Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

October 8, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Փանոս Մանճեան

Երէկ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեան կնքեց իր մահկանացուն:

Մանճեան ծնած է 3 դեկտեմբեր 1952-ին, Պէյրութ: Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Այնճարի «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» քոլեճին մէջ: Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ:

1972 թուականին մուտք գործած է Լիբանանի Սպայից վարժարան, ուրկէ վկայուելով 1975-ին դարձած է լիբանանեան բանակի սպայ:

Բանակին մէջ ծառայած է 38 տարիներ: 2001-ին ստացած է զօրավարի աստիճան:

Մինչեւ 2010 գործած է բանակին մէջ իբրեւ զօրավար` տարբեր պատասխանատու պաշտօններ վարելով:

Հանգստեան կոչուած է դեկտեմբեր 2010-ին:

Զինուորական իր մասնագիտութիւնը եղած է հրասայլերու օգտագործումն ու կառավարումը պատերազմներու ընթացքին: Այս ծիրին մէջ հետեւած է մասնագիտական դասընթացքներու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Եղած է վաշտապետ, իսկ 2005-2010 ժամանակամիջոցին նշանակուած է լիբանանեան բանակի հրամանատարի օգնական:

Յունիս 2011-ին մաս կազմած է Լիբանանի կառավարութեան` իբրեւ պետական նախարար: Ան ստանձնած է զինուորական պարտականութիւններ Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ:

Ան նաեւ եղած է Ազգային երեսփոխան, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ դատաստանական խորհուրդի ատենապետ:

Իր ծառայութեան ընթացքին ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ, որոնցմէ յատկապէս կարելի է յիշել «Վիրաւոր»-ի, «Պատերազմ»-ի եւ «Լիբանանեան Մայրի»-ի շքանշանները:

Ստացած է նաեւ բազմաթիւ շնորհաւորագիրներ:

Զօր. Փանոս Մանճեան տիրապետած է չորս լեզուներու` հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն:

Ամուսնացած էր եւ ունէր երեք զաւակ:

Նախորդը

Թրամփ. «Համաս Չափազանց Կարեւոր Հարցերու Համաձայնեցաւ, Եւ Իրան Մեզի Ուժեղ Ցուցանիշ Տուաւ, Թէ Կազայի Մէջ Համաձայնութիւն Կ՛ուզէ»

Յաջորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Ցաւակցական Գրառումը` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.