիի վրայ, որ քանի մը օր առաջ շահած էր Իտալիոյ գերբաժակը:

Ինթեր դժուար մրցում մը ունի կատարելիք Աթալանթայի դէմ, որ վերջին տարիներուն շատ դժուար մրցակից մը եղած է:

Վերջին 5 մրցումներուն 4 յաղթանակներ ձեռք ձգեց Աթալանթա աւելի կայուն է, քան Ինթեր, որ 2 պարտութիւն կրած է իր վերջին 5 ելոյթներուն: Բայց ակումբներու վերջին ճակատումներուն եթէ նայինք, Ինթեր կրցած է վերջին 8 ճակատումներուն ալ յաղթել Աթալանթային:

Ա. Սէ. Միլան համեմատաբար աւելի դիւրին մրցակից ունի` Վերոնան, մինչ գերբաժակակիր Նափոլի պիտի մրցի Քրեմոնեզէի դաշտին վրայ:

Ստորեւ` 17-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Փարմա – Ֆիորենթինա
Լեչէ – Քոմօ
Թորինօ – Քալիարի
Ուտինեզէ – Լացիօ Ռոմա
Փիզա – Եուվենթու

ՎԱՂԸ

Ա. Սէ. Միլան – Վերոնա
Քրեմոնեզէ – Նափոլի
Պոլոնիա – Սասուլօ
Աթալանթա – Ինթէր Միլան

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Ա. Էս. Ռոմա – Ճենովա

 

Նախորդը

«Կատարեալը Եւ Դուն». Վիգէն Յովսէփեանի Նոր Բանաստեղծական Հաւաքածոն

Յաջորդը

Տեփորթիւօ Արմենիօ Յաջող Տարեշրջան Մը Ունեցաւ, Բայց Չկրցաւ Բարձրանալ Բ. Դասակարգ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.