Չինաստանն ու Սէուտական Արաբիան համաձայնութիւն գոյացուցին շրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ հաղորդակցութիւնն ու համակարգումը ամրապնդելու: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Կիրակի օր երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւններու համաձայն, Փեքին ողջունեց Միջին Արեւելքի դիւանագիտական աշխատանքին մէջ Ռիատի դերակատարութիւնը:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկի Եի կը կատարէ միջինարեւելեան երեք երկիրներ շրջապտոյտ մը, որ սկսաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ կ՛աւարտի Յորդանանի մէջ:
Ան կիրակի օր, Ռիատի մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին հետ:


