Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չհամաձայնելու Անխուսափելի Իրաւունքը

November 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է, թերեւս` ամէնէ՛ն հիմնականը, «Ո՛չ» ըսելու, չհամաձայնելու, տարակարծիք ըլլալու իրաւունքը:

Այդ իրաւունքի բացակայութիւնը ակնառու է եղած պատմութեան սկիզբէն ի վեր` մենատիրական ու սակաւապետական երկիրներու մէջ, բռնատիրական կարգերու տակ:

Այսօր, սակայն, մենք ականատես կ՛ըլլանք այդ իրաւունքի ոտնակոխման այլուր, ցարդ «ժողովրդավար» ճանչցուած պետութիւններու մէջ, որոնց քաղաքացիներուն մենաշնորհն էր, կը կարծէինք, կարենալ «Ո՛չ» ըսելը:

Այս յօդուածով ներկայ յոռի երեւոյթին պատճառներու որոնումն ու վերլուծումը չէ, որ կ՛ուզեմ ընել. հաւանաբար բազում են անոնք` անձնական փառատենչութիւններէն մինչեւ տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական շահերու հետապնդումները: Այդ վերլուծումը քաղաքական մեկնաբանները կրնան աւելի հմտօրէն կատարել ու մեզի ըսել, թէ ինչո՛ւ հոս հասանք: Նպատակս վեր առնել է առնչուած ուրիշ երեւոյթ մը, որ ուշադրութիւնս գրաւեց այս օրերուն: Երեւոյթ մը, կամ աւելի ճիշդ` ելոյթ մը, որ կրնայ գուցէ մասամբ բացատրել նաեւ ժողովրդավարութեան այս նահանջը:

Խօսքս կը վերաբերի անցնող սեպտեմբեր 10-ին ԱՄՆ-ի քաղաքացի Չարլի Քըրքի (Charlie Kirk) սպանութեան յաջորդած հրապարակումի մը (սեպտեմբեր 19-ին)` նոյնպէս ամերիկացի անձնաւորութեան մը` Անթոնի Քափըլ Վան Ճոնզի (Anthony Kapel Van Jones) կողմէ:

Մանրամասնեմ` նախ ըսելով, թէ ո՛վ են այս երկու անձերը:

Երկուքն ալ առնչուած են քաղաքական կեանքին, առաջինը` որպէս չափազանց աջակողմեան երիտասարդ զինուորեալ-քարոզիչ, երկրորդը` որպէս վերլուծաբան ու քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան: Նաեւ երկուքն ալ` լրատուական ասպարէզէն, անոնցմէ երէցը` Ճոնզը, ըլլալով նաեւ իրաւաբան եւ հեղինակ:

Քըրքի սպանութենէն անմիջապէս առաջ անոնք բուռն բանավէճի մէջ եղած են ցեղային ու ոճրային հարցերու շուրջ` բաւական խստօրէն իրարու հակաճառելով եւ զիրար պարսաւելով, այն աստիճան, որ Քըրքի համակիրները սկսած են մահուան սպառնալիքներ ընել Ճոնզի: «Ամէն բան գիծէ դուրս ելլելու վտանգին տակ էր: Ապա, այս ամէնուն մէջտեղը,- կը գրէ Վան ճոնզ ՍիԷնԷնի (CNN) կայքէջին վրայ իր վերոյիշեալ հրապարակումին մէջ,- Չարլի Քըրք ինծի հետ կապուեցաւ: Ան զիս հրաւիրեց, որ երթամ ու իրեն հետ զրուցեմ իր ներկայացումին ընթացքին: «Հէյ, Վա՛ն», գրեց ան ինծի, «Լուրջ եմ: Շատ գոհ պիտի մնայի, եթէ գայիր ու ներկայացումիս մէջ յարգալից խօսակցութիւն մը ունենայինք ոճիրի ու ցեղի մասին: Ես ազնուաբար պիտի վարուիմ, ինչպէս որ, վստահ եմ, դուն եւս: Հարցերուն շուրջ կրնանք տարաձայնութիւն ունենալ` համաձայնաբար»: Այստեղ կ՛ուզեմ այդ ըսածը տալ իր լեզուով` We can disagree about the issues agreeably, ուր բառախաղ մըն ալ առկայ է:

Ճոնզ կ՛ափսոսայ, որ Քըրքին պատասխան տալէն իսկ առաջ ան սպաննուեցաւ, շատ հաւանաբար` իր ծայրայեղ խօսքերուն պատճառով, այսինքն իրեն զլացուեցաւ խօսելու իրաւունքը, որ «ամերիկեան սրբազան արժէք մըն է»:

Իր յօդուածին շարունակութեան Վան Ճոնզ կը դատապարտէ իր հակառակորդին սպանութիւնը. «Քաղաքական վայրագութեան տեղ չկայ մեր ընկերութեան մէջ», կը գրէ ան` նկատելով, որ այդ վայրագութիւնը արդէն քանի՛ ու քանի կեանքեր խլած է ու կը խլէ թէ՛ աջէն եւ թէ՛ ձախէն: «Չարլի Քըրք հակառակ էր գրաքննութեան ու «քաղաքացիական պատերազմի»», կը յարէ ան: Մինչդեռ, դիտել կու տայ հեղինակը, պետական պաշտօնեաներ կ՛օգտագործեն անոր սպանութիւնը գրաքննութիւնը արդարացնելու եւ տարակարծութիւնը լռեցնելու համար: Այդ չէր Քըրքի ուզածը, «Ան կը պայքարէր յաւելեալ բարեկրթութեան ի խնդիր, ոչ` յաւելեալ վայրենութեան ու թոյնի»:

Վերլուծաբանը իր յօդուածին մէջ այսպէս կը շարունակէ իր մտորումները. «Կը կարծուի, թէ մենք զիրար Կ՛ԱՏԵՆՔ հեռատեսիլի վրայ կամ առցանց: Բայց ընդհանրապէս չենք ատեր: Ուժգին կը բանավիճինք: Կը ջանանք ընտրութիւններուն յաղթական դուրս գալ: Այդ ընթացքին երբեմն կը նեղացնենք զիրար: Բայց վնաս չենք ուզեր հասցնել իրարու: Յաւելեալ արիւնահեղութիւն չենք ուզեր մեր երկրին մէջ: Յաւելեալ յուղարկաւորութիւններ չենք ուզեր Ամերիկայի մէջ: […] Պարզապէս մեր գործն է, որ կ՛ընենք եւ մեր կոչումը կը կատարենք լաւագոյն ձեւով, որ կրնանք: Այդ է ամբողջը»:

Նման պարագաներու չեմ կրնար վերստին չյիշել զօրավար Դրոյի ու Լեռ Կամսարի դրուագը: 1918 մայիսի ահեղ կռիւներուն նախօրեակին է. Դրօ կամաւորներ կ՛արձանագրէ: Կը ներկայանայ նաեւ Լեռ Կամսար` երիտասարդ երգիծաբանը, որ արդէն որոշ համբաւի տիրացած է, եւ որ` տեւաբար կը քաշքշէ Դաշնակցութիւնը: Դրօ կը մերժէ զինք ճակատ ղրկել: «Դուն մեզի շատ ես հարկաւոր, եթէ քեզի բան մը պատահի, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզ ծաղրողը», կ՛ըսէ անոր: Այդ բառերով կամ նման բառերով:

Այսօր կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս իշխանաւորները իրենց հակառակորդները կը խայտառակեն, կը զգետնեն, կը հալածեն, կը կալանաւորեն, կը թունաւորեն ու կ՛անյայտացնեն, իսկ անոնց ընդդիմադիր մամուլը կը չէզոքացնեն` հետապնդելով անձնական շահեր ու փառքեր: Այդ ապացոյցն է քաղաքացիական մշակոյթի բացակայութեան: Դարերո՜ւ վրայ կ՛երկարի այդ բացակայութիւնը, ափսո՛ս: Եւ որքա՜ն կը հակասէ քաղաքակրթութեան յառաջացման այլ մարզերու մէջ` արուեստներէն, գիտութիւններէն մինչեւ մարմնամարզն ու այլ ոլորտներ: Եւ այս` այլապէս այնքա՜ն յառաջադէմ (կարծուած) երկիրներու մէջ:

Այո՛, սրբազան, անխախտելի իրաւունք մըն է «Ո՛չ» ըսելու, չհամաձայնելու, տարակարծիք ըլլալու իրաւունքը: Նոյնիսկ սխալելով, նոյնիսկ անտեղի կերպով, նոյնիսկ յետոյ խօսքը ետ առնելու ի գին: Օրէնքով պաշտպանուած իրաւունք մըն է այդ, որ ժողովրդավարութեան յենասիւնն է:

Ընթերցողին կը ձգեմ այդ բոլորին եւ մեր անցեալ ու ներկայ իրականութեան միջեւ զուգահեռներ որոնելը ու նման իրավիճակներէ ձերբազատելու միջոցներ գտնելը:

Դրօշակ» թիւ 10, 2025թ

 

Նախորդը

Սփիւռքի Տեսլական Եւ Օրակարգ

Յաջորդը

Պատանիին Էջը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.