Ռուսիա Ուքրանիոյ մէջ քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական առումով պարտութիւն կը կրէ: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրոն:
«Ճակատի վրայ անոր յառաջընթացը շատ քիչ է, գրեթէ մանրադիտակային: Այսօր եւրոպացիները որոշած են իրենց ճակատագիրը իրենց ձեռքը առնել` տալով կարեւոր որոշումներ` Ռուսիան զրկելով Եւրոպայի մէջ գտնուող իր հաշիւներու հասանելիութեան կարելիութենէն, այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է, մինչեւ որ Վլատիմիր Փութինի օրով Ռուսիան դադրեցնէ իր նախայարձակ պատերազմը եւ Ուքրանիոյ փոխհատուցում վճարէ», նշած է ան:


