Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանք` Նիկոլ Աղբալեանի Եւ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէութեան Ննջեցեալներուն

October 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական իրականութեան, յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունեցող բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, գրական եւ մշակութային արժէքներու կերտիչ ու պահապան, ազգային-հասարակական ու պետական-քաղաքական ղեկավար գործիչ, 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, կուսակցական անձնուրաց տիպար Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակը վառ պահելու նպատակով,  կիրակի, 28 սեպտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ խումբ մը կուսակցականներ այցելեցին Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուն, ուր կը հանգչի մեծ հայը:

«Ն. Աղբալեան» կոմիտէին անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի շիրիմին վրայ, կատարուեցաւ Տէրունական աղօթք եւ երգուեցաւ «Վէրքերով լի»-ն:

Այնուհետեւ մասնակիցները ուղղուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանք, ուր մատուցուեցաւ հոգեհանգիստ` ի յիշատակ Նիկոլ Աղբալեանին, ինչպէս նաեւ կոմիտէութեան նահատակ եւ մահացած անդամներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունեցած է կոմիտէութեան մէջ:

Ապա ներկաները հաւաքուեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի ամփոփ ձեռնարկ:  Խօսք առաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ մեր պատմութեան մէջ Նիկոլ Աղբալեանի ձգած դրոշմին` շեշտելով կարեւորութիւնը նման դէմքեր մնայուն կերպով յիշելու եւ անոնց փոխանցած ջահը վառ պահելու:

Ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը` նուիրուած Նիկոլ Աղբալեանին եւ անոր ձգած հսկայական ժառանգութեան, տարած բազմաճիւղ գործունէութեան եւ փոխանցած աւանդին: Ներկայացուեցաւ նաեւ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան ամփոփ պատմութիւնը, շեշտուեցաւ, որ Աղբալեանի շունչը կը շարունակէ ապրիլ եւ առաջնորդել կոմիտէին գործունէութիւնը:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Հոկտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Նշմար. Քիմըլ Յաղթական, Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Պարտեա՞լ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.