Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսարձակ. Ծնողական Պարտաւորութիւններ

May 18, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ. Պ.

Կրկնակի ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պատճառող առիթներ չեն պակսիր բարեբախտաբար, երբ հայ վարժարանի աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր տեսակի մրցոյթներու եւ կ՛արձանագրեն պատուաբեր արդիւնքներ:

Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի հայկական միջվարժարանային նախաձեռնութեան մը` հայերէն գիրքերու պատրաստութեան, որուն ծիրին մէջ ճշդուած դասարանի (7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ) աշակերտներ կը նախաձեռնեն վերոնշեալ աշխատանքին` հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչի թելադրութեամբ եւ մղումով, եւ, ընտրելէ ետք նիւթն ու անոր յարակից մանրամասնութիւնները, կը լծուին հաւաքական աշխատանքի, պատրաստելու համար իրենց պատկերացուցած գիրքը, որ կրնայ բովանդակել զիրենք հետաքրքրող նիւթ մը կամ տեղեկութիւն փոխանցող աշխատութիւն:

Ի դէպ, Համազգայինի գրատարածին ու հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը գնահատելի է իր յղացքով եւ ողջունելի` իր նպատակաուղղուածութեամբ: Հարկ է յիշել, որ տուեալ նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ նաեւ կը կատարուին ընթերցանութեան (հայերէնի, արաբերէնի, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի) մրցոյթ` նախակրթարանի աշակերտութեան խանդավառ մասնակցութեամբ եւ համապատասխան դատական կազմի հսկողութեան ներքեւ:

Ճիշդ է, որ նման արտադասարանային աշխատանքներ կը միտին քաջալերել հայ աշակերտը ընթերցանութիւն կատարելու ու ստեղծագործելու ոգիին յղացք տալու, ծանօթանալու հայ ազգային արժէքներու եւ մշակութային գանձերու,  այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է, որ  նման ձեռնարկներ ընդգրկեն աւելի լայն տարողութիւն, մրցանակի թէկուզ համեստ (նիւթական), բայց շօշափելի արտայայտութիւն, ու մանաւանդ` յաւելեալ կազմակերպուածութիւն, խուսափելու համար անախորժ կացութիւններէ:

Առանձնապէս իբրեւ ծնողք գնահատելի կը գտնենք մեր վարժարանին` Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վաժարանի աշակերտներու մասնակցութիւնը սոյն մրցոյթներուն: Փաստօրէն,  տարբեր դասարաններու աշակերտներ արժանացան պատուաբեր մրցանակներու:

Այս բոլորին մէջ բնորոշելին կը մնայ այն, թէ հայ դաստիարակին  հսկողութեամբ, համբերատար մօտեցումով եւ քաջալերանքով կատարուած ամէն նուիրական աշխատանք, անպայմա՛ն որ իր բարերար անդրադարձը կ՛ունենայ հայ աշակերտի հոգեմտաւոր զարգացման մէջ, այլապէս ամրապնդելով անոր ստեղծագործելու շնորհներն ու մասնակցութեան խայծերը:

Բոլորի վարձքը կատար:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Խմբապետական Սեմինար

Յաջորդը

«Ճնշուածութեան Կառավարում» Դասընթացք Եւ Հոգեւոր Սնունդի Օր Կազմակերպութեամբ Ճինիշեան Բարգաւաճման Ծրագիրին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.