Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Կուիտօ Քրոսեթթոն, եւ անոր փոխանցեց, թէ Լիբանան կ՛ողջունէ Իտալիոյ եւ եւրոպական պետութիւններու` 2027-ին հեռացումը ամբողջացնելէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ը փոխարինող որեւէ ուժի մասնակցութիւնը` լիբանանեան բանակին իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն ետք օգնելու համար հարաւային սահմաններու վրայ անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման մէջ:
Նախագահը ըսաւ, որ Լիբանանի որդեգրած բանակցելու ընտրանքին նպատակը թշնամական արարքներու դադրեցումը, Իսրայէլի մէջ պահուող գերիներու վերադարձն ու հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն իրենց գիւղեր ու կալուածներ վերադարձն է:
Աուն յայտնեց, որ Լիբանան իսրայէլեան կողմէն դրական քայլերու կը սպասէ եւ յոյսը կը կապէ Իտալիոյ նման բարեկամ երկիրներու` դրական արդիւնքներու համար բանակցային հոլովոյթը յաջողցնելու ուղղութեամբ մղում տալու նպատակով:
Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ իր երկիրը բոլոր ոլորտներուն մէջ, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման ոլորտին մէջ կ՛աջակցի Լիբանանին:
Ան նշեց, որ իր երկիրը կ՛ուզէ ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացումէն ետք Լիթանի գետէն հարաւ միջազգային գործողութիւններու շրջանին մէջ իր ուժերը պահել` նշելով, որ գոյութիւն ունին եւրոպական այլ պետութիւններ եւս, որոնք մտադիր են նոյն դիրքորոշումը որդեգրել:
«Ասիկա քայլ մըն է, որուն նպատակը հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակի պարտականութեան աջակցիլն է, որովհետեւ Իտալիոյ կարծիքով` Լիբանանի, շրջանի եւ Միջին Արեւելքի անվտանգութիւնը կ՛իրագործուի լիբանանեան բանակի դերակատարութեան ամրապնդման եւ անոր անհրաժեշտ կարելիութիւններու ապահովման ճամբով:


