Ամերիկացի պատմական ըմբիշ Ճոն Սինա 23 տարիներ ելոյթներ ունենալէ ետք միջազգային ըմբշամարտի աշխարհը լքեց 48 տարեկանին:
14 դեկտեմբերի գիշերը տեղի ունեցած «Տապըլեու. Տապըլեու. Ի»-ի իր վերջին մրցումին Մէյն Իվենթ 42-ի սպասուած մենամարտին ան մրցեցաւ Կիւնթերի դէմ:
Գեղեցիկ ելոյթէ մը ետք Կիւնթեր խեղդելու ձեւով կրցաւ յաղթել մրցումը, մինչ Սինա հրաժեշտ տուաւ համակիրներուն: Ան իբրեւ ասպարէզի աւարտի խորհրդանշական քայլ, իր թեւի կապերը եւ մարզակօշիկները ռինկին վրայ ձգեց:
«Տապըլեու. Տապըլեու. Ի»-ի մամլոյ ծառայութիւնը իր կայքին վրայ գրեց. «Լաւագոյններու լաւագոյնը… Ճոն Սինայի նմանը այլեւս երբեք չի կրկնուիր»:
Ճոն Սինա 17 անգամ աշխարհի ախոյեան եղած է, ինչ որ մրցանիշ մըն է պատմութեան ընթացքին: Ան 14 անգամ եղած է «Տապըլեու. Տապըլեու. Ի.»-ի ախոյեան, 3 անգամ ալ` աշխարհի ծանր կշիռի ախոյեան: Ան 5 անգամ դարձած է Միացեալ Նահանգներու ախոյեան, 2 անգամ` խմբային ախոյեան, եւ 2 անգամ ալ` աշխարհի խումբերու ախոյեան: Ան երկու անգամ շահած է «Ռոյըլ Ռամպըլը», միջցամաքամասային ախոյեանութիւնը եւ «Մանի ին տը պենք» մրցումը: Սինա կը հանդիսանայ «թրիփըլ քրաուն»-ի 35-րդ ախոյեանը եւ կրենտ-սլեմի 25-րդ ախոյեանը:


