Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլասխարթ. «Բանակցութեան Յարմար Պահը Հիմա Է»

November 22, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժենին Հենես-Պլասխարթ նշեց, թէ 27 նոյեմբեր 2024-ի թշնամական արարքներու դադրեցման փոխհասկացողութեան ուժի մէջ մտնելէն անցած է մէկ տարի, եւ այդ թուականէն ի վեր փոխհասկացողութեան կարգ մը կէտերու գործադրութեան մէջ նկատառելի յառաջընթաց արձանագրուած է, իսկ այլ կէտեր տեղքայլի մէջ են: Ան այս մասին յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան շուրջ զեկուցումին մէջ:

«Ժամանակի ազդակը վճռորոշ դարձաւ», շեշտեց Պլասխարթ` աւելցնելով. «Լիբանան այլեւս չի կրնար դանդաղկոտի տեսքով հանդէս գալ, ըլլայ այդ երկխօսութեան մէջ ներգրաւուելուն կամ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն մէջ»:

«Հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ որդեգրելու պետութեան իշխանութեան տարածման վերաբերեալ կառավարական համապարփակ մօտեցում մը», յայտնեց պաշտօնատարը:

Պլասխարթ նաեւ նշեց. «Լիբանանեան բանակը առանձինը չի կրնար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան թիւ 1701 որոշումը գործադրել»:

Ան շեշտը դրաւ Լիբանանի մէջ բարեկարգումի թղթածրարին մէջ յառաջընթացի արձանագրման վրայ` աւելցնելով. «Լիբանան պէտք է այս առիթէն օգտուի, եւ անգամ մը եւս չդառնայ զոհը ներքին քաղաքական խուսանաւումներուն, որոնք երկար ժամանակ երկրին «ձեռքերը կապած» են»:

Անդրադառնալով Իսրայէլ-Լիբանան յարաբերութիւններուն` Պլասխարթ յայտնեց. «Շրջանային պատկերի փոփոխութիւնը երկու երկիրներուն առջեւ յատուկ առիթ կ՛ընծայէ»` աւելցնելով. «Ինչպէս Լիբանան առիթը պէտք է օգտագործէ, Իսրայէլ եւս այդ առիթը պէտք է օգտագործէ»:

«Ներկայ կացութիւնը ո՛չ Իսրայէլի, ո՛չ ալ Լիբանանի ռազմավարական շահերուն կը ծառայէ, այլ ապագային յաւելեալ անկայունութեամբ կը սպառնայ, եթէ ոչ հիմա, ապա` հետագային», շեշտեց Պլասխարթ:

«Իրագործելու համար կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, որոնց գծով երկու կողմերը կ՛ըսեն, թէ անոնց կը ձգտին, բանակցութեան եւ երկխօսութեան յարմար պահը հիմա է», շեշտեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը:

 

Նախորդը

Ռաժժի Իրանցի Իր Պաշտօնակիցը Կը Հրաւիրէ Չէզոք Երկիրի Մը Մէջ Առկախ Թղթածրարներու Շուրջ Բանակցելու

Յաջորդը

Փարիզ. «Կը Դատապարտենք Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.