Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ (Եութա) Լոս Անճելըս Լէյքըրզ շնորհիւ իր սլովենիացի աստղ Լուքա Տոնչիչի անմրցելի ելոյթին կրցաւ 143-135 արդիւնքով յաղթել տեղւոյն Եութա Ճէզին։Տոնչիչ 45 կէտ, 14 էսիսթ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց՝ իրագործելով այս տարեշրջանի իր 5-րդ թրիփըլ-տապըլը։
«Ասիկա Լուքան է… Լուքա կախարդանքը։ Անակնկալ չէ, մանաւանդ որ ան շատ լաւ խաղցող է… Անհաւանական մարզիկ», ըսաւ Լըպրոն Ճէյմս, որ իր կարգին 28 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց։
Տոնչիչ Լէյքըրզի հետ իր առաջին 40 կէտէ աւելի թրիփըլ տապըլը իրագործեց եւ դարձաւ պատմութեան միայն 2-րդ մարզիկը, որ 45 կէտով թրիփըլ տապըլ կþիրագործէ 5 սթիլներու կողքին։ Քէյտ Քանինկհեմ առաջին մարզիկն էր։
Բայց ամէնէն կարեւոր բանը Տոնչիչի համար 1 թըրնօվըրն էր։
«Մէկ թըրնօվըր ամէնէն կարեւոր բանն էր ինծի համար այս թիւերուն մէջ։ Ամբողջ խումբը 7 թըրնօվըր կատարեց, բան մը, որ շատ լաւ է, եւ անշուշտ յաղթեցինք», ըսաւ Տոնչիչ։
Նիւ Եորք Նիքս արձանագրեց իր յաջորդական 6-րդ յաղթանակը եւ իր 19-րդը այս տարեշրջանին (7 պարտութիւններու կողքին)՝ 114-113 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ինտիանա Փէյսըրզը։ Ճէյլըն Պրանսըն 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, մինչ Փասքալ Սիաքամ 26 կէտ նշանակեց Ինտիանայի հաշուոյն։
Թրէյ Եանկ վերադարձաւ Աթլանթա Հոքս, որուն մարզիկներէն Ճէյլըն Ճոնսըն 43 կէտ նշանակեց, բայց այս բոլորը բաւարար չէին, որ Աթլանթա յաղթէ Չարլոթ Հորնեթցին։ Արդարեւ, Չարլոթ 133-126 արդիւնքով կրցաւ յաղթել, ուր կարտ Լամելօ Պոլ 28 կէտ արձանագրեց եւ 13 էսիսթ կատարեց։
Ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 122-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը։ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, մինչ Քուայ Լենըրտ 22 կէտ նշանակեց Քլիփըրզի հաշուոյն, որ իր 21-րդ պարտութիւնը կրեց։ Միայն 6 յաղթանակներ արձանագրած Քլիփըրզի այս տարեշրջանը յաջող չսկսաւ։ Թանտըրի պարագային 25 յաղթանակները ամէնէն շատն են այս տարեշրջանի առաջին 27 մրցումներուն։
Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Չարլոթ Հորնեթց – Աթլանթա Հոքս 133-126
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 113-114
Պրուքլին Նեթց – Մայեմի Հիթ 95-106
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 122-101
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 119-94
Միլուոքի Պաքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 105-111
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 133-128
Տալաս Մեւրիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 116-114
Տենվըր Նակեթց – Օրլանտօ Մեճիք 126-115
Ֆինիքս Սանզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 99-98
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 135-143
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 134-133


