Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Խորոց Սրտի Խօսք… «Հապիպ»-ին

September 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Թ.

Վա՜յ, արդէն իսկ մահուան քառասո՞ւնքն է: Այսպէ՜ս ուրեմն, մեր սրտին խօսող` բառացիօրէն մեր սրտին սիրելին` «Հապիպ ալպի»-ն ալ գնաց, կարճ ու կտրուկ` «Հապի՛պ»-ը:

Փոքրերուն համար «Հապիպ ամմօ»-ն էր, իսկ յունահայ ընկերներն ալ «Հապիպիաքի», այսինքն «Սիրելի փոքր Հապիպ» կը կոչէին զինք: Այս բոլորէն ետք, հաւանաբար շատերու համար նուազ ծանօթ պիտի թուի Գէորգ Փափազեան անունը:

Անուան այս տարբերակներուն առնչութեամբ իսկ կ՛արժէ յիշել դրուագ մը: Օր մը զանազան շրջաններէ ժամանած պատանիներ եւ պատասխանատուներ կը հաւաքուին ակումբի մը մէջ, որպէսզի բանակումի մեկնին: Բանակողներն ու պատասխանատուները մէկ առ մէկ կը ժամանեն: Մեկնումին պահը հասած է. պատասխանատուներէն մէկը, որ այդքան ալ ծանօթ չէր միջավայրին, «Հապիպ»-ին մօտենալով` կ՛ըսէ.

– Ընկե՛ր «Հապիպ», մէկ հոգի կը սպասենք: Դեռ չէ հասած:

– Ո՞վ է բացակայողը,- կը հարցնէ «Հապիպ»-ը:

– Գէորգ Փափազեանը…- կ՛ըսէ երիտասարդը` բաւական մտահոգ:

– Է՜… կարծեմ դեռ շա՜տ պիտի սպասենք,- կը պատասխանէ սրամիտ «Հապիպ»-ը:

Եւ ահա ընկեր մը եւս կ՛աւելնայ այն ցանկին, որուն վրայ եղողները գացին, բայց պիտի մնան մեզի հետ: Ան կը կոչուի Գէորգ Փափազեան, պարզապէս` անձնագրի մէջ գրուած անուն մը, որ վերածուած էր «Հապիպ ալպի»-ի եւ ամենայն հարազատութեամբ կը նկարագրէր իր սիրուած եւ բոլորը սիրած ըլլալը:

Խոր ցաւակցութիւններ իր կողակից Աշխէնին, որ առողջութեան վատթարացման ամէնէն դաժան պահերուն խնամեց զինք, նեցուկ կանգնեցաւ եւ բառին բուն իմաստով ՍԻՐՏ տուաւ իրեն: Ցաւակցութիւններ` զաւակներուն, բոլոր հարազատներուն, ազգականներուն եւ բիւրաւոր ընկերներուն:

***

Ինչ որ պիտի արձանագրեմ այս տողերուն մէջ, իւրայատուկ է: Ինք վերէն… պիտի ուզէ, որ այդպէս պատմեմ: Յուզուած ենք բոլորս, բայց ի սէր «Հապիպ»-ին` ժպտինք քիչ մը: Յիշենք մեր հին ու անմոռանալի օրերը, յիշենք, որ իրեն հետ որեւէ հանդիպում անպայման ժպիտով պիտի ծաղկէր…

Յիսուն տարի առաջ էր, 1975-ին, երբ ծանօթացայ «Հապիպ»-ին: Շատեր զինք կը նմանցնէին այդ օրերու հանրածանօթ դերասան Չարլզ Պրոնսընին` իր կլոր դէմքին, ցանցառ պեխերուն եւ մկաններու կոյտին պատճառով, սակայն ինծի համար «Հապիպ»-ը յար եւ նման էր այդ օրերուն մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած` «Տերսու Ուզալա» ժապաւէնի հերոսին (Dersu Uzala, ռուս-ճափոնական անդրանիկ գործակցութիւնը եւ հանրահռչակ ճափոնցի բեմադրիչ Աքիրա Քիւրոսաուայի միակ ոչ ճափոնական ժապաւէնը): Վրաս այնքան մը տպաւորութիւն ձգած էր, որ քանի մը տարի ետք, երբ աւելի բարեկամացանք, համոզեցի, որ անպայման դիտէ այդ հետաքրքրական գործը: Ի վերջոյ դիտեցինք, եւ «Հապիպ»-եան իւրայատուկ ժպիտ մը դէմքին` ան հասկցուց, որ լիովին կը բաժնէր կարծիքս: Նի՞ւթը. 1923-ին ռուս երկրախոյզ Վլատիմիր Արսենիեւի նոյնանուն յուշերն էին եւ անոր ակնածանքը`իր խումբին միացած եւ հեռաւոր Սիպերիոյ խորերը` մանչուրեան տայգայի ծակն ու ծուկը կուլ տուած, ուղեցոյց-որսորդ Տերսու Ուզալային հանդէպ: Տերսու Ուզալան կրցած էր իր պարտականութիւնը լի ու լի կատարել սառնամանիքին, բնութեան դաժան պայմաններուն, վայրենի անասուններուն դէմ լաւագոյնս պայքարին մէջ : «Հապիպ»-ն ալ նոյնն էր: Միշտ լուծում մը ունէր, նոյնիսկ` ամէնէն անել թուացող կացութիւններուն դիմաց:

«Տերսու Ուզալա»-ին դրուագը չերկարենք, բայց հետագային «Հապիպ»-ին մէջ նախանձ մը ստեղծուեցաւ (բարի, մի՛շտ ալ բարի նախանձ, իր նկարագիրին նման), երբ տեղեկացաւ, որ այս ժապաւէնին առաջին տարբերակը պատրաստողը հայրենի բեմադրիչ Աղասի Պապայեանն էր (1921-1995): Պատճա՞ռը… արդեօք ան նեղսրտած էր, որ իրեն չէ՞ր առաջարկուած այդ հմուտ որսորդին դերը: Բա՜յց, «Հապի՛պ» ջան, Պապայեան 1961-ին պատրաստած էր այդ ժապաւէնը, երբ դուն դեռ 10 գարուններ իսկ չէիր բոլորած:

***

Ո՞վ չէ վայելած «Հապիպ»-ին կսմիթը, եւ այդ ալ` ի՜նչ կսմիթ: Նոյնիսկ Շարլ Ազնաւուրը պատիւը ունեցած է «ճաշակելու» մեր «Հապիպ»-ին մատները: Բութամատ, ցուցամատ եւ միջնեմատ միասնաբար գործի լծելով, բառին բուն իմաստով ան կը ցաւցնէր մեզ. այտ, թուշ ու դէմք… լաւ մը «ճիմ-ճիկ» կը ստանային եւ երկար ժամանակ կը մնային կարմրած կամ «խանծուած»: Սակայն գիտէր նաեւ, թէ որո՛նք պէտք է «զրկուէին» այդ պատիւէն: Հոն, աղուոր պաչիկ մը կը փոխարինէր կսմիթին գործը: Այդպէս չէ՞, «Հապիպ»:

Մանրամասնենք Ազնաւուրի կսմիթին դրուագը: 1977-ի ամառն էր: Լիբանանի պատերազմը (կամ պատերազմներու շարքը) այդ ամառ քանի մը ամիս արձակուրդի մէջ էր, եւ Ազնաւուր Լիբանան ժամանած էր ելոյթ ունենալու: Այդ առթիւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը զինք հրաւիրած էր քաղաքի Քանթարի թաղամասին մէջ նոր ձեռք բերուած «Արա Երեւանեան» ակումբը: Հոն էր նաեւ «Հապիպ»-ը, որուն մօտիկ ընկերներ «խելքին հետ խաղցած» էին` ըսելով.

Դուն, որ մեր բոլորը կսմթած ես, մա՛րդ ես նէ, գնա՛ եւ Ազնաւո՛ւրը կսմթէ…

Է՜հ, ամօթ ըրի՛ր… «Հապիպ» եղիր եւ դիմացիր: Իրեն համար նման մարտահրաւէր կենաց-մահու հարց էր: Իրեն համար ամէն բան կարելի էր… Désormais, այսուհետեւ (Ազնաւուրի ծանօթ գործերէն) «Հապիպ»-ը չվարանեցաւ եւ ահաւասիկ Emmenez-moi (այլ հանրածանօթ երգ մը)… իւրայատուկ կսմիթով մը հանրահռչակ երգիչը, տարբեր պայմաններու տակ, տարաւ տարբեր աշխարհի մը ծայրը կամ հրաշքներու երկիր մը:

***

Անկասկած պէտք է քանի մը տող յատկացնել «Հապիպ»-ին ինքնաշարժներուն: Այո՛… Իւրայատուկ էին իր ինքնաշարժները: Ոչ միայն անխնայ կը քշէր եւ կը վարուէր անոնց հետ, այլեւ ընդհանրապէս զանոնք անխնայ գործածած այլ անձերէ կը գնէր ինքնաշարժը: Ա՛լ ձեզի կը մնայ եզրակացնել, թէ ի՞նչ պայմաններու տակ կարելի պիտի ըլլար ընկերակցիլ «Հապիպ»-ին: Միշտ ալ օգնական շարժավարի մը կարիքը կար, որուն պարտականութիւնը երբեմն շատ աւելի դժուար էր եւ «Տերսու Ուզալա»-ական, քան նոյնինքն շարժավարին պարտականութիւնը: Կէս գիշերներուն, լոյսը խանգարուած ըլլալուն, քովը նստողը պիտի ստիպուէր գործածել ձեռքի ելեկտրական լամբը` ուղեցոյց ըլլալու համար ինքնաշարժին: Հետաքրքրականը այն էր, որ ինքնաշարժներն ալ կա՛մ շատ չէին դիմանար, կա՛մ ալ իրենք կ՛ուզէին ձերբազատիլ տիրոջմէն:

Շարքը երկար է. նախ կար 50-ականներու «խուրտա» (իր բառերով) «Փեժօ» մը, թուական դրութեամբ «Ռընօ»-ներու շարք մը, «Մերսետէս» մը, որուն վաճառանիշին միակ փաստը հռչակաւոր նշանակն էր, «Օփել» մը, որ արտադրող գործարանն անգամ պիտի տարակուսէր, թէ ո՛ր տեսակն է, կամ թէ արդեօք իսկապէս «Օփե՞լ» էր: Կար նաեւ գունաթափուած, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` տժգունած ծիածան յիշեցնող, բաց կանաչաւուն, իր բացատրութեամբ, «իջիր` իջնեմ», այսինքն երկու դուռով մկնիկ «Վոլքսվակըն» մը եւ այլն:

Լիբանանի պատերազմը անխնայ եղաւ նաե՛ւ «Հապիպ»ին ինքնաշարժներուն: Ան իր երկու ինքնաշարժները դիտմամբ իրարմէ հեռու կը շարէր, որպէսզի փորձանքի մը պարագային, իր բառերով` մեծաքանակ անբախտ չըլլար: Օր մըն ալ` իր ապրած թաղերուն վրայ քանի մը ռումբ… ու անոնցմէ երկուքը կարծէք թէ դիտմամբ թիրախ ընտրած էին եւ քար ու քանդ ըրած` իրարմէ հեռու շարուած իր երկու ինքնաշարժները:

Պատմական էր «Հապիպ»-ի հնամաշ, «խուրտա», կապոյտ «Փեժօ 203» մակնիշով ինքնաշարժը: Առջեւի դռները, եթէ անշուշտ կարելի ըլլար բանալ, «Պորսալինօ»-ի նման կը գործէին. ըստ «Հապիպ»-ի բառամթերքին, «ակայական» դռներ էին, ինքնաշարժն ալ` ակամայ «ակայական»: Կապոյտին հետ հետզհետէ սկսած էր խառնուիլ ժանգի սրճագոյնը, իսկ առջեւը` շարժավարին մօտ նստողը դատապարտուած էր ոտքերը վեր բռնելու, որովհետեւ այդ ինքնաշարժը զարմանալիօրէն թէ՛ վերի եւ թէ՛ վարի մասէն` յատակէն բաց էր (convertible, décapotable):

Յիշատակելի էր «Հապիպ»-ի վիթխարի «Օլտզմոպիլ 88»-ը: Համեմատաբար փոքրահասակ «Հապիպ» կորսուած կը թուէր ըլլալ անհեթեթ լայնատարածութեան մէջ: Հեռուէն յայտնի չէր, թէ շարժավար մը նստա՞ծ էր ղեկին, թէ՞ ինքնագործ կը յառաջանար այդ հրէշը: Հանգիստ 7-8 հոգի կը բաւէր այդ շրջուն «տնակ»-ին մէջ: Օր մըն ալ, երբ Թապարիսի Ռինկի ճամբէն Արեւմտեան Պէյրութէն արեւելեան կողմը կ՛ուղղուէինք, շրջանին անծանօթ ընկեր մը հարցուց, թէ ո՞ւր էինք:

– Առջեւը նստողները արեւելեան շրջան հասած են, իսկ ետեւը նստողները դեռ արեւմտեան շրջան են,- պատասխանեց սրամիտ «Հապիպ»-ը… Եւ այդ բացատրականը յաճախ կը կրկնուէր, երբ ճամբորդ մը հարցնէր այդ «ո՞ւր ենք»-ը, այդ վիթխարիին մէջ:

***

Օր մըն ալ, այս անգամ` Լոս Անճելըսի մէջ, մրգեղէն փոխադրող իր եզակի «վան»-ով «Հապիպ»-ին հետ Կլենտէյլէն պիտի երթայինք Հոլիվուտ… Է՜հ, ինչ ըսեմ: Խճողումէն կը սարսափէր ան եւ կը փորձէր ամէն գնով խոյս տալ … Եւ յանկարծ նկատեց, որ գերեզմանատան մուտքի ճամբան դատարկ էր, եւ «Հապիպ» պիտի ըլլաս… Ահաւասիկ մուտք` լայնատարած գերեզմանատունը, որ ըստ «Հապիպ»-ին, վստահաբար քանի մը մուտք ունենալու էր, եւ միջոցը պիտի ունենայինք կրճատելու ճամբան ու, այսպէս կոչուած, shortcut մը ընել: Եւ ի՜նչ shortcut: Ձախ ու աջ, հիւսիս ու հարաւ, արեւելք եւ արեւմուտք… թէեւ «Տերսու Ուզալա»-ի սիպերիական տայգայէն աւելի փոքր էր այդ լայնատարած «ննջարան»-ը, սակայն` ո՛չ մէկ արդիւնք: Ի դէպ, մեր կողքին, այդ հողաշերտին վրայ քանի մը հոգի ալ ողջ էին եւ եկած էին յարգելու ննջեցեալ հարազատներու յիշատակը: Դեռ աւելին, մեր «վան»-ը նկատելով` կարծեցին թէ գերեզմանատան պաշտօնեաներն ենք, եւ սկսան հարցումներ ուղղել:

Չերկարեմ… Ի վերջոյ գերեզմանատունէն դուրս բերող ճամբան` ելքը գտանք, որ դժբախտաբար մեզ նոյն տեղը բերած մուտքն էր: Ահաւասիկ` Պարոնեանի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ»-ը, այն տարբերութեամբ, որ պտտած էինք Կլենտէյլի գերեզմանատան մէջ եւ` գրեթէ կէս ժամ մը ուշացած:

***

Նկարագրով կը թուէր կոշտ, մերթ ընդ մերթ ալ ջղային, բայց վեհանձն, քաղցր եւ մաքրամաքուր տղայ էր «Հապիպ»-ը: Մութ հաշիւներ չունէր: Ռուբէնի յուշերէն պատառիկ մը գողնալով եւ արդիականացնելով, հակառակ իր ցանցառ պեխերուն, ան նկարագրով «Նէօ Փալապեխ Կարապետ» մըն էր:

Այո՛, այս էր մեր սիրելի «Հապիպ»-ը, հեռու` ստախօսութիւնէ, զեղծարարութենէ, ափեղ-ցփեղ ձաբռտուքէ եւ «պլըֆիզմ»-է:

Լիբանան, ապա Եմէն (ՄԱԿ-ի հետ), վերստին Լիբանան եւ ի վերջոյ` Լոս Անճելըս… Ո՛չ մէկ գիծ փոխուած էր «Հապիպ»-ի նկարագրէն: Վարուելակերպ, կսմիթ, խօսակցութիւն եւ նոյնիսկ` իր վարած ինքնաշարժները: Միեւնոյն ընկերային տիպարն էր մեր բոլորին սիրելին` «Հապպուպ Հապիպ»-ը:

Քանի մը տարի առաջ ունեցաւ առողջական լուրջ խնդիրներ, բայց հրաշքի համազօր բարդ վիրաբուժութեան մը շնորհիւ, փրկուեցաւ եւ շարունակեց «հապիպութիւնները»: Վերջին ամիսներուն գերյոգնած էր, մարմինը տկարացած, պեխերու ետին իւրայատուկ եւ քիչ մը թաքուն ժպիտը հետզհետէ սկսած էր «տժգունիլ». ընդհանրապէս մտածկոտ, կարծես մարմինը ուշ կը հրահանգէր: Ուշ կ՛արտայայտուէր եւ նոյնիսկ քնքուշ ժպիտը յապաղումով եւ յապաւումով կը դրոշմուէր դէմքին վրայ: Սովորաբար կը կատակէր` ըսելով, որ իր «խողովակներն ալ լաւ չէին գործեր»:

«Հապիպ»-ը մեր բոլորին սրտին խօսուն բլթակն էր:

Գոյժը շշմեցնող էր. աշխարհի չորս ծագերէն կայծակնային ցաւակցականներ տեղացին… Լատին Ամերիկայէն մինչեւ հեռաւոր Չինաստան:

«Հապի՛պ», ընկեր, կարիք չկայ ի խորոց սրտի անդրշիրիմեան քարոզներու, փաղաքշական չափազանցութիւններու եւ փայփայիչ խօսքերու: Վստահաբար ձեռքիդ գործը պիտի տեսնես, վրայի հողդ ալ շուտով թեթեւցնես եւ հոն… վերն ալ կսմթես աջ ու ձախ, ծանօթ, թէ անծանօթ: Բայց մէկ բան ըսեմ, ընկե՛ր, բացակայութիւնդ գերզգալի պիտի ըլլայ: Ճար չունինք եւ պիտի փորձենք զիրար մխիթարել` մտածելով, որ քեզմէ ունինք աղուոր յիշատակներու գանձ մը:

«Հապիպ ալպի՛», կը կրկնեմ, դժուար է քեզի պէս թանկագին ընկեր մը կորսնցնելը:

 

 

Նախորդը

Արարատը Պետական Կնիքէն Ջնջելը Խաղաղութիւն Չի Բերեր. Զայն Ջնջելով` Մենք Զմեզ Կը Ջնջենք

Յաջորդը

Ընդդէմ Միակուսակցական Կառավարման

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.