Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲՈԼՈՐՍ ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ (ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ-ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

March 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի առաւօտ, երբ երկու ընկերներով այցելեցինք անոր` յիշեցնելու մօտեցող վտանգի մասին,  ամենայն պարզութեամբ ըսաւ.

– Ես զինուոր եմ:

Եւ այդպէս վատոգի ձեռքերը յաջորդ առաւօտ զարկին մեր գիւղի ընկ. Զաւէնը, իր վաճառատան մէջ:

25 տարիներ անցած են արդէն, սակայն մեր ժողովուրդի յիշողութիւնը ամուր է եւ պայծառ:

Այսօր ալ մարդիկ կը յիշեն, որ դաւադիր ձեռքերը յաջողեցան ահաբեկել գիւղի ղեկավար ընկերը, սակայն ամէն մարդ գիտէ, որ ընկ. Զաւէնը չէ մեռած. աւելին` չի՛ մեռնիր, որովհետեւ իր գաղափարն ու ոգին կ՛ապրին իր ընկերներուն մէջ, նոր սերունդին մէջ:

Այսօր դարձեալ ժողովուրդը պիտի համախմբուի իր շիրիմին շուրջ, ծաղկեպսակ պիտի զետեղեն երիտասարդները, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի, ապա ժողովուրդը ներկայ պիտի գտնուի նահատակութեան 25-ամեակի յիշատակի հանդիսութեան:

Դարձեալ պիտի յիշենք մեր ընկերոջ կեանքի տարբեր հանգրուանները, իր գործունէութեան տարբեր դաշտերը եւ պիտի փորձենք կազմել իր կենդանի դիմանկարը, որ ազգային է, պայծառ, դաշնակցական, մշակութասէր, ասմունքող, թատերասէր, հայրական…

Ժամանակի թաւալումին հետ կարծես աւելի շեշտուեցաւ ընկ. Զաւէնի նման ղեկավարներու կարեւորութիւնը: Ղեկավար, որ զինուոր է, համեստ զինուոր իր ազգին:

Պէտք չէ մտահան ընել, որ ինք ժառանգորդն էր Մուսա լերան հերոսամարտ կերտած պապերուն եւ անոնցմէ ժառանգած էր քաջութիւն, վճռակամութիւն եւ պայքարելու կամք:

Ժամանակի թաւալումին հետ աւելի պայծառացաւ իր կերպարը, շեշտուեցան հիմնական գիծերը, տիրական մնաց իր ներկայութիւնը:

Այո՛, ան ներկայ է:

Ներկայ է Այնճարի ժողովրդային կեդրոնին մէջ, իր անունով սրահին մէջ, ուր ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն կ՛ընդունի իր բոլոր պաշտօնական հիւրերը:

Ներկայ է սրտերուն մէջ իր բոլոր գաղափարակից ընկերներու, որոնք մեծ ա՜խ մը քաշեցին իր կորուստին հետ:

Ներկայ է Այնճարի պատմութեան մէջ, մանաւանդ դժուար օրերու ընթացքին` որպէս բարձր պատասխանատուութեան տէր ղեկավարի:

Ընկե՛ր Զաւէ՛ն,

Դուն միշտ ներկայ պիտի ըլլաս քու ժողովուրդիդ կեանքին մէջ:

Բոլորս կը խոնարհինք քու յիշատակիդ առջեւ:

 Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Այնճար

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵՐԺԱԾ Է ԻՐԱՆՑԻՆԵՐԸ ԼԻՊԻԱՅԷՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.