Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ներդրում Եւ Սպառազինում

Նոյեմբեր 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նոր գործարքի վերաբերեալ կը հրապարակուին աստղաբաշխական թիւեր: Պաշտօնական լրատուութիւններ կը խօսին եռիլիոնի հասնող ներդրումներու ծրագիրներու մասին: Նոյն գործարքի շրջածիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներ կը սպառազինեն Սէուտական Արաբիան ժամանակակից կործանիչներով:

Ներդրում-սպառազինում յարաբերակցութիւնը առանցքն է այս նոր համաձայնութեան: Եթէ առաջին հայեացքով ընդունինք, որ գերշահոյթներ ապահովելը եւ պետական պիւտճէն յագեցնելը Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահով յատկանշուող արտաքին քաղաքականութեան գերակայ նպատակն է, միւս կողմէ միայն ֆինանսականով պէտք չէ ընկալել տարածաշրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերի վերաիմաստաւորումը ենթադրող  այս նկատառելի սպառազինումին տարողութիւնը:

Սէուտական Արաբիան տարածաշրջանին մէջ մինչ այժմ ընկալուած էր առաւելաբար իբրեւ տնտեսական բեւեռ: Ամերիկեան ռազմակայաններու այնտեղ առկայութիւնը հիմնականին մէջ կը լուծէր ոչ միայն Սէուտական Արաբիոյ անվտանգային խնդիրները, այլ նաեւ ընդհանրապէս կը նկատուէր տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան կարեւորագոյն յենակէտերէն մէկը:

Սէուտական Արաբիան ոչ միայն համաարաբական, այլ նաեւ համիսլամական, յատկապէս սիւննի դաւանանքին կրօնական կեդրոնն է: Տնտեսականին եւ կրօնականին առընթեր անշուշտ նաեւ քաղաքականութիւն թելադրող այս հանգամանքներով ամերիկեան կարեւորագոյն արբանեակ:

Հիմա այս բեւեռի նաեւ անվտանգային դերն է, որ կ՛ապահովուի սպառազինումի առաջին խմբաքանակի փոխանցումով: Եւ երբ կը խօսինք տարածաշրջանի անվտանգային խնդիրներուն մասին, Ռիատի յարաբերակցութեամբ նախ եւ առաջ կը մտաբերուի Իրանը, որուն հետ Ռիատը քանի մը տարի առաջ կնքեց դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատման համաձայնագիր: Չինաստանի մէջ կայացած այս համաձայնութիւնը կը խօսէր նոր շրջափուլի մասին, որուն նախադրեալները սկսած էին տեսանելի դառնալ:

Անվտանգային առումով տարածաշրջանին մէջ միշտ ներկայ կը բացագանչէ նաեւ Անգարան, որ յայտնուած է արաբական աշխարհին մէջ ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարին մէջ` Սէուտական Արաբիոյ հետ: Այդ մրցապայքարը ունի կրօնական, բայց շեշտուած ձեւով նաեւ քաղաքական նուրբ բնոյթ: Գործնապէս տեսանելի սուրիական տարածքներուն վրայ: Ինչու չէ նաեւ արաբական այլ երկիրներու մէջ` կրթական, մշակութային եւ առեւտրական  տեսքերով:

Երրորդը` Թել Աւիւի ուղղութեամբ է: Իսրայէլ հանգիստ չընկալեց Իրան-Սէուտական Արաբիա մերձեցման գործընթացները, գիտակցելով, որ այդ բոլորը կը կատարուին Ուաշինկթընի մղումով եւ վերահսկողութեամբ: Այսօր ալ չ՛ընկալեր ամերիկեան զինուժի այս տարողութեամբ տրամադրումը արաբական երկրի մը: Որքան ալ «Աբրահամեան դաշինք»-ի հաւանական թեկնածու ներկայացուի Ռիատը, այնուամենայնիւ Իսրայէլ պիտի չուզէ իր ռազմական գերակայութեան հակակշիռ ուժ տեսնել տարածաշրջանին մէջ: Պիտի չուզէ աւելի ճիշդը Միացեալ Նահանգներու նոյնքան վստահելի դաշնակից տեսնել տարածաշրջանին մէջ: Գիտակից, որ կը կորսնցնէ իր առանձնաշնորհեալ եզակի դիրքերը:

Այս գործընթացները խորագոյն վերլուծումներ կը պահանջեն: Ներկայ միտումները պէտք է փորձել դիտարկել նաեւ հայկական ոսպնեակով: Մօտէն հետեւիլ Անգարա-Ռիատ մրցակցութեան կշռոյթներուն, ազդեցութեան գօտիներու երբեմն լուռ, երբեմն աղաղակող պայքարներուն:

Այլ գիծի վրայ նկատել այլընտրանքային ճանապարհներու եւ ենթակառուցուածքներու կառուցման մէջ Սէուտական Արաբիոյ ներգրաւումը եւ այդ բոլորին մէջ փորձել տեսնել Ազրպէյճանի ուժանիւթի սէուտական այլընտրանքը` այս անգամ աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ:

Միաժամանակ պէտք չէ մոռնալ, որ մրցակցող այս պետութիւնները` Իսրայէլ, Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա, երեքն ալ դուրս չեն  կրնար գալ ամերիկեան դաշտէն: Եթէ այսօր Ուաշինկթընը կը վերահսկէ անոնց մրցակցութիւնը եւ նոր գործարքներով գերշահոյթներ կ՛ապահովէ, ապա վաղը կրնայ միացնել զանոնք եւ տեղադրել նոյն գնացքին մէջ: Թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ, թէ՛ այլուր:

«Ա.»

 

Նախորդը

Հանդիպումներ Սենտիքաներու Նախագահներու Հետ

Յաջորդը

RelatedPosts

Հանդիպումներ Սենտիքաներու  Նախագահներու Հետ
Գաղութային

Հանդիպումներ Սենտիքաներու Նախագահներու Հետ

Նոյեմբեր 20, 2025
Իշխան Սաղաթէլեանի Կոչը` Մասնակցելու  20 Նոյեմբերի Ցոյցին
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեանի Կոչը` Մասնակցելու 20 Նոյեմբերի Ցոյցին

Նոյեմբեր 20, 2025
Նախագահ Աունը` Սէյիտ Հասան Նասրալլայի  Նահատակութեան Միամեակին Առիթով.  «Զոհաբերութիւններու Նկատմամբ Հաւատարմութիւնը  Միայն Միասնական Դիրքորոշման Ճամբով Կ՛ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Ոչինչ Բանակը Իր Դերը Կատարելէ Ետ Պիտի Կանգնեցնէ, Ո՛չ Հրահրումը, Ո՛չ Կասկածի Տակ Առնելը»

Նոյեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?