Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2025-ին, նախկին Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտական 2025-2026 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտը, որ սկիզբ առաւ մասնաճիւղային տողանցքով մը: Անդամները տողանցեցին Պուրճ Համուտի հրապարակի շրջակայքը, Արաքս փողոցի եւ Աբրահամ Աշճեան պողոտային վրայ:
Տողանցքին յաջորդեց դրօշակի արարողութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի, եւ «Ո՛վ հայ արի» քայլերգներուն զուգահեռ, խորհրդանշական ձեռայինին վրայ բարձրացան դրօշակները:
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց Նորա Պուտագեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին, ուր կը պատրաստուին չարքաշ, հայրենասէր եւ ծառայասէր հայորդիներ: Ան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի շունչով մեծցած իւրաքանչիւր անհատ իր մէջ ունի նուիրումի եւ զոհաբերութեան զգացում մը, որ իր առօրեային մաս կը կազմէ:
Ն. Պուտագեան նշեց. «ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը բոլորեց իր 90-ամեակը, կը մնայ մեզի անսակարկ ծառայութեամբ, հաւաքականութեամբ եւ կամաւոր բանակի նուիրեալներով շարունակել երթը եւ հանդիսանալ մղիչ ուժը մեր հայորդիներուն եւ մեր շրջապատին»:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ժանեթ Տէր Ղազարեանը, որ սկաուտական կազմակերպութիւնը հայ կեանքի անբաժանելի մէկ մասը նկատեց` շեշտելով, որ սկաուտութիւնը կը սորվեցնէ` առաջնորդութիւն, ընկերասիրութիւն, հայրենասիրութիւն եւ ազնուութիւն:
Իր խօսքը մասնաճիւղի սկաուտներուն ուղղելով` ան ըսաւ. «Շարունակեցէ՛ք այս ուխտով եւ բոլորին հպարտօրէն ցոյց տուէ՛ք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ ազնիւ, պատրաստակամ եւ կարգապահ»: Արարողութիւնը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով:
Դրօշակի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Մասնաճիւղի անդամները երգով, կենդանի պատկերով եւ պարով ներկայացուցին զանազան յատկանիշներ, որոնք հանդիսացած են մասնաճիւղի զանազան նախաձեռնութիւններու յաջողութեան բանալին, ինչպէս` կարգապահութիւն, ստեղծագործութիւն, ընկերասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, սկաուտական ոգի, չարքաշութիւն, ուրախութիւն եւ այլն:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի խմբապետուհի Էւա Ղազարեանը, որ ըսաւ. «90 տարիներ շարունակ այս մասնաճիւղը բարձրանալով` իրեն հետ բարձրացուց բազմաթիւ սերունդներ: 90 տարուան ընթացքին մենք կերտեցինք բազմաթիւ յիշատակներ եւ քաղեցինք զանազան դասեր: Այսօր մենք մուտք կը գործենք նոր տարեշրջան մը, որ լեցուն է նոր անակնկալներով եւ մարտահրաւէրներով: Մենք չենք փակեր մեր պատմութեան էջերը, սակայն մենք կը գրենք նոր պատմութիւն մը: Մեր աշխատանքը հոս չ՛աւարտիր, այլ կը սկսի: Կեցցէ՛ 90 տարիներէ աւելի գոյատեւող ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը: Օ՛ն, յառա՛ջ, դէպի փայլուն ապագայ»:




