Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Սուրի Ու Երգի Համաստեղութիւն Մը. Նիկոլ Աղբալեան

November 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Սուրը չթողեց, որ երգիչ դառնամ.
Երգը չթողեց, որ մարտիկ դառնամ»
ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Նիկոլ Աղբալեան մաս կը կազմէ սերունդի մը, որ ապրեցաւ մեր նորագոյն պատմութեան մէկէ աւելի բախտորոշ փուլերը, ներդրում ունեցաւ անոնց արարման մէջ, ամբողջ կեանք մը տրամադրեց հայութեան պայքարին ու մշակոյթին, զանոնք միաձուլեց իր կեանքին մէջ: Եղաւ ժամանակաշրջանը մարմնաւորող տիտաններէն մէկը:

Ն. Աղբալեանի վերագրուող յիշեալ խօսքը` թէ սուրն ու երգը ձեւով մը արգելակներ եղած են մէկզմէկու, որպէսզի իր ուզած ձեւով չկարենայ կենսագործել անոնցմէ մէկը կամ միւսը, խորքին մէջ համեստութիւն դրսեւորող խօսք է, քանզի Ն. Աղբալեան եւ իրեն հետ շա՜տ շատեր եղան միաժամանակ թէ՛ մարտիկ եւ թէ՛ գիրի ու մշակոյթի գլխագիր մշակոյթի սպասարկու: Անոնց կեանքի վաստակը, իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին առնելով, կարելի t նմանցնել ՀԱՄԱՍՏԵՂՈՒԹԵԱՆ եւ ո՛չ թէ` սոսկական լուսատու աստղի մը: Փաստօրէն, ու եթէ պիտի կեդրոնանանք Աղբալեան-ժառանգութեան վրայ, համաստեղութեան վաստակին ու կարելի է կարճ-կտրուկ ըսել, որ հոն կան բազմաթիւ աստղեր, տարբեր կալուածներ փարոսող իրագործումներ, որոնց համագումարը, կ՛ըսենք, կը ստեղծէ համ-աստեղ-ութիւն մը: Իսկ եթէ այս մեծ հայուն ափսոսանքը նկատի ունի այն, որ լայն պողոտաներ` չէ կերտած գեղարուեստական գրականութեան ասպարէզին մէջ (ինչպէս, օրինակի համար, սերտ գործակիցներէն` այդ կալուածը Լեւոն Շանթը), «հաւասարակշռուած» է իր գրականագիտութեան, մշակութային ծաւալուն գործունէութեան, նշանաւոր գրողներ յայտնաբերելու-քաջալերելու եւ գլխագիր դաստիարակի` մամուլի ճամբով իր տարած գործի արժանիքներուն շնորհիւ:

Ն. Աղբալեանի ժամանակակիցներէն կարելի է յիշատակել հարիւրաւոր հայ տիտաններ` հայ կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ, որոնք եւս ունին համաստեղային արժանիք: Կան գրողներ` բանաստեղծ, վիպագիր ու թատերագիր, կան` բանասէրներ ու լեզուագէտներ, գրականագէտներ, պատմագէտներ ու պատմաբաններ (վերջին երկուքը տարբեր բաներ են), դաստիարակներ` բառին ամէնէն լայն ու վսեմ իմաստով, եւ անշուշտ կան գիտնականներ ու գաղափարի մարտիկներ, որոնք կը կազմեն բոլորովին այլ տեսակի համաստեղութիւններ: Աչքի առջեւ ունենալով Աղբալեան-համաստեղութեան կեանքի վաստակը` կը տեսնենք, nր ան միաձուլումն է` պատմագիտութեան, գրականագիտութեան, քաղաքական աշխատանքի եւ շա՜տ ու շատ բաներու: Արժանիքներուն ցանկագրումը արդարութիւն պիտի չընէ անոր, որովհետեւ մարդս պիտի տարուի յիշատակուածներով, իսկ շատ բան հարկադրաբար` դուրս պիտի մնայ ցանկէն…

Շատ բան գրուած է Ն. Աղբալեանի (ու սերնդակիցներու) ժառանգութեան ու աւանդին մասին: Գրուածներն ու խօսուածները աչքի առջեւ ունենալով` կարելի է անոր աւանդը բաժնել երկու մեծ խումբի. Ա) գրաւոր ժառանգութիւնը եւ Բ) անկէ անդին տարածուող հանրային-քաղաքական-մշակութային-կրթական իրագործումները:

Համազգայինը` տասնամեակներ առաջ (1959-1970) լոյս ընծայած է անոր գրաւոր ժառանգութեան մէկ ամփոփումը` քառահատորեակ մը, գործնապէս երախտիք արտայայտելով իր հիմնադիրներէն մէկուն: Մօտաւորապէս 1800 էջ հաւաքագրող խմբագրական կազմը կը խոստովանի, որ այդ հատորները միայն մէկ մասն են վաստակաւորին գիրի ժառանգութեան, ու եթէ կարկինը աւելի լայն բանային, էջերու թիւը հաւանաբար կրկնապատիկը պիտի ըլլար: Ի դէպ, Աղբալեանի սերտ գործակիցներէն Լեւոն Շանթի գրական-մտաւորական ժառանգութիւնն ալ հրատարակուած է տասը հատորով, ու այդ ալ լիակատար չէ: Կարելի է յիշատակել Աւետիս Ահարոնեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ այլ ժամանակակից-լծակիցներու գրաւոր ստուար ժառանգութիւնները` յիշատակելու համար մեր նշած համաստեղութիւններէն միայն մէկ քանին:

Ինչ որ պիտի փորձենք սեղմել այս սիւնակներուն մէջ, բնականաբար պիտի ըլլայ դիմաստուերային քաղուածք մը, պիտի փորձենք առանձին-առանձին կանգ առնել անոր իրագործումներուն` գրաւոր եւ կեանքի՛ ժառանգութեան գլխաւոր բնագաւառներուն վրայ:

Քառահատորը` Մեկնակէտ

«Նիկոլ Աղբալեան – Ամբողջական երկեր» քառահատորը, նոյնինքն պատրաստողներուն խոստովանութեամբ, բառացիօրէն ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ չէ, սակայն չենք ուզեր կանգ առնել այդ մանրամասնութեան վրայ: Առաջինը լոյս տեսած է 1959-ին, ապա ընդմիջումներով լրումին հասած է 1970-ին: Աշխատանքին մասնակից եղած են գործակիցներ ու իր արժանաւոր աշակերտներէն մէկ քանին. յիշատակուած են` Գ. Բ.-ի (յայտնապէս Գառնիկ Բանեան), Մուշեղ Իշխանի, Գրիգոր Շահինեանի եւ Երուանդ Փամպուքեանի անունները, որոնք վստահաբար իրենց կողքին ունեցած են այլ մտաւորականներ:

Հատորներէն իւրաքանչիւրը ունի իր առանձին խորագիրը, որ հայելին է բովանդակութեան: Եկէ՛ք, մտնենք իւրաքանչիւրին կողքէն ներս եւ արագ պտոյտներով հպանցիկ ակնարկ մը նետենք ընդգրկած նիւթերուն վրայ:

Ա. հատորին խորագիրն է «Գրական քննադատական երկեր» (աւելի քան 450 էջ): Ն. Աղբալեան հաճելի եւ հաղորդական ոճով, մեծ դաստիարակի մը եւ գրական քննադատի պատմուճանը հագին լուսարձակի տակ առած է` Լեւոն Շանթի, Աւ. Իսահակեանի, հայր Ներսէս Ակինեանի, Գրիգոր Արծրունիի, Գաբրիել Սունդուկեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Ռուբէն Զարդարեանի, Րաֆֆիի, Համաստեղի, Եղիշէ Չարենցի (այս բանաստեղծին մասին` նաեւ աւելի ուշ), Յակոբ Մանանդեանի, Մանուկ Աբեղեանի եւ շարք մը այլ հանճարներու կարգ մը գործերը եւ վաստակը, արժանիքները, անոնց կողքին` Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպը, իր ստորագրութիւնը կրող գրականագիտական այլ յօդուածներ:

Նշենք, որ այս ու նման տիտաններ եւ անոնց ժառանգութիւնը նիւթ դարձած են կեանքին տարբեր հանգրուաններուն` անոր բազմաթիւ դասախօսութիւններուն, սկսելով կանուխ երիտասարդութենէն մինչեւ… վերջին շունչը: Այս էջերը ո՛չ միայն լուսաբանող են ու դաստիարակող, լոյս կը սփռեն յիշեալ տիտաններու արժանիքներուն վրայ, այլ նաեւ ահագին հում նիւթ կը տրամադրեն զանոնք ուսումնասիրել ուզողին: Այս իմաստով, Ն. Աղբալեանի այս էջերը ՍԿԶԲՆԱՂԲԻՒՐ են բառին ամէնէն վաւերական իմաստով:

Բ. Հատորին խորագիրն է «Սայաթ Նովայի հետ» (մօտաւորապէս 250 էջ): Ն. Աղբալեան մեծ աշուղին համաքաղաքացին էր` ծնած ըլլալով եւ կեանքի կարեւոր փուլերը ապրելով Թիֆլիսի մէջ: Այդ հանգամանքով ան ծանօթ էր Թիֆլիսի բարբառին, որուն ամէնէն փայլուն վկայութիւնն է Սայաթ Նովայի «Տաֆթար»-ը (չենք արհամարհեր Սունդուկեանը եւ այլ թիֆլիսեցիներ, որոնք օգտագործած են շրջանի ժողովուրդի սովորական լեզուն): Ն. Աղբալեան կանուխէն դարձած է Սայաթ Նովայի մէկ սիրահարը (այդ տարիներուն, մինչեւ այսօր ալ, մեծ աշուղը ունեցած է եւ ունի սիրահարներու, ուսումնասիրողներու բանակներ), անոր տաղերը ներգրաւած են զինք, մղած` խորամուխ ըլլալու անոնց ծալքերուն, դարձած է իսկական սայաթնովայագէտ մը` իր անունը արձանագրելով այս կալուածի մասնագէտներուն շարքին (Մօրուս Հասրաթեան, անկէ առաջ, եւ մինչեւ Պարոյր Սեւակ եւ ուրիշներ): Ժամանակակիցները վկայած են, որ Աղբալեան ո՛չ միայն խորասուզուած է «Տաֆթար»-ին մէջ, այլ նաեւ յաճախ երգած է անոր տաղերը (աղուոր ձայն ունեցած է), քաջալերած է, որ երիտասարդ երգիչներ ու երգչուհիներ այդ երգերը վերապրեցնեն հարազատութեամբ: Այստեղ կ՛արժէ արձանագրել վկայութիւնը անցեալ դարու կէսերուն Պէյրութի մէջ հռչակ ունեցող երգչուհիներէն` Մաթիլտ Պուտագեանի. «Ազդակ»-ի (Արեւմտեան Պէյրութի օրերուն) դրացի ըլլալով` Մաթիլտը յաճախ կ՛այցելէր տպարան-«նկուղ»-ը, խմբագիր ու գրաշար կը զուարճացնէր երգելով (դուրսը կար` ռումբերու «համերգը»), եւ մէկէ աւելի առիթներով պատմած է. թէ երիտասարդութեան օրերուն լսած է Աղբալեանի երգելը, նաեւ` անկէ քաջալերանք ստացած որպէսզի Սայաթ Նովա երգէ…

Հատորին մէջ Ն. Աղբալեան կատարած է քանի մը տաղերու մեկնութիւնը, որ կարեւոր էջ է սայաթ-նովայագիտութեան կալուածին մէջ: Հոն կան նաեւ աշուղին մասին դասախօսութիւն, մամուլի էջերէն քաղուած յօդուածներ, որոնք զիրար կը լրացնեն եւ նոր լոյս կը սփռեն աշուղին արժանիքներուն վրայ:

Հատորը ունի «Յաւելուած» մը, ուր տեղ գտած են գրախօսականներ եւ արձագանգներ` Պոլսոյ մէջ 1914-ին լոյս տեսած «Նաւասարդ»-ին (միակ թիւը եւ թանկարժէք ժառանգութիւն մը` մեծ մասամբ Ցեղասպանութեան զոհ գացածներու ժառանգութենէն), Յ. Թումանեանի` աշուղական գրականութեան մասին մեկ գիրքին, էջեր` Վահան Տէրեանի մասին, Ստեփան Զօրեանի «Տխուր մարդիկ»-ին իր գրած յառաջաբանը եւ արժէքաւոր ընդհանուր ակնարկ մը` մեր գրականութեան վրայ: Արձանագրենք, որ հմտացած է մեր մատենագիրներու ժառանգութեան մէջ:

Սայաթ Նովայի վերաբերող այս բաժինին մէջ կ՛արժէ փոքր փակագիծ մը բանալ եւ արագ ակնարկութիւն մը ընել բանասիրական հարցի մը` Սայաթ Նովայի ծննդեան թուականին «առեղծուած»-ին: Մեր գրականութեան պատմութեան միջին դարերը նորին կամրջողներէն Սայաթ Նովան ունեցած է փոթորկայոյզ կեանք մը, որ աւարտին հասած է նահատակութեամբ: Գրականագէտներու համար վիճայարոյց հարց եղած է անոր ծննդեան թուականը: Տարբեր ուսումնասիրողներ, որոնց շարքին` Ն. Աղբալեան, այդ թուականը «տարուբերած են» 1712-էն մինչեւ 1720-ականներու երկրորդ կէսը: Մահուան թուականը աւելի յստակ է եւ` վաւերագրուած: Եւ ահա մեր երկնակամարին վրայ երեւցած է Պարոյր Սեւակ անունով հրաշք մը, որ ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկած է աշուղին տաղերը, անոր մասին տուեալները, կատարած է մասնագիտական քննարկում ու վերլուծում, ի վերջոյ ՓԱՍՏԱԾ է, որ Սայաթ Նովայի ծննդեան թուականն է 1722-ը: Անոր «Սայաթ Նովա» ուսումնասիրութիւնը նոր անկիւնադարձ մը նշած է աշուղը ուսումնասիրողներու ճամբուն վրայ, այսուհանդերձ, մինչեւ այսօր ալ շատեր (Հայաստանի մէջ եւ այլուր) Սայաթ Նովայի ծննդեան թուականը կ՛ընդունին 1712-ը` (անիկա մտած է Հայաստանի Համայնագիտարանին մէջ, որ ընդունուած է իբրեւ հեղինակութիւն: Կարելի է ենթադրել, որ այդ բաժինը պատրաստողները տակաւին ծանօթ չէին Սեւակի փաստարկումներուն): Փակենք փակագիծը եւ անցնինք յաջորդ հատորին:

Գ. Հատորին խորագիրն է «Մտածումներ» (մօտաւորապէս 470 էջ): Խորագիրը քիչ մը խաբուսիկ է, որովհետեւ էջերը այս կամ այն դէպքին, երեւոյթին կամ որոշ իրականութիւններու մասին սոսկական խորհրդածութիւններ` ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ չեն, այլ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԻՆ «կենսագրութեան»` միտքի ստուար արգասիքին մէկտեղումը:

Եթէ արագօրէն արձանագրենք բաժիններուն խորագիրները, ընթերցողը ընդհանուր պատկերացում մը կ՛ունենայ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք, երբ մէկուն ժառանգութեան կու տանք վիթխարի բնութագրումը: Հատորը ունի ներքին բաժիններ: Առաջին բաժինին մէջ կան պատմական եւ գրականագիտական քննարկումներ, շարք մը գիրքերու ներկայացում` խոր քննարկումի ճամբով, էջեր` Հայաստանի լուսաւորումի գործին մասին (չմոռնանք, որ անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն եղած է լուսաւորութեան = կրթական ու մշակոյթի նախարար), Սեբաստիոյ մասին մասնագիտական ուսումնասիրութիւն մը, այլ ուսումնասիրութիւն մը` Հայ դատի մասին, ներկայացուած թիւերով nւ ուշագրաւ փաստերով, եւ նմանօրինակ քննարկումներու կողքին` Պալքանեան պատերազմին մասին ծաւալուն քննարկում մը, մօտաւորապէս 50 էջերու վրայ տարածուող:

Երկրորդ բաժինը աւելի՛ արժանի է հատորի ընդհանուր խորագիրին: Ահա հոս է, որ լոյս աշխարհ կու գան անոր ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ. նախ Դաշնակցութեան, ապա նաեւ` անոր կանոնագիրին մասին: Կը յաջորդեն քննարկումներ եւ խորհրդածութիւններ` ազգային դաւանանքի եւ մշակոյթ հասկացողութեան մասին: Պէտք ունի՞նք կրկնելու, որ Աղբալեան մշակոյթի գլխագիր մարդ էր:

Երրորդ բաժինը, մտածումներու մօտեցումով, լրացուցիչն է երկրորդ բաժինին եւ… բաւական հարուստ է խորագիրներով: Հոն Ն. Աղբալեանի ակնոցով ու մտաւորականի հայեցողութեամբ, կը տողանցեն» բազմաթիւ պատմակերտ դէմքեր ու դէպքեր: Հոն են` Ս. Զաւարեանը, հայդուկապետ Քեռին (յուղարկաւորութեան առիթով մտածումներ), Անդրանիկը, Ներսես արք. Մելիք-Թանքեան ու Գիւտ եպիսկոպոս, Ա. Ահարոնեան, Բարսեղ Կանաչեան: Անոնց քովն ի վեր` խորհրդածութիւններ եւ վերլուծումներ` ապրիլ 24-ի, ՀՅԴ օրուան առիթով, գնահատականներ` ՀՄԸՄ-ի, Օգնութեան խաչի, Վարդանանքի մասին, տակաւին, էջեր` Վանի հերոսամարտին (որուն մասնակից է եղած այս մարտիկ-երգիչը…) ու Հայ մշակոյթի օրուան մասին, կայ նաեւ մեր մշակոյթին մասին դասախօսութեան մը արձանագրութիւնը: Կ՛արժէ արձանագրել, որ Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան ծաւալման մէջ բանալի դեր ունեցած է այս նախարարը (վերջերս մեզմէ հեռացած Յարութ Չէքիճեանի վերջին հատորներէն մէկը` Հայաստանի մէջ մարզական այս միութեան գործին մասին, լայն վկայութիւններ հաւաքած է այս դերին մասին):

Դ. Հատորը կը կրէ «Պատմութիւն հայոց գրականութեան» խորագիրը (շուրջ 500 էջ): Կրնանք ամենայն վստահութեամբ ըսել, որ այս հատորը մեր մշակոյթին մասին դասագիրքերու շարք մըն է: Այս ալ կ՛ընդգրկէ երեք ենթաբաժիններ, որոնք իբրեւ նախաբան` ունին մեր հին գրականութեան պատմութիւնը` ընդհանուր գիծերու մէջ, նաեւ` իր դասաւանդած նիւթերը:

Առաջին ենթաբաժինը կը բացուի գրականութեան մասին ընդհանուր ակնարկով մը, կը յաջորդեն գրականութեան պատմութեան, նաեւ` հայուն ու աշխարհին, լեզուին ու գիրքի- գրիչի մասին քննական-վերլուծական էջեր: Բ. մասը կը բացուի մատենագիտութեան մասին դասախօսութեան մը բնագիրով, ապա քննական էջեր` գրականութեան պատմութեան ուսումնասիրութիւններու դժուարութիւններուն մասին, դարձեալ լեզուի ու հայուն միջավայրին մասին քննական էջեր: «Այցելութիւն» մը կու տայ նաեւ մեր նախագրական դարաշրջանի ժառանգութիւններուն, յետոյ կը բացուին մասնագէտ մատենագիրը ցուցահանող էջերը: Այս բաժինին մէջ կան էջեր` մեր գիրերու գիւտին, Ոսկեդարու գրականութեան, զայն արարողներէն` Եզնիկի ու Կորիւնի, Փարպեցիի ու Խորենացիի, Փաւստոսի ու Ագաթանգեղոսի, Եղիշէի, ապա նաեւ Սեբէոսի, Զենոբ Գլակի, Մայրագոմեցիի մասին, առանձին գլուխներ` մեր շարականներուն ու յունաբանական դպրոցին մասին: Այս բոլորէն անդին` կայ յաւելուածի բաժին մը, ուր տեղ գտած են Ե. դարու գրականութեան ըմբռնումին մասին քննարկում մը, ապա վերլուծում մը` Խորենացիի պատմութեան մասին, վերջապէս էջեր` Նարեկացիի եւ Կորիւնի մասին:

(Շար. 1)

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կը Մերժեն Փողոցը Անուանակոչել Հայ Բժիշկին Անունով

Յաջորդը

Նիկոլ Աղբալեան. Անհասանելի Գաղափարական Տաճարին Քրմապետը (Ծննդեան 150-Ամեակ)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.