Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյսի Զարթօնք

December 22, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

2023 թուականի Արցախի բռնագրաւումէն ետք արցախահայութիւնը կանգնեցաւ իր պատմութեան ծանրագոյն փուլերէն մէկուն առջեւ:

Տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներ բռնի կերպով հեռացուեցան իրենց տուներէն, հարիւրհազարաւոր մարդիկ եղան տեղահան` ապրելով անպատմելի կորուստի, աւերի եւ անորոշութեան մէջ: Մարդիկ կորսնցուցին ոչ միայն իրենց օճախները, այլ նաեւ` իրենց գործը, ապրուստի միջոցը, յիշողութիւններով լեցուն վայրերը եւ տարիներով կառուցած կեանքը:

2025-ի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը արտաքին աշխարհին ներկայացուեցաւ որպէս պատերազմի էջը փակելու քայլ, բայց շատերու համար անիկա չբերաւ իրական արդարութեան երաշխիքներ: Տեղահանուածներու վերադարձը, գերիներու ազատ արձակումը եւ մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը տակաւին անորոշ կը մնան: Միեւնոյն ժամանակ Արցախի նախկին տարածքներուն մէջ հայկական եկեղեցիներու, գերեզմանատուներու եւ յուշարձաններու ոչնչացման մասին լուրերը կը շարունակեն խոր ցաւ պատճառել ամբողջ հայ ժողովուրդին:

Այսօր տեղահանուածները կը պայքարին գոյատեւելու, նոր միջավայրի մէջ ներգրաւուելու եւ հոգեբանական ծանր վէրքերը բուժելու համար: Ոմանք ընտրած են Հայաստանի մէջ նոր կեանք կառուցելու ուղին` ընդունելով քաղաքացիութիւն, սակայն սրտերուն մէջ Արցախի կարօտը դեռ կը մնայ վառ: Այս ամբողջ իրավիճակը միայն քաղաքական հարց չէ? անիկա մարդկային արժանապատուութեան, յիշողութեան, ինքնութեան եւ պատմական արդարութեան գոյամարտն է:

Այս մութ իրականութեան մէջ, ուր անցեալը դեռ կը ցաւցնէ, իսկ ապագան կը մնայ մշուշոտ, մեր դիմաց Նոր տարին կը բացուի` որպէս նոր սկիզբի եւ նոր ուժի դրուագ:

Թող այս Նոր տարին ըլլայ ոչ միայն օրացոյցի փոփոխութիւն, այլ` հոգիի վերածնունդ: Թող Արցախի ժողովուրդը մտնէ այս տարին ոչ խոնարհած, այլ` կանգուն, ոչ կոտրուած, այլ` ամրացած: Թող տառապանքները վերածուին ուժի, կորուստը` յիշողութեան, իսկ վիշտը` պայքարի, կրակի: Այս մաղթանքը ծնած է ցաւէն, կարօտէն եւ անխախտ հաւատքէն` նայելու համար ոչ միայն անցեալին, այլ մանաւանդ` ապագային:

Թող այս տարին ըլլայ վերադարձի յոյսի տարի, արդարութեան ձայնի հզօր բարձրացման տարի եւ նոր սերունդի կոտրում դիմադրութեան ծնունդի տարի:

Թող աշխարհը լսէ Արցախի ճիչը, իսկ Արցախի ժողովուրդը երբեք չլռէ իր իրաւունքներուն տիրանալու համար: Մենք կը մաղթենք, որ Արցախը վերակառուցէ ոչ միայն իր շէնքերը, այլ նաեւ` իր երազները: Թող իր ժողովուրդը երբեք չկորսնցնէ հաւատքը, որովհետեւ ազգ մը, որ կը հաւատայ, կարելի չէ զայն կոտրել: Նոր տարին թող ըլլայ պայքարի, միասնութեան եւ ազատութեան տարի:

 

 

Նախորդը

Ինքնութիւն, Յիշողութիւն, Իրաւունք…

Յաջորդը

Նոր Տարուան Սեմին` Սուգ, Յիշատակ Եւ Արցախի Համար Պայքարի Ոգի

RelatedPosts

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

October 6, 2026
Պատուհասի՞, Թէ՞ Պատեհութեան Օրակարգ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Պետականութիւն, Ռազմավարութիւն Եւ Երիտասարդութեան Պատասխանատուութիւն

September 29, 2026
Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.