Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիին Էջը

November 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրորդ Տունը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ակումբները մեր երկրորդ տուներն են, ուր մենք` պատանիներս, կը հաւաքուինք հոն եւ պատանեկան մեր աշխատանքները կը կատարենք, ինչպէս նաեւ շատ բան կը սորվինք մեր երէց ընկերներէն` իրենց փորձառութենէն, խրատներէն եւ թելադրանքներէն:

Դաշնակցութեան ակումբները միայն քարաշէն կառոյցներ չեն, այլ իրականութեան մէջ անոնք կը հանդիսանան հայ երիտասարդութեան համար կարեւոր կրթական եւ գաղափարական կեդրոններ, ուր կը պատրաստուին ապագայ առաջնորդները եւ ազգային գործիչները` հիմնուելով ազգային-հայրենասիրական սկզբունքներուն վրայ: Ակումբներուն մէջ պատանիներն ու երիտասարդները առիթ կ՛ունենան զարգացնելու բազմապիսի հմտութիւններ` մասնակցելով զանազան ծրագիրներու:

Այս ակումբները ո՛չ միայն քաղաքական մտքի կազմաւորման կեդրոններ են, այլեւ մշակութային ու ընկերային կեդրոններ են, ուր երիտասարդներ կը հաւաքուին, կ՛ունենան զրոյցներ ազգային, մարզական, քաղաքական եւ ընկերային նիւթերու շուրջ:

Լիբանանի մեր գաղութի թաղային դրութիւնը` ակումբ, դպրոց, եկեղեցի կապը, լաւապէս ծառայած է հայապահպանման աշխատանքին:

Մեր ակումբները եղած են ու կը մնան ապահով ժողովրդային տուներ:

ՑՈԼԵՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ

Յեղափոխական Երգերը
Կ՛անմահացնեն Հերոսները

«Մեր ազգային յեղափոխական երգերը պիտի հնչեն, այնքան ատեն որ անոնց բառերուն եւ մեղեդիին մէջ ծածանող երազը իրականութիւն չէ դարձած»

Մուշեղ Իշխան

Ազգային յեղափոխական մեր բոլոր երգերը, որոնք ցարդ ամէն առիթներով կը հնչեն հայ պատանիի, պարմանուհիի, երիտասարդի շուրթերուն վրայ, ստեղծուած են հետեւողութեամբ մեր ազատագրական պայքարի: Բոլոր երգերը մէկական պատմութիւն են:

Այսպէս, կուսակցութեան գաղափարին հաւատարիմ սերունդներ միշտ երգեցին ու տակաւին կը շարունակեն երգել: Այս երգերը ձօնուած են մեր նախկին ու նաեւ մերօրեայ հերոսներուն, ֆետայիներուն, ազատամարտիկներուն, մեր քաջարի զինուորներու քաջագործութիւններուն եւ նահատակներուն: Մէկ խօսքով, մեր արդի պատմութեան անմոռանալիներուն յիշատակը կ՛ապրի այս երգերով, որոնք քաջութին ներշնչող, մեծապէս խթանող եւ ազատատենչ ոգիով լեցնող են: Այսօր ալ մեր պատանիները ՀՅԴ-ի ակումբներուն մէջ եւ հայ կեդրոններուն մէջ նոյն երգերը սորվելով` կը ծանօթանան մեր պատմութեան, մեր դարաւոր թշնամիին դէմ պայքարած հերոսներու սխրագործութիւններուն եւ անուններուն: Երգեր, որոնք իւրայատուկ հմայք ունին: Այս ձեւով մեր հերոսները կ՛անմահանան:

ԷԼԻԶԱՊԷԹ ԶՈՊՈՒՅԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Երգը Վախի Դէմ Զէնք Է

Երբ մարդիկ երգեն յեղափոխական երգեր, անոնք ոչ միայն կը յիշեն իրենց ազգին պատմութիւնը, այլ կը զգան, որ մաս կը կազմեն պայքարին: Երգերը կ՛արթնցնեն հպարտութիւն, յոյս եւ  միասնականութիւն: Այդ երաժշտական արտայայտութիւնները կ՛ունենան զգացմունքային խորութիւն, որ սովորական խօսքը չի կրնար փոխանցել:

Թէեւ այսօր պայքարի ձեւերը փոխուած են, սակայն յեղափոխական երգերու կարեւորութիւնը չէ կորսուած: Անոնք կը պահեն մշակոյթը, կը փոխանցեն արժէքներ եւ կը յիշեցնեն, թէ որքա՛ն արժէքաւոր է ազատութիւնը: Նոր սերունդները պէտք է շարունակեն լսել, հասկնալ եւ երգել ա՛յս երգերը, որպէսզի անցեալը չմոռնան եւ գալիքին արժանաւոր առաջնորդեր դառնան: Յեղափոխական երգերու միւս կարեւոր կողմը ա՛յն է, որ երգը հոգեբանական զէնք է: Երբ մարդիկ միասին երգեն, այդ զգացումը կը պարգեւէ անսահման ուժ եւ համարձակութիւն: Երգը ինքնին կ՛ունենայ բուժիչ ազդեցութիւն. կը շրջանցէ վախը եւ յոյս կը ներշնչէ: Այդ երգերուն միջոցով պայքարը կ՛ըլլայ աւելի իմաստալից եւ ուժգին: Յեղափոխական երգերը ո՛չ միայն կը համախմբեն մարդիկ, այլ կը յառաջացնեն համերաշխութիւն եւ միասնական զգացում` անկախ տարիքի, սեռի կամ դասակարգի տարբերութիւններէն:

ԳԱԼԻՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Յեղափոխական Երգերուն
Կարեւորութիւնը

Յեղափոխական երգերը մեզի համար` իբրեւ դաշնակցական պատանիներու, մեծ դեր եւ նշանակութիւն ունին: Անոնք պատմութենէն ծնած երգեր են, եւ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ ֆետայական դէմքի մը կամ հերոսական դէպքի մը մասին: Անոնց մեծ մասը ժողովրդական երգեր են, հետեւաբար անկեղծ արտայայտութիւններ են:

Այս երգերը նոր սերունդը ոգեւորող, ներշնչող եւ դաստիարակող բնոյթ ունենալու կողքին, նաեւ մեր պատմութիւնն ու ինքնութիւնը յիշեցնող դերակատարութիւն ունին:

Գիտակցելով այս բոլորին կարեւորութեան եւ դերին, ջանանք սորվիլ, յաճախ երգել ու տարածել հայ յեղափոխական երգը:

ՎԻԳԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ

Ակումբները Ապահովութեան
Կեդրոններ Են

Մենք կ՛ապրինք Լիբանանի մէջ, եւ այստեղ օտարութիւնը շատ զգալի է, բայց մեր ակումբները կ՛աշխատին այս հոսանքին դէմ կանգնելու` ստեղծելով նոր Հայաստան մը: Հայրենիքը միա՛յն բուռ մը հող չէ. Հայաստանը կը կազմուի ժողովուրդէն: Հայաստանը մենք ենք: Մենք, որ օտարութեան մէջ հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ հայ ենք եւ կը փառաւորուինք հայ մնալով:

Հոս ունինք բազմաթիւ ակումբներ, որոնք ընդարձակ գործունէութիւն կը կատարեն, որպէսզի հայ մարդը օտարութեան մէջ ապահով զգայ: Ակումբ յաճախելով` անձ մը կը դառնայ հայրենասէր, արի եւ գիտակից անհատ մը, որ ապագային հայրենիքը պիտի պահէ:

Այս սերունդն է հայրենիքի ապագան եւ պաշտպանը: Ակումբները, սերունդներ դաստիարակելու կողքին, երիտասարդութեան մէջ կը սերմանեն հայրենասիրութիւն: Եթէ չըլլային ակումբները, օտարութեան մէջ հայ մարդը այսքան ազատ ու ապահով չէր ըլլար:

Ամէն ինչ սկսաւ 1890-ին` Ստեփան Զօրեանի, Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Սիմոն Զաւարեանի միջոցով: Այսօր մենք կը շարունակենք անոնց սկսած գործը, եւ պիտի շարունակեն նաեւ ապագայ սերունդները:

«Հայ ենք եւ հայ պիտի մնանք». այս խօսքը փորագրուած է ամէն հայու սրտին մէջ: Այս խօսքն է, որ հայը կը դարձնէ աւելի ուժեղ եւ անկոտրում: Շատ դժուարութիւններ դիմագրաւեցինք, բայց մենք կանք եւ պիտի շարունակենք մնալ: Այս ուղղութեամբ տակաւին մեծ աշխատանք ունինք կատարելիք:

ՌԻԹԱ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Յոյս, Կամք Եւ Հպարտութիւն

Հայ յեղափոխական երգերը պարզապէս ճոխ երգեր չեն, այլ կը քարոզեն մեր պատմութիւնն ու պայքարը: Այս երգերը գրուած ու ստեղծուած են հայ ժողովուրդին տառապած դժուար պայմաններուն ընթացքին, երբ կը պահանջէին ազատութիւն եւ անկախութիւն:

Յեղափոխական երգերը մեզի կը պատմեն մեր հերոսներուն, ֆետայիներուն եւ անոնց զոհողութիւններուն մասին` յիշեցնելով, թէ մեր ազգը ինչպիսի՛ դժուարութիւններէ անցած է, բայց միշտ դարձեալ ոտքի կանգնած ու պայքարած է: Նաեւ այս երգերուն մէջ յոյս եւ կամք կը զգանք, եւ երբ կը լսենք «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ի կամ «Զարթի՛ր, լաօ»-ի նման երգեր, կը հպարտանանք: Մենք միշտ պէտք է պահպանենք մեր իրաւունքները եւ ինքնութիւնը, եւ երգը միջոց է, կապ է:

Կարեւոր է, որ հասկնանք յեղափոխական երգերուն իւրաքանչիւրին իմաստն ու պատգամը, որովհետեւ ամէն մէկ երգ ունի իր պատմութիւնը, դրուագը եւ դէմքը, որովհետեւ երգը դաստիարակութեան միջոց է, որովհետեւ երգը յեղափոխական ոգի փոխանցող է:

ԿԱՐՈՒԺ ԱՐՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարսդեան» ՊՄ

Ընկեր Ունենալը Հարստութիւն Է

Ընկեր-ընկերուհի ունենալը շատ հաճելի բան է կեանքին մէջ: Ընկերը անհատ մըն է, որուն հետ կը բաժնենք մեր ուրախութիւնները, տխրութիւնները եւ կ՛աջակցինք դժուար պահերուն:

Մենք մեր ընկերներներուն կը վստահինք, իրենց մեր կարծիքները կու տանք ու կ՛օգնենք, որ ճիշդ որոշումներ տան:

Մենք` իբրեւ դաշնակցական ընկեր-ընկերուհիներ, պէտք է մեր ընկերներուն սորվեցնենք հայութեան եւ հայրենիքին արժէքը:

Ֆետայիները իրենց կեանքին գնով պաշտպանեցին հողը, որպէսզի իրենց ընկերներուն ու գալիք սերունդներուն գործը շարունակուի:

Թիւը այդքան կարեւոր չէ. կարեւորը տեսակն է, սէրն ու յարգանքն է, կապուածութիւնն է, վստահութիւնն է: Ընկեր ունենալը հարստութիւն է, իսկ դաշնակցական ընկերներով շրջապատուիլը` հպարտութիւն:

ԱՐԱԶ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Ազնուագոյն Զգացումը`
Ընկերասիրութիւնը

Ընկեր մը մութին մէջ կրնայ լուսաւորել, հաւատք եւ յոյս ներշնչել, լուռ մտիկ ընել ու միշտ կողքիդ կանգնած խաղաղութիւն պարգեւել:

Ընկերասիրութիւնը մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ամէնէն կարեւոր եւ ազնիւ ձեւն է: Անիկա վստահութեան, յարգանքի եւ անկեղծ սիրտի կարեւոր խորհրդանիշներ է: Ճիշդ ընկերը այն անձն է, որ քեզ կը սիրէ` միասնաբար ուրախանալով, տխրելով եւ կողքիդ մնալով: Տարիներու ընթացքին ընկերութիւնը կ՛աճի: Ընկերները զիրար կը հասկնան առանց խօսելու, կը զգան, նոյնիսկ երբ չես ուզեր արտայայտել զգացումներդ:

ԳԼՕԷ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ՊՄ

Ճշմարիտ Ընկերը

Բարեկամութիւնը յատուկ կապ մըն է, սակայն պէտք է ուշադիր ըլլալ ընկեր ընտրելու ժամանակ:  Կան «ընկերներ», որոնք «հետդ են», բայց դէմդ են, դէմդ կը գործեն, տեղեկութիւններդ կ՛օգտագործեն, վստահութիւնդ կը շահագործեն, իսկ կան ընկերներ, որոնք կեանքդ կը փոխեն:

Ժամանակի ընթացքին միայն կրնաս գիտնալ, թէ ո՛վ է իսկական ընկերդ: Ճիշդ ընկերասիրութիւն` կը նշանակէ ունենալ վստահութիւն, քաջալերանք, յարգանք, ուրախութիւն եւ հաւատարմութիւն ընկերոջ հանդէպ:

ՔՐԻՍԹԷԼ ԻԳՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Պանկլատէշի Կողմնացոյցը

Յաջորդը

Հայ Ազգը 2100 Թուականին Եւ Անդին…

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.