Ազրպէյճանական Կապալա քաղաքին մէջ 28 նոյեմբերին կայացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման յանձնախումբերու 12-րդ հանդիպումը, կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ հանդիպումին կողմերը քննարկած են սահմանազատման միջոցառումներու հետ կապուած կազմակերպչական եւ թեքնիք հարցեր:
Անոնք, ըստ հաղորդագրութեան, նշած են նախորդ` 16 յունուարին կայացած հանդիպման հիմամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը պետական սահմանի սահմանազատման համալիր աշխատանքները հիւսիսային հատուածէն` Հայաստանի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի սահմաններու հատման կէտէն եւ այնուհետեւ հարաւային ուղղութեամբ` հիւսիսէն հարաւ մինչեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանը Իրանի Հանրապետութեան հետ, սկսելու վերաբերեալ:
Քննարկուած են նաեւ սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգի վերաբերեալ համապատասխան ուղեցոյցների նախագիծերը:
Գրիգորեան եւ Մուսթաֆայեւ առանձին միտքեր փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, պայմանաւորուած են աշխատանքային կարգով համաձայնեցնել յաջորդ հանդիպման կայացման ամսաթիւը Հայաստանի քաղաքներէն մէկուն մէջ:


