Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարք. «Աստուած Միշտ Մեզի Հետ Կը Խօսի, Եւ Այս Օրերուն Մեզի Հետ Կը Խօսի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Ճամբով»

October 23, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ Լիբանանի դեսպան Քարլա Ժազզարի եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Ասսաֆի Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման ծիրին մէջ հրաւիրած հանդիպումի ծիրին մէջ յայտնեց.  «Աստուած միշտ մեզի հետ կը խօսի, եւ այսօր մեզի հետ կը խօսի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի ճամբով»:

Ան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի համար անոր ամբողջ կատարածին եւ սրբադասման արարողութեան ներկայ գտնուելուն համար:

«Բոլորս մէկ ենք եւ բոլորս կ՛աշխատինք Լիբանանի ծառայութեան, վերաշինութեան, խաղաղութեան, փոխհասկացողութեան, եւ դիւանագիտական ու քաղաքական բանակցութիւններուն համար», շեշտեց պատրիարքը:

Ան ընդգծեց «արտերկրի լիբանանցիներուն կարեւորութիւնը: Կարելի չէ արտերկրի լիբանանցիներէն իրենց երկրին օգնել պահանջել եւ զանոնք զրկել իրենց 128 երեսփոխանները ընտրելու իրաւունքէն»:

Կաթողիկէ ասորիներու Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքը իր կարգին յայտնեց. «Ս. Իգնատիոս Մալոյեանը 110 տարիներ առաջ, 1915 թուականին նահատակուեցաւ, երբ տակաւին նոր եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Մերտինի մէջ, ուրկէ կը սերին ծնողքս եւ Մինասեան պատրիարքին ծնողքը, որոնք Մալոյեան եպիսկոպոսի նահատակութենէն ետք փախուստ տուին»:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը յայտնեց. «Նուաճում մը եւս կ՛աւելնայ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմական պահուն վրայ, որովհետեւ անցեալ կիրակի յայտարարուեցաւ նահատակ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը, որով Մերտինի անունը կրկին կը բարձրանայ ոչ միայն իբրեւ ոգեշնչող քաղաք, այլ նաեւ իբրեւ կենդանի խորհրդանիշ զոհաբերութեամբ փորձարկուած վկայութեան, որմէ եկեղեցին աւելի ուժեղ եւ աւելի սուրբ դուրս եկաւ»:

«Այս սրբադասումը միայն պատմական իրադարձութիւն չէ, այլ ամբողջ ժողովուրդի մը յիշողութեան մեծարանք եւ մխիթարանք եկեղեցիի մը, որ մինչեւ այսօր խաչելութեան ուղիէն կ՛անցնի», նշեց հոգեւոր տէրը:

Հանդիպումին ներկայ էին իտալական գլխաւոր քաղաքներէ ընդհանուր եւ պատուոյ հիւպատոսներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ տարբեր միաբանութիւններէ հոգեւորականներ:

Նախորդը

Պարրաք. «Լիբանան Պէտք Է Իր Խնդիրները Ինք Լուծէ Եւ Իր Գերիշխանութեան Վերատիրանայ»

Յաջորդը

Մարթա Քոս. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Կարգաւորման Հոլովոյթի Մէջ Յառաջընթացը Կը Փոխէ Շրջանը»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.