Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Սկովտիա 28 Տարի Ետք Հասաւ Մոնտիալ

November 20, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 տարի հեռու մնալէ ետք Մոնտիալէն, Սկովտիա շատ վճռական եւ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Դանիոյ վրայ, ապահովեց Մոնտիալի իր տոմսը:

Իր լաւագոյն օրերուն մէջ գտնուող Սքոթ Մաքթոմինէյ տապըլ-քիքով բացաւ մրցումին հաշիւը 3-րդ վայրկեանին: Բ. կիսախաղին Ռասմուս Հոյլունտ փենալթիով նշանակեց Դանիոյ հաւասարութեան կոլը, բայց այլ Ռասմուս մը` Քրիսթենսըն 4 վայրկեան ետք կարմիր քարտ մը ստացաւ եւ Դանիոյ գործը դժուարացուց: Լորենս Շենքլենտ 78-րդ վայրկեանին նշանակեց Սկովտիոյ 2-րդ կոլը, բայց 3 վայրկեան ետք Դանիա պատասխանեց Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկ Փաթրիք Տորկուի շնորհիւ: Կը կարծուէր, թէ արդիւնքը պիտի մնայ հաւասար, ուր Դանիա կը մնար առաջին դիրքի վրայ, մինչ Սկովտիա` 2-րդ, բայց Քիրըն Թերնի եւ Քենի Մաքլին 93-րդ եւ 98-րդ վայրկեաններուն կրցան անակնկալի մատնել Դանիան:

Մաքլինի կոլը դաշտի կեդրոնէն էր… լոպով մը Քասփըր Շմայշըլի գլխուն վրայէն:

Դանիա փլէյ օֆի պիտի մասնակցի գարնան:

Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա 62-րդ վայրկեանին նշանակեց իր երկրորդ կոլը շնորհիւ Միքել Օյարսապալի, եւ Սպանիա 2-2 արդիւնքով աւարտեց Թուրքիոյ դէմ իր մրցումը` իր անյաղթ մրցումներու շարքը հասցնելով 31 մրցումներու, Եւրոպայի մէջ, 2023-էն ի վեր (Իտալիոյ դէմ պարտութենէն ետք): Իտալիա 2018-էն 2021 անյաղթ մնացած էր 37 յաջորդական մրցումներ, որոնք վերջ գտած էին Սպանիոյ դէմ 2021-ի Ազգերու լիկայի բաժակի աւարտականին (2-1):

Աւստրիա իր կարգին 28 տարի բացակայութենէ ետք 1-1 արդիւնքով հաւասար մնալէ ետք Պոսնիոյ հետ ապահովեց Մոնտիալի իր տոմսը:

Պելճիքա 7-0 արդիւնքով ջախջախեց Լիխթընշթայնը, մինչ Զուիցերիա իր կարգին ապահովեց իր տոմսը` 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք Քոսովոյի մէջ իր մրցումը:

Աւստրիա, Պելճիքա, Խրուաթիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Նետերլանտներ, Նորվեկիա, Փորթուգալ, Սկովտիա, Սպանիա եւ Զուիցերիա ապահովեցին իրենց տոմսերը, մինչ Բ. դիրքը գրաւող խումբեր` Սլովաքիա, Քոսովօ, Դանիա, Ուքրանիա, Թուրքիա, Իրլանտա, Լեհաստան, Պոսնիա, Իտալիա, Կալես, Ալպանիա եւ Չեխիա պիտի խաղան փլէյ-օֆի մրցումներ` 26 եւ 31 մարտ 2026-ին, Եւրոպայի մնացած 4 տոմսերուն համար:

. Կեդրոնական Ամերիկայի գօտիին մէջ Քուրասաօ դարձաւ պատմութեան ամէնէն քիչ բնակչութիւն ունեցող երկիրը, որ կը հասնի Մոնտիալ` իր վերջին մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարելէ ետք Ժամայքայի հետ:

Քուրասաօ եղաւ միակ խումբը (Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ), որ առանց որեւէ պարտութիւն կրելու աւարտեց իր զտումի մրցումները: 155 հազար բնակչութիւն ունեցող այս երկիրը բարելաւեց նախկին մրցանիշը Իսլանտայի (350 հազար բնակչութիւն), որ մասնակցած էր 2018-ի մոնտիալին:

Ա. խմբակին մէջ Փանամա գրաւեց առաջին դիրքը եւ 2018-էն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու մոնտիալին: Բ. խմբակի Քուրասաոյի անակնկալէն ետք, Գ. խմբակի Հայիթին իր կարգին անակնկալ արդիւնքներու շարքէ մը ետք դուրս ձգեց Հոնտուրասն ու Քոսթա Ռիքան:

1974-ին առաջին անգամ ըլլալով Մոնտիալին մասնակցած Հայիթի իր վերջին մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Նիքարակուային:

Նախորդը

Էն. Պի. Էյ. Յիշատակելի Երեկոյի Մը` Լըպրոն Ճէյմս Վերադարձաւ

Յաջորդը

Եուրի Սակունց Կը Շարունակէ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.