Արժանթինի մէջ հայկական Տեփորթիւօ Արմենիօ ակումբը այս տարեշրջանին տարբեր վիճակ ունէր Գ. դասակարգին մէջ: Երթին 16-րդ դիրքը գրաւելէ ետք, խումբը դարձին շատ լաւ ելոյթներ ունեցաւ` տարեշրջանը աւարտելով 4-րդ դիրքին վրայ:
Նկատի ունենալով, որ մէկ խումբ կը բարձրանայ Բ. դասակարգ, փլէյ-օֆին մասնակցեցան առաջին 4 դիրքերը գրաւող խումբերը` Սփորթիւօ Իթալիանօ, Արժենթինօ Տէ Մերլօ եւ Աքասուսօ, անշուշտ Տեփորթիւօ Արմէնիոյի կողքին:
Տեփորթիւօ Արմենիօ պարտութեան մատնեց Սփորթիւօ Իթալիանոն (2-1) եւ Արժենթինօ Տէ Մերլոն (2-1), իսկ աւարտականին մրցեցաւ Աքասուսոյի դէմ: Առաջին մրցումին 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք, Տեփորթիւօ Արմենիօ դարձին 1-0 պարտուեցաւ` տարեշրջանը աւարտելով Բ. դիրքին վրայ:
Ախոյեանութեան լաւ արդիւնքներուն կողքին, բաժակի մրցաշարքին ալ լաւ ելոյթներ ունեցաւ Տեփորթիւօ Արմենիօ` դուրս ձգելով առաջին դասակարգի Թալերես Տէ Քորտոպան (4-3): 1/16-րդ հանգրուանին, Տեփորթիւօ Արմենիօ բուռն պայքարէ ետք միայն զիջեցաւ առաջին դասակարգի այլ խումբի` Տեփորթիւօ Ռիեսթրայի դիմաց:
Կրնանք ըսել, թէ տարեշրջանը բաւական յաջող էր, հակառակ անոր որ խումբը մնաց Գ. դասակարգ:
Պուենոս Այրեսի շրջանի հայկական այս ակումբը հիմնուած էր 1962-ին, Արժանթինի հայկական համայնքին կողմէ` Քլիոպ Արմենիօ տը ֆութպոլ անունով, բայց 1968-ին անունը փոխած էր Տեփորթիւօ Արմենիոյի` միանալով Արժանթինի ֆետերասիոնին, 1970-ին:
Ակումբը նաեւ կը հագուէր ճերմակ-սեւ շապիկները, բայց կանաչով ճերմակ գծաւորի փոխելէ ետք վերջին տարազը եղաւ կարմիր նարնջագոյն եւ կապոյտ` ներշնչուելով Հայաստանի դրօշէն: Որոշ ժամանակ ակումբը հագած է ճերմակով կարմիր գոյներ:
Տեփորթիւօ Արմենիօ 1972-ին շահած է Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, ապա 1976-ին Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը` բարձրանալով Բ. դասակարգ:
1986-1987 տարեշրջանին ախոյեան դառնալէ ետք Բ. դասակարգի, 1987-ին բարձրացած է առաջին դասակարգ եւ առաջին տարեշրջանին գրաւած 13-րդ դիրքը` պարտութեան մատնելով պատմական խումբեր` Ռիվըր Փլէյթն ու Պոքա Ճունիորզը: 1989-ին խումբը վերադարձած է Բ. դասակարգ:


