Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինֆանթինօ. «Չեմ Կրնար Աշխարհաքաղաքական Հարցեր Լուծել…»

October 6, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ (ՖԻՖԱ) Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտարարեց, որ ՖԻՖԱ-ն չի կրնար լուծել աշխարհի մէջ տեղի ունեցող տագնպները, սակայն կը ձգտի ֆութպոլի միջոցով միաւորել մարդիկը: Ցիւրիխի մէջ կայացած ՖԻՖԱ-յի խորհուրդի նիստին ան ընդգծեց խաղաղութեան եւ միասնականութեան խթանման կարեւորութիւնը, յատկապէս Կազայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակին լոյսին տակ:

«ՖԻՖԱ-ի մէջ մենք կ՛օգտագործենք ֆութպոլի ուժը` միաւորելու մարդիկը այս բաժնուած աշխարհին մէջ: Մենք կը մտածենք բոլոր անոնք մասին, որոնք կը տառապին աշխարհի մէջ ընթացող բազմաթիւ տագնապներէն: Ֆութպոլի ամէնէն կարեւոր ուղերձը խաղաղութիւնն ու միասնականութիւնն է: ՖԻՖԱ-ն չի կրնար լուծել աշխարհաքաղաքական խնդիրները, բայց պատրաստ է տարածել ֆութպոլը` օգտագործելով անոր միաւորող, կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական արժէքները», ըսաւ Ինֆանթինօ:

Իսրայէլեան ազգային խումբերու եւ ակումբներու միջազգային մրցաշարքերէ հեռացման հարցը ՖԻՖԱ-ի խորհուրդի նիստի օրակարգին վրայ չէր եղած:

Սեպտեմբերին «Եու Է.ԷՖ.Ա.» կը նախատեսէր քննարկել իսրայէլեան ակումբներու եւ ազգային խումբերու մասնակցութեան հարցը` Կազայի հատուածին մէջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններուն լոյսին տակ: Սակայն, ըստ զանգուածային լրատուամիջոցներու տուեալներուն, քուէարկութիւն տեղի չէր ունեցած: Տարածուած էր նաեւ տեղեկութիւն, որ իսրայէլեան ակումբներն ու հաւաքականները կրնան հեռացուիլ «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի հովանիին տակ անցած բոլոր մրցաշարքերէն: Բայց բուն պատճառը կրնայ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հաշտութեան առաջարկը, որ ուշացուց որոշման կայացումը:

 

Նախորդը

«Սերի Ա.» Ինթեր Միլան Ինքզինք Կը Վերագտնէ

Յաջորդը

Նիքիթա Սիմոնեան Ռուս-Ուքրանական Ուշադրութեան Կեդրոն

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.