Հայ ճիւտոյի մարտիկ Մեսրոպ Բարբարեան (44 տարեկան) ոսկի մետալ նուաճած է Փարիզի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի վեթերաններու ախոյեանութեան:
Մեսրոպ Բարբարեան մինչեւ 60 քկ կշիռի կարգին մէջ կայուն պայքար տանելով կրցած է յաղթել Ղազախստանի երկու մրցակիցներու, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մրցակիցներու:
Յաջող եւ համոզիչ ելոյթներու շնորհիւ ան դարձաւ աշխարհի ախոյեան` բարձրանալով պատուոյ հարթակ:
Բարբարեան, որ Հայաստանի հաւաքականի անդամ էր 2000-էն 2010, այժմ մարզիչ է:


