Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ «Սփլիթ» Համալսարանի Աստուածաբանական Դասախօսական Համագումարին

November 17, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Խրուաթիոյ «Սփլիթ» համալսարանի Կաթողիկէ աստուածաբանական հիմնարկին, հինգշաբթի, 16 եւ ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2025-ին Սփլիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Աստուածաբանական դասախօսութիւններու 31-րդ համագումարը, որ նուիրուած էր Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին: Սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերելու համար հրաւիրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: Առ այդ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեանը, որ ներկայացուց «Նիկիոյ հանգանակի ծիսական գործածութիւնը` արեւելեան, արեւմտեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութիւններու բաղդատական վերլուծում» նիւթը:

Բացման հանդիսութեան իրենց ողջոյնի խօսքերը արտայայտեցին` «Սփլիթ» համալսարանի տնօրէնը, Սփլիթ քաղաքի արքեպիսկոպոսը, նահանգապետը, քաղաքապետը եւ Աստուածաբանական հիմնարկի տեսուչը: Ապա, հերթաբար, տարբեր երկիրներէ ժամանած աստուածաբաններ ներկայացուցին իրենց դասախօսութիւնները, որոնք աւարտեցան քննարկումներով:

Սոյն համագումարին առընթեր, «Սփլիթ» համալսարանի Աստուածաբանական հիմնարկի տեսուչին` հայր Իվան Պոտրոզիչին խնդրանքով եւ Զատար քաղաքի Ս. Սիմէոն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին` հայր Տամիր Շեհիչին հիւրընկալութեամբ, նոյն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ մասին դասախօսական հանդիպում մը, Զատարի համայնքին համար: Դոկտ. Վինիչցիէ Լուփիս ներկայացուց «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու Կիլիկիոյ հայերը» նիւթը, իսկ Պարոյր ծ. վրդ.` «Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու առաքելութիւնը» նիւթը:

Յայտնենք, որ «Սփլիթ» համալսարանի կաթողիկէ Աստուածաբանական հիմնարկի նախաձեռնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին «The Armenian Church» գիրքը խրուաթերէնի թարգմանութեան ընթացքի մէջ է մօտ օրէն զայն հրատարակելու համար:

 

Նախորդը

Միասին Կապուած` Յաւերժ Սպիներով

Յաջորդը

Համահայրենակցական Միութիւններու Խորհրդակցական Հանդիպում

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.