Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Պիտի Հիմնադրեն Միացեալ Ընկերակցութիւն` Թրիփփ Նախագիծի Իրագործման Համար

October 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուին ստեղծելու միացեալ ընկերակցութիւն` ԹՐԻՓՓ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու նպատակով: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Անոր համաձայն, նորաստեղծ ընկերակցութիւնը պիտի դառնայ «Թրամփի երթուղի»-ի կառուցման եւ շահագործման հիմնական կողմը, ինչպէս նաեւ պիտի կարողանայ ներգրաւել երրորդ կողմեր` երկաթուղային, խողովակաշարային եւ ելեկտրահաղորդման համակարգերու կառուցման ու սպասարկման աշխատանքներուն մէջ:

«Մենք արդէն սկսած ենք քննարկումները մեր ամերիկացի գործընկերներուն հետ: Կը կարծեմ` յառաջիկայ ամիսներուն պիտի կարենանք աւարտել այս գործընթացը, որմէ ետք պիտի սկսի շինարարութիւնը», նշած է Միրզոյեան:

Նախարարը ընդգծած է, որ Սիւնիքի մարզէն անցնող երկաթուղիի շինարարութիւնը պիտի տեւէ առնուազն երկու տարի, եւ նախագիծը կը նախատեսուի իրականացնել քանի մը փուլով:

Միրզոյեանի համաձայն, ծրագիրը պիտի բանայ Հայաստանի համար նոր փոխադրամիջոցային կարելիութիւններ:

«Հայաստան պիտի կարենայ ապրանքներ ուղարկել եւ ստանալ` օգտագործելով Ազրպէյճանի ենթակառոյցներն ու տարածքը, ինչ որ զգալիօրէն պիտի բարձրացնէ շրջանի փոխադրամիջոցային կապակցուածութիւնը», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Սալամ. «Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց «Ռիսալաթ»-ի Արտօնագիրը Առկախել, Մինչեւ Վարչական Ու Քրէական Հետաքննութիւններու Աւարտը»

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Կը Կարծեմ, Թէ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտին Կը Մօտենանք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.