Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական անդամ Լինտսի Կրահամ կիրակի օր Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղեց` Համասի եւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմը շարունակելու, եթէ անոնք իրենց զէնքերէն չհրաժարին:
Ան նշեց, որ Համասը Կազայի մէջ իր իշխանութիւնը կ՛ամրապնդէ:
Ազդեցիկ ծերակուտականը ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին պիտի յանձնարարէ «Իրանը հարուածել, եթէ վերստին իւրանիոմ հարստացնելու ապացոյցներ ապահովուին»:
Կրահամ կոչ ուղղեց` Համասի զինաթափման համար ժամանակացոյց ճշդելու: Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Անհրաժեշտ է, որ արագօրէն ծրագիր մշակենք եւ Համասին զինաթափման համար պայմանաժամ ճշդենք»` աւելցնելով. «Եթէ այդ մէկը չկատարէ, նախագահ Թրամփը պիտի քաջալերեմ Իսրայէլին Համասի ոչնչացման ազատութիւն տալու»:
«Ասիկա երկարատեւ ու վայրագ պատերազմ մըն է, սակայն չէք կրնար շրջանին մէջ որեւէ տեղ յաջողութեան հասնիլ, նոյնիսկ եթէ յաջողիք Համասը Կազայի ապագայէն դուրս բերել եւ զայն զինաթափել», ըսաւ ծերակուտականը:
Ան յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի երկրորդ փուլը պիտի ձախողի, եթէ Համաս իր զէնքը պահպանէ: «Զինադադարի յայտարարութենէն 90 օրէ ետք, Համաս Կազայի մէջ իր իշխանութիւնը կ՛ամրապնդէ»:
Կրահամ նաեւ կոչ ուղղեց` Հըզպալլայի դէմ զինուորական գործողութեան դիմելու:
«Եթէ Հըզպալլան մերժէ իր ծանր զէնքէն հրաժարիլ, պիտի ստիպուինք Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցաբար Հըզպալլայի ոչնչացման զինուորական գործողութիւններու մէջ ներքաշուելու», յայտարարեց ազդեցիկ հանրապետականը:
Նախքան այդ, Կրահամ Թել Աւիւի մէջ ժողով մը գումարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` վերջինիս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Ֆլորիտայի մէջ նախատեսուած հանդիպումի նախօրեակին:


