Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի «հսկաներ» Ինթեր Միլան, Եուվենթուս եւ Նափոլի լրջօրէն կը մտածեն ձեռք ձգել Հայաստանի եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեանը:
Ըստ Սփերձեանի, գործակատար Փաուլօ Պարպուայի, Սփերձեանի բարձր մակարդակի ֆութպոլը վերջին տարիներուն ուշադրութիւնը գրաւած է իտալական շատ մը ակումբներու, որոնք յունուարի փոխանցումներու պատուհանին կրնան լուրջ առաջարկ ներկայացնել` Կրասնոտարի խմբապետին:
Սփերձեան վերջերս իր արձակուրդի ընթացքին հանդիպում ունեցած էր Ա. Սէ. Միլանի պատասխանատու Զլաթան Իպրահոմիվիչի հետ, բան մը, որ Միլանի միւս ակումբին ալ հետաքրքրութիւնը «արթնցուցած» է:
Թէ որքա՛ն կրնան վճարել իտալական ակումբները կամ Կրասնոտար որքա՛ն շատ պիտի ուզէ օգտուիլ անոր փոխարեն տրուած նիւթական արժէքներէն, քանի մը շաբաթէն կը յստականայ:
Այս տարեշրջանին Սփերձեան (25 տարեկան) 25 մրցումներ կատարեց Կրասնոտարի հետ` նշանակելով 9 կոլ եւ կատարելով 13 էսիսթ:


