Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Կը Շարունակէ Ելեւմտական Բացի Օրինագիծի Քննարկումը

December 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի:

Նիստէն առաջ տեղի ունեցաւ Աունի եւ Սալամի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան երկիրին ընդհանուր կացութեան վերաբերող հարցեր եւ քննարկուեցան ամէնէն նշանակալից զարգացումները:

Նախարարաց խորհուրդի նիստի օրակարգը կը բաղկանար երեք հիմնական կէտերէ` ելեւմտական բացի օրինագիծը, Լիբանանի մէջ ներդրումներու քաջալերման պետական հաստատութեան` ԻՏԱԼ-ի վարչական խորհուրդի եւ ընդհանուր տնօրէնի նշանակումը եւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի միջեւ փոխադարձ ներդրումներու քաջալերման ու պաշտպանութեան համաձայնութեան նախագիծը, ինչպէս նաեւ այլ հրատապ հարցեր:

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նիստէն ետք նշեց, որ նախագահ Աուն յայտնած է, որ ինք որեւէ կողմի հետ ուրիշ կողմի դէմ չի կանգնիր, եւ քննարկումը պէտք է խորհրդարանին մէջ ըլլայ:

Նախագահը ըսած է, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին Ֆրանսա այցելութիւնը դրական էր, եւ սկզբունքային խոստում կայ բանակին աջակցութեան խորհրդաժողովը փետրուարին գումարելու:

Վարչապետ Սալամ իր կարգին յայտնած է, որ ելեւմտական բացի օրինագիծը իրատեսական ու գործադրելի է, եւ անոր նպատակը պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն արդարութիւն ընելը եւ դրամատնային մարզը վերառողջացնելն է` աւելցնելով, որ օրինագիծի որդեգրումը որքան ուշանայ, այդքան մարդոց ու միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը նահանջ կ՛արձանագրէ:

Տեղեկատուութեան նախարարը նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը սկսած է ելեւմտական բացի օրինագիծը քննարկել եւ անոր քննարկումը այսօր պիտի շարունակէ` աւելցնելով, որ օրինագիծը չի նշանակեր, թէ արդարադատութիւնը իր դերը պիտի չկատարէ:

Մըրքոս յայտնեց, որ կը մօտենանք տարազէ մը, որ հաւասարապէս կը գոհացնէ դրամատուներն ու պահ դրուած գումարներ ունեցողները, ինչպէս նաեւ պետութիւնը իր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ` աւելցնելով, որ դրամատնային մարզին նկատմամբ վստահութիւնը պէտք է վերականգնուի, եւ բոլոր մտավախութիւնները նկատի առնուին:

 

 

Նախորդը

Ընդունելով Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը` Աուն. «Կ՛ողջունենք Իտալիոյ Եւ Եւրոպական Այլ Պետութիւններու ՖԻՆԻՒԼ-ը Փոխարինող Որեւէ Ուժի Մասնակցութիւնը»

Յաջորդը

Հայաստանի Հետ Սահմանի Թրքական «Ալիջան» Անցակէտին Վրայ Սկսած Են Բացման Նախապատրաստական Աշխատանքները

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.