Պելճիքացի հայ բռնցքամարտիկ Հերամ Էլոյեան չկրցաւ յաջողութեամբ պաշտպանել իր «Ի. Պի. Եու.» արծաթէ գերթեթեւ կշիռի կարգի տիտղոսը:
Ան 10-րդ ռաունտին նաք-աութով պարտութիւն կրեց իտալացի Ֆրանչեսքօ Տա Ռոսայէն:
Սարտինիոյ մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցած այս մրցումին, Տա Ռոսա վայելեց իր քաղաքի համակիրներուն աջակցութիւնը եւ ցոյց տուաւ գերազանց ելոյթ` յաղթելով իր 12-րդ յաջորդական մենամարտը: 10-րդ ռաունտին իրաւարարը աւարտեց մրցումը` նկատելով, որ Հերամ չի կրնար ինքզինք պաշտպանել: Ասիկա Էլոյեանի առաջին պարտութիւնն էր իբրեւ ախոյեան, ան անցեալ մայիսին անակնկալի բերելով սպանացի Ճորտըն Քամաչոն ձեռք ձգած էր անոր տիտղոսը:
Կը կարծուէր, որ Էլոյեան շահելէ ետք անյաղթ Քամաչոյի դէմ մենամարտը, պիտի դառնայ յաջորդ տիտղոսակիրը երկար ժամանակով, բայց Տա Ռոսա այդ կարծիքը վերատեսութեան ենթարկեց` տանելով արժանի յաղթանակ:


