Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Շատ Սիրուած Է Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն»

May 21, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կ՛ԸՍՈՒԻ, ԹԷ ԽԱԼԻԼ ԺԸՊՐԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՎԱՃԱՌՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՂ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐԷՆ Է: ԱՆՈՐ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂ ՄԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՔՆՆԱԴԱՏՆԵՐ ՄԻՇՏ ԱԼ «ԳԱՂՋ» ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ ԵՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ: ՈՒՐԵՄՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՆՈՐ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑԸ` «ՄԱՐԳԱՐԷ»-Ն ԽՕՍԱԾ Է ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՍՐՏԻՆ: ՇՈՔՈՒ ԱՄԻԱՐԱՆԻ ԵՒ ՍԹԵՖԱՆԻ ՀԵԿԱՐԹԻ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ` ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ:

«Մարգարէ»-ն տեւաբար վերահրատարակուած է 1923-էն ի վեր, երբ առաջին անգամ տպագրուած է: Այս անթառամ դասական գործը թարգմանուած է աւելի քան 50 լեզուներու եւ հիմնական ներկայութիւն է ամէնէն աւելի լաւ վաճառք արձանագրող գիրքերու միջազգային ցանկերուն վրայ: Կ՛ենթադրուի, թէ տասնեակ միլիոնաւոր օրինակներ ծախուած են անկէ:

Թէեւ այս գիրքը իրողապէս անտեսուած է Արեւմուտքի գրական շրջանակներուն կողմէ, սակայն աշխարհի տարածքին անոր տողերէն ներշնչուած են երգերու բառեր, քաղաքական ճառեր, հարսանեկան մաղթանքներ եւ դամբանականներ:

«Անիկա կը ծառայէ անձի մը կեանքին մէջ տարբեր առիթներու կամ յատկանշական պահերու, հետեւաբար յարմար նուէր մը կը նկատուի սիրահարի մը եւ յաճախ կը տրուի ծնունդի կամ մահուան առիթով: Այս պատճառով է, որ շատ տարածուած է, եւ մարդիկ իրարու պատմած են անոր մասին», կ՛ըսէ Օքսֆորտ համալսարանին մէջ արաբական արդի գրականութեան դասախօս Մոհամետ Սալեհ Օմրի:

Պիթըլզ խումբին անդամները, Ճոն Քենետի եւ Ինտիրա Կանտի այն անձերէն են, որոնք կրած են Ժըպրանի բառերուն ազդեցութիւնը:

«Այս գիրքը ձեւով մը կարողութիւնը ունի խօսելու մարդոց սրտին, անոնց կեանքի տարբեր հանգրուաններուն: Անիկա օժտուած է այս կախարդական յատկութեամբ. որքան աւելի կարդաս զայն, այնքան աւելի կը հասկնաս, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն բառերը», կը բացատրէ Նիւ Եորքի մէջ միջկրօնական առաջնորդ վեր. Լորի Սիւ, որ հարիւրաւոր հարսանիքներ գլխաւորած է «Մարգարէ»-էն ընթերցումներով:

«Այսուհանդերձ, անիկա դաւանագիրք մը չէ, այլ հասանելի է բոլորին, ըլլան անոնք հրեայ, քրիստոնեայ, թէ իսլամ», կ՛աւելցնէ ան:

Գիրքը կը բաղկանայ 26 արձակ բանաստեղծութիւններէ, որոնք իբրեւ քարոզ կը փոխանցուին Ալ Մուսթաֆա անունով իմաստուն մարդու մը կողմէ: Ալ Մուսթաֆա կը պատրաստուի դէպի իր երկիրը նաւարկելու 12 տարի երեւակայական կղզիի մը վրայ աքսորի մէջ ապրելէ ետք, երբ կղզիին բնակիչները կը խնդրեն իրմէ, որ իրենց հետ բաժնէ իր իմաստութիւնը` կեանքի մեծ հարցերուն մասին, ինչպէս` սէր, ընտանիք, աշխատանք եւ մահ:

«Մարգարէ»ին ժողովրդականութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է 1930-ական տարիներուն, ապա դարձեալ` 1960-ական տարիներուն, երբ անիկա դարձած է մշակութային հաստատուած աւանդութիւններու դէմ հակադրուող մշակոյթի մը սուրբ գիրքը:

«Շատեր եկեղեցիէն հեռացան իբրեւ կառոյց եւ հետեւեցան Ժըպրանի», կ՛ըսէ Միշիկընի համալսարանին մէջ Միջին Արեւելքի պատմութեան դասախօս Խոան Քոլէ, որ ժըպրանէն բազմաթիւ գործեր թարգմանած է արաբերէնէ:

«Ան կ՛առաջարկէր ուսմունքներէ զերծ տիեզերական ոգեղէնութիւն մը, որ կը հակադրուէր կրօնական ուղղափառութեան: Իսկ անոր ոգեղէնի պատկերացումը բարոյախօսական չէր: Իրօք, ան մարդոց կը մղէր դատողական մօտեցում չցուցաբերելու», կը բացատրէ ան:

Հակառակ իր գրութիւններուն վայելած լայնածիր ժողովրդականութեան, կամ` թերեւս այս պատճառով, «Մարգարէն» թիրախը դարձած էր Արեւմուտքի մէջ բազմաթիւ քննադատներու, որոնք զայն արհամարհած են իբրեւ պարզամիտ, մանկունակ եւ սնամէջ գործ մը:

«Արեւմուտքի մէջ Ժըպրան չէր ներառուած անգլերէն գրականութեան գրացանկերուն մէջ», կ՛ըսէ Քոլէ:- «Թէեւ1918-էն ետք ան գրած է անգլերէնով եւ ամերիկեան պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի լաւ վաճառուած բանաստեղծներէն է, սակայն անգլերէնի դասախօսները կ՛արհամարհէին զայն»:

«Անկեղծօրէն, արեւմուտքցի ակադեմականները Ժըպրանը կը ստորադասէին իբրեւ «դատարկամիտ» անձ մը, որովհետեւ ան հաճելի կը թուէր զանգուածներուն: Կը կարծեմ, թէ ան սխալ հասկցուած էր Արեւմուտքի մէջ: Անշո՛ւշտ ան դատարկամիտ մը չէր: Իրօք, անոր արաբերէն գրութիւններուն ոճը շատ կատարելագործուած է»:

Ժըպրան երազ մը տեսնելէ ետք գծած է Մարգարէն:

«Կասկած չկայ, թէ Ժըպրան արժանի է իր տեղը ունենալու արեւմտեան գրացանկերուն մէջ: Տարօրինակ է անգլերէն գրականութիւն դասաւանդել, եւ արհամարհել գրական նման երեւոյթ մը»:

Ժըպրան գրագէտ էր եւ գեղանկարիչ` իր ուսումով: 1908-ին Փարիզի մէջ աշակերտած էր գեղանկարչութեան խորհրդապաշտ աւանդութեան դպրոցին: Ան յարաբերութիւններ մշակած էր իր ժամանակներու մտաւորական վերնախաւին հետ, որուն մաս կը կազմէին Ուիլիըմ Պաթլըր Եէյց, Քարլ Եունկ եւ Օկիւսթ Ռոտեն, որոնց բոլորին դիմանկարները գծած է:

Քանդակագործ Ռոտենի նման խորհրդապաշտներ, ինչպէս նաեւ անգլիացի բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ Ուիլիըմ Պլէյք, որ մեծ ազդեցութիւն գործած է Ժըպրանի վրայ, կը նախընտրէին վիպերգականութիւնը, քան` իրապաշտութիւնը: Այս շարժումը արդէն նորաձեւութիւն չէր 1920-ական տարիներուն, երբ Թի. Էս.  Էլիըթի  եւ Էզրա Փաունտի նման հեղինակներ սկսած էին ժողովրդականութիւն վայելել:

Ժըպրան գծած է աւելի քան 700 գեղանկարներ, ջրանկարներ եւ գծանկարներ: Անոր մահէն ետք գեղանկարներուն մեծ մասը փոխադրուած է Լիբանան եւ այս պատճառով չէ արժանացած Արեւմուտքի ուշադրութեան:

Մերիլենտի համալսարանին Արժէքներու եւ խաղաղութեան Խալիլ Ժըպրան բաժանմունքի տնօրէն Սուհէյլ Պըշրաուի Ժըպրանը կը նմանցնէ Շելիի եւ Պլէյքի նման անգլիացի վիպերգակներու եւ կ՛ըսէ, թէ Պլէյքի նման Ժըպրան անտեսուած էր իր ժամանակներուն:

«Զայն կը կոչէին «խենթ Պլէյք»-ը, իսկ այժմ ան գլխաւոր կերպար մըն է անգլերէն գրականութեան մէջ: Հետեւաբար, երբ գրաքննադատներ լուրջ մօտեցում չեն ցուցաբերեր գրագէտի մը նկատմամբ, ասիկա ցուցանիշ չէ անոր գործին արժէքին»:

Լիբանանի մէջ, ուր ծնած է Ժըպրան, զայն մինչեւ այսօր կ՛ոգեկոչեն իբրեւ գրական հերոս մը:

Ժըպրանի ոճը, որ հեռացած է դասական դպրոցէն, ճամբայ բացած է վիպերգական նոր շարժումի մը` արաբական գրականութեան արձակ բանաստեղծութեան մէջ:

«Խօսքը կը վերաբերի արաբական արդի գրականութեան մէջ վերածնունդի մը, որուն հիմերը կը գտնուին Ժըպրանի գրականութեան մէջ», կ՛ըսէ Պըշրաուի:

Արաբական աշխարհի տարածքին Ժըպրան կը նկատուի ըմբոստ մը` գրական եւ քաղաքական առումով: Ան 12 տարեկանին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, սակայն երեք տարի ետք վերադարձած է Լիբանան, ուր ականատես դարձած է գեղջուկներու տառապանքին` օսմանցի իշխանաւորներու տիրապետութեան տակ:

«Քրիստոնեայ էր, սակայն կը տեսնէր, թէ քրիստոնէութեան անունով ի գործ կը դրուէին բաներ, զորս ինք չէր կրնար ընդունիլ», կ՛ըսէ Պըշրաուի:

Ժըպրան գեղանկարիչը գծած է աւելի քան 700 նկարներ, որոնց շարքին` այս մէկը, որ կը պատկերէ իր ընտանիքը:

Իր գրութիւններուն մէջ Ժըպրան կը պոռթկար կիներու ճնշուածութեան դէմ եւ` եկեղեցիին բռնատիրութեան, նաեւ կոչ կ՛ուղղէր ձերբազատելու օսմանեան տիրապետութենէն:

«Ինչ որ կ՛ընէր, յեղափոխաշունչ էր, եւ արաբական աշխարհի տարածքին բողոքներ ծայր տուին անոր դէմ,- կ՛ըսէ Խուան Քոլէ:- Հետեւաբար ան արաբական գրականութեան մէջ կը նկատուի նորարար մը, որ տարբեր չէր Արեւմուտքի մէջ Ուիլիըմ Պաթլըր Եէյթէն»:

Քաղաքական ղեկավարներ Ժըպրանի գաղափարները թունալից կը նկատէին երիտասարդներուն համար: Անոր գիրքերէն մէկը` «Ըմբոստ ոգին» (սփիրիթ ռիպելըս) հրկիզուած էր Պէյրութի շուկային մէջ, հրատարակութենէն անմիջապէս ետք:

Ժըպրան 1930-ական տարիներուն արդէն կարկառուն եւ տպաւորիչ տիպար մըն էր Պոսթընի լիբանանեան գաղութին եւ Նիւ Եորքի գրական շրջանակներուն մէջ:

Սակայն անգլերէնով գրելու իր յաջողութիւնը ան մեծ մասամբ կը պարտի Մերի Հասքըլ անունով կնոջ մը, որ Պոսթընի յառաջադէմ մէկ դպրոցին տնօրէնուհին էր, եւ պիտի դառնար Ժըպրանի հովանաւորը, սրտակիցն ու խմբագիրը:

Հասքըլ նիւթապէս նեցուկ կանգնած է Ժըպրանի անոր ամբողջ ասպարէզին տեւողութեան, մինչեւ «Մարգարէն» գիրքին հրատարակութիւնը` 1923-ին:

Բարեկամութիւնը վերածուած է սիրոյ: Թէեւ Ժըպրան երկու անգամ ամուսնութիւն առաջարկած է, սակայն այս մէկը չէ իրականացած:

Այդ օրերուն Հասքըլի պահպանողական ընտանիքը երբեք պիտի չընդունէր ամուսնութիւնը գաղթականի մը հետ, կ՛ըսէ Ժան Ժըպրան, որ ամուսնացած է Խալիլ Ժըպրանի որդեգիր զաւկին հետ եւ 5 տարի յատկացուցած է գրագէտին կենսագրութիւնը գրելու:

Իրենց գիրքին մէջ Ժան Ժըպրան եւ անոր վերջերս մեռած ամուսինը չեն վարանիր ցոյց տալու Ժըպրանի նկարագիրին ոչ այնքան լաւ կողմերը: Անոնք կ՛ընդունին, թէ Ժըպրան ծանօթ էր իբրեւ ինքզինք աստղի վերածելու ձգտող անձ մը:

Ան նոյնիսկ այնքա՛ն յառաջ գացած էր, որ դիցաբանութիւն մը ստեղծած էր իր շուրջ եւ ձեւացուցած էր, թէ ժառանգորդն էր ազնուական ընտանիքի շառաւիղի մը:

Սակայն Ժան Ժըպրան կ՛ըսէ, թէ ան երբեք չէ յաւակնած սուրբ մը կամ մարգարէ մը դառնալ: «Պոսթընի վերնախաւին մէջ մուտք գործած աղքատ բայց հպարտ գաղթական մը, Ժըպրան չէր ուզեր, որ մարդիկ ստորադաս աչքով դիտէին զինք: Փխրուն անձ մըն էր եւ գիտակից` իր սեփական տկարութիւններուն»:

Սակայն Ժըպրանի անգլերէն գրականութիւնը ընթերցողներուն համար այս բոլորը  որեւէ կարեւորութիւն չէին ներկայացներ:

«Չեմ գիտեր, թէ քանի՛ հոգի, որ «Մարգարէն» կարդացած է կամ` նուիրած, իրականութեան մէջ որեւէ բան գիտէ Ժըպրանի անձին մասին կամ` կ՛ուզէ երբեւիցէ գիտնալ», կ՛ըսէ Մոհամետ Սալեհ Օմրի:

««Մարգարէն» գիրքին գրաւչութեան գաղտնիքը մասամբ այն է, թէ ոեւէ մէկը կրնար գրած ըլլալ զայն: Այսպէս կը զգանք սրբազան գրականութեան դիմաց: «Մարգարէն» ինքնին նման գրականութիւն մըն է»:

Ի՞ՆՉ Կ՛ԸՍԷ ՄԱՐԳԱՐԷՆ

  • Ամուսնութեան մասին. «Սիրեցէք զիրար, սակայն մի՛ կաշկանդէք ձեր սիրով, այլ թոյլ տուէք, որ սէրը դառնայ ձեր հոգիներուն ափերուն միջեւ հոսող ծով մը: Լեցուցէք մէկզմէկու գաւաթը, սակայն մէկ գաւաթէ մի՛ խմէք»:
  • Զաւակներու մասին. «Ձեր զաւակները ձեր զաւակները չեն: Անոնք տղաքն ու աղջիկներն են Կեանքի ինքզինք ըլլալու ձգտումին»:
  • Գեղեցկութեան մասին. «Գեղեցկութիւնը յաւիտենութիւնն է, որ ինքզինք կը դիտէ հայելիի մը մէջ: Սակայն դուն ես յաւիտենութիւնը եւ դուն ես հայելին»:

 

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

  • Մարոնի կաթոլիկ ընտանիքի զաւակ` ծնած է 1883-ին` Լիբանան:
  • Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է 12 տարեկանին, իր մօրը, քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ, երբ հայրը բանտարկուած է դրամական զեղծարարութեան պատճառով:
  • Մաս կազմած է Հարաւային Պոսթընի մէջ հաստատուած լիբանանեան գաղութին:
  • Դպրոցին մէջ գրագիրներու մէկ սխալին պատճառով անունը արձանագրուած է իբրեւ Քահլիլ եւ ոչ` Խալիլ:
  • Շնորհալի աշակերտ մըն էր, որ գրաւած էր ուշադրութիւնը պոսթընաբնակ արուեստագէտ եւ լուսանկարիչ Ֆրետ Հոլլանտ Տէյի:
  • Լիբանան վերադարձած է 15 տարեկանին` արաբերէն սորվելու համար:
  • Այնուհետեւ շուտով կորսնցուցած է մայրը, քոյրն ու եղբայրը, որոնք իրարմէ քանի մը ամիս տարբերութեամբ մեռած են թոքախտի եւ քաղցկեղի պատճառով:
  • Միացեալ Նահանգներ վերադառնալէ ետք, 1904-ին կը հանդիպի Մերի Հասքըլի:
  • Փարիզ կը ճամբորդէ 1908-ին` երկու տարի հետեւելու համար խորհրդապաշտ արուեստի դպրոցին դասերուն:
  • Բանաստեղծութեան առաջին գիրքը հրատարակած է 1918-ին, ապա` «Մարգարէն», հինգ տարի ետք:
  • Մեռած է 1931-ին` լեարդի փճացումի եւ թոքախտի պատճառով:
  • Դարձած է ներշնչման աղբիւրը «Ռեսթ ըփան տը ուինտ» թատերախաղին, որ 2012-ին պիտի շրջի Բրիտանինոյ եւ Միջին Արեւելքի տարբեր քաղաքներուն մէջ:

 

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Քննադատութեան Բարոյագիտութեան Եւ Գրականագիտութեան Մասին

Յաջորդը

Արիս Սեւակ` «Ծագումով Հայ»-ու Հակափաստը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.