Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Նեթանիահու-Թրամփ սպասուող հանդիպումը վճռորոշ պիտի ըլլայ ճշդելու համար, թէ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ մեծ մագլցում կատարելու համար ամերիկեան հաւանութիւն պիտի ստանա՞յ»:

. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին փոխանցած են, թէ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս յայտնած է, թէ Իսրայէլ կը պատրաստուի Հըզպալլային «մեծ ու զգետնող հարուածներ» հասցնելու, մասնաւորաբար Հարաւային արուարձաններուն եւ Պեքայի մէջ, եթէ թիրախահար հրթիռներն ու անօդաչու թռչող սարքերը մինչեւ նոր տարի չյանձնէ:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «18 դեկտեմբերին Փարիզի մէջ գումարուելիք քառակողմ ժողովը, որուն պիտի մասնակցին Օրթէյկըսը, Պըն Ֆարհանը, բանակի հրամանատարը, Լը Տրիանը կամ Լը Ժանտրը, պիտի քննարկէ բանակի աջակցութեան հարցը եւ այդ առնչութեամբ նուիրատուներու միջազգային խորհրդաժողովի պատրաստութիւնը»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ քաղաքական աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Առանց որեւէ գործընկերի, հիմքը միայն Լիբանանի պետութիւնը եղող հանրապետութեան անցում կատարելու համար «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի աշխատանքը երկարատեւ է»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Հանրապետութեան նախագահին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան Մասքաթ այցելութիւնը բոլոր չափանիշերով շատ յաջող էր, եւ այս այցելութեան ընթացքին Լիբանանին ստացած աջակցութիւնը աննախադէպ է»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ներկայիս գոյութիւն ունեցող լիբանանեան պառակտումը շարունակելու ընտրութիւններ պիտի ըլլան»:

. ԲՐԻՏԱՆԻԱ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու լիբանանեան բանակին, որպէսզի կարողանայ գործադրել իր գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելու եւ զէնքը օրինական ուժերուն մենաշնորհը դարձնելու կառավարութեան որոշումը:

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Ամերիկան Չ՛ուզեր Ուքրանիոյ Շուրջ Ժամանակ Վատնել»

Յաջորդը

24 Երեսփոխաններ Կառավարութեան Կիպրոսի Հետ Սահմանագծման Համաձայնութեան Սահմանադրականութեան Շուրջ Հարցում Ուղղեցին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.