Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Կը Կարծեմ, Թէ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտին Կը Մօտենանք»

October 8, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այն կարծիքը յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատերազմին աւարտը մօտ է` ընդգծելով, որ Իսրայէլ հոկտեմբեր 2023-ի յարձակումէն դուրս եկաւ «իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ ամէնէն հզօր ուժը»:

Նեթանիահու ամերիկեան փոտքասթի մը հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ իսրայէլեան բանակը «ջախջախեց Համաս շարժումը, թէեւ անիկա տակաւին չպարտուեցաւ»` աւելցնելով. «Գործողութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ այդ նպատակի իրագործումը»:

«Այն, ինչ որ Կազայի մէջ սկսաւ, Կազայի մէջ պիտի աւարտի գերիներուն ազատ արձակումով եւ Համասի իշխանութեան աւարտով», ըսաւ ան:

Նեթանիահու շեշտեց, թէ Իսրայէլ զարգացուցած է «երկրագունդին վրայ ամէնէն արդիական յարձակողական զէնքերը» եւ զանոնք բաժնեկցած Միացեալ Նահանգներու հետ` նկատի ունենալով, որ իր երկիրը «պարտութեան մատնեց Միացեալ Նահանգներու թշնամիները, որոնք կը ջանային հիւլէական մարտագլխիկներով թեւաւոր հրթիռներ զարգացնել»:

«Իրան ներկայիս աշխատանք կը տանի զարգացնելու միջցամաքամասային թեւաւոր հրթիռներ, որոնց հասողութիւնը 8000 քիլոմեթր է», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը` աւելցնելով. «Եթէ Իրան իր հրթիռներուն հասողութիւնը յաւելեալ 3000 քիլոմեթրով աւելցնէ, ապա Նիւ Եորքն ու Ուաշինկթընը անոր հիւլէական զէնքերուն հասանելի պիտի դառնան»:

Նեթանիահու նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր անձնական զրոյցները «շատ բարեկամական են», սակայն աւելցուց. «Ատիկա չի նշանակեր, թէ ամէն բանի շուրջ համաձայն ենք»:

 

Նախորդը

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Պիտի Հիմնադրեն Միացեալ Ընկերակցութիւն` Թրիփփ Նախագիծի Իրագործման Համար

Յաջորդը

Էրտողան. «Մենք Ոչ Միայն Հարաւային Կովկասի Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններուն Կը Հետեւինք, Այլ Նաեւ Կ՛աջակցինք Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Քայլերուն»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.