Քաթարի Լուսէյլ մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած արաբական երկիրներու բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը՝ Մարոքի եւ Յորդանանի միջեւ։4-րդ վայրկեանին Մարոք բացաւ մրցումին հաշիւը՝ շնորհիւ Ուսամա Թաննանքի։ Բ. կիսախաղին Յորդանան շատ լաւ ուսումնասիրուած եւ կազմակերպուած ֆութպոլ խաղցաւ՝ վստահելով հակայարձակումներու, եւ կրցաւ 2 կոլ նշանակել՝ շնորհիւ Ալի Օլուանի, 48-րդ եւ 68-րդ վայրկեաններուն։ 72-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ վեթերան յառաջապահ Ապտել Ռազզաք Համտալլահ, որ 87-րդ վայրկեանին նշանակեց Մարոքի հաւասարութեան կոլը, իսկ երկարաձգման՝ յաղթանակի կոլը 100-րդ վայրկեանին։
3-րդ դիրքի մրցումը Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ կիսատ մնաց օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն պատճառով, եւ աւելի ուշ ջնջուեցաւ՝ երկու խումբերուն ալ 3-րդ դիրքը շնորհելով (ՖԻՖԱ-ի կողմէ անշուշտ)։


