Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

October 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի վերաբերող համաձայնութեան կէտերու գործադրութիւնը դժուարութիւններու կը բախի: Այդ համաձայնութեան երաշխաւոր Ուաշինկթընի դիրքորոշումները ելեւէջներ կ՛արձանագրեն: Այդ դիրքորշումները չեն վերաբերիր միայն Համասին, այլ յայտնաբար նաեւ` Թել Աւիւին, զգուշացնելով, որ Այսրյորդանանի ուղղութեամբ չդիմէ այնպիսի քայլերու, որոնք չունին ամերիկեան աջակցութիւն, եւ որոնք կրնան վտանգել  կայացած համաձայնութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին այս դիրքորոշումէն շատ աւելին դրսեւորեց նախագահ Թրամփ` յայտարարելով. «Այսրյորդանանի կցումը պիտի չըլլայ, որովհետեւ արաբական պետութիւններուն խոստացայ, որ նման բան տեղի պիտի չունենայ, եւ Իսրայէլ ամերիկեան ամբողջ աջակցութիւնը պիտի կորսնցնէ, եթէ Այսրյորդանանը իրեն կցէ»:

Քաղաքական տրամաբանութեամբ բացառապէս պէտք չէ յենիլ այս յայտարարութեան եւ ընդգծել, որ Իսրայէլի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրուող տարատեսակ աջակցութիւնները խնդրոյ առարկայ են: Յայտարարութիւնները զգուշացումներ են եւ շատ յաճախ ուղերձներ կը բովանդակեն հակառակ կողմին` ըսելու համար, որ ճնշումները երկկողմանի են. այլ խօսքով` Ուաշինկթըն կը զսպէ Իսրայէլը յաւելեալ գրաւումներու գործողութիւններու չդիմելու, փոխարէնը ակնկալելով Համասի ընդմիշտ հեռացումը Կազայէն:

Խուսանաւումներու այս գործընթացներուն մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից ուժերու կողմէ հաւանական ներխուժման մասին Թրամփի յայտարարութիւնները: Այդ դաշնակիցները, ըստ համաձայնութեան, խաղաղապահ առաքելութեան տեսքով շրջան պիտի ժամանեն: Սակայն, եթէ Համասը խախտէ համաձայնութիւնը, այդ տեղակայումը կրնայ ներխուժման տեսք ստանալ:

Դաշնակիցներու բաղադրութիւնը չէ նշուած:  Շրջան տեղակայուելու հիմնական առաջադրանք ունի նաեւ Անգարան, որ չի բաւարարուիր սուր քննադատութիւններ ուղղելով իսրայէլեան կառավարութեան: Պաշտօնական Անգարան քանի մը անգամ պարզ դարձուց, որ Կազան պէտք է պաղեստինցիներու իշխանութեան տակ ըլլայ, եւ թէ երկու պետութիւններու լուծումը պաղեստինեան դատին համար յարմարագոյն ելքն է:

Այս յայտարարութիւնը փաստօրէն մերժելի է Թել Աւիւին համար, որ նոյնքան պարզութեամբ յստակացուց, որ չի հանդուրժեր թրքական զօրքի որեւէ ներկայութիւն Կազայի մէջ: Ըստ պաշտօնական լրատուութիւններուն, Թել Աւիւ Ուաշինկթընին փոխանցած է, որ Թուրքիան Կազա բերելու որեւէ փորձ Իսրայէլի համար կարմիր գիծ է:

Այս առումով նոյն դիրքորոշումը չունի Ուաշինկթըն, որ ընդհանուր ձեւով խօսած է Թուրքիոյ դերակատարութեան օգտակարութեան մասին: Բազմազգեան ուժերու բաղադրութիւնը յստակ չէ տակաւին:

Այս յայտարարութիւններու ընդհանուր շրջածիրին մէջ պէտք է ընկալել Թուրքիոյ խորհրդարանին որոշումը` Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ իր խաղաղապահ զօրքերու առաքելութիւնը երկարաձգելու  առումով: Չորրորդ միջավայրը, զոր կ՛առաջադրէ Թուրքիան, Կազան է, որ կը հանդիպի իսրայէլեան արգելքի` գոնէ այժմ:

Իսրայէլեան կարմիր գիծը կրնայ այնքան ալ անքննարկելի չըլլալ: Իսրայէլեան սպայակոյտի աղբիւրներ յայտարարեցին, որ Կազա տեղակայուելիք խաղաղապահ ուժերու բաղադրութեան շուրջ պէտք է գոյանայ բոլոր կողմերով համաձայնութիւն` աւելցնելով, որ մտահոգ են թրքական ուժերու ներգրաւումով:

Կարմիր գիծն ու մտահոգ ըլլալը նոյնը չեն: Մտահոգ ըլլալը կ՛ենթադրէ հաւանականութիւն, որ թրքական ուժերը ներգրաւուին Կազայի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան մէջ, մանաւանդ որ Ուաշինկթըն օգտակար կը նկատէ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը համաձայնութեան գործադրութեան մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 220-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.